ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾԻՆԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵՑ ԱՂԹԱՄԱՐԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս ընծայեց «Աղթամարի Կաթողիկոսութեան պատմութիւն» գիրքը։ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» շարքի հերթական մենագրութիւնն է այս մէկը, որ հրատարակուած է աշխատասիրութեամբ պատմաբան Տքթ. Վրէժ Վարդանեանի։ Այս մենագրութիւնը կ՚ընդգրկէ Աղթամարի Կաթողիկոսութեան պատմութիւնը՝ 1113 թուականի հիմնադրութենէն մինչեւ 1895 թուականը։

Աղթամարի Կաղթողիկոսութիւնը, որու պատմութեան լուսաբանումը անհրաժեշտ է Հայ Եկեղեցւոյ անցեալի համակողմանի ուսումնասիրութեան համար, իր ուրոյն տեղն ու դերը ունեցած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ բազմադարեան պատմութեան մէջ։ Հեղինակը հանգամանօրէն ներկայացուցած է Աթոռի պատմութիւնը ըստ Աղթամարի կաթողիկոսներու գահակալութեան ժամանակաշրջաններուն։

Գիրքը հրատարակուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

Երկուշաբթի, Յունիս 19, 2017