ՅՈՒՇԱՆՈՒԷՐ՝ ԿԱՐՊԻՍ ՊԱԼՄՈՒՄՃԵԱՆԻՆ

Պէ­շիկ­թա­շի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ան­ցեալ Ուր­բաթ Ա­րե­ւա­գա­լի ա­րա­րո­ղու­թեան նա­խա­գա­հեց եւ քա­րո­զեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Սար­գիս Ա. Քհնյ. Գու­յում­ճեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ե­րա­ժիշտ Էտ­վին Սրկ. Կա­լի­պօղ­լուի։ Ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Խա­չա­հան­գիս­տով։

Ժա­մեր­գու­թեան յա­ջոր­դեց յա­րա­կից «Պա­լեան» սրա­հին մէջ սար­քուած սի­րոյ սե­ղա­նը։ Ներ­կայ էին նաեւ տեղ­ւոյն թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տը՝ Հա­յա­զատ Կա­զէ­րօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը։ Ե­լոյթ մը ու­նե­ցաւ Ար­ման Սրկ. Մա­րաշ­լեան, որ բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տուաւ Պէ­շիկ­թա­շի ե­կե­ղե­ցիէն ներս ծա­ւա­լուած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

Յա­նուն թա­ղա­յին խոր­հուր­դին եւ Նա­րե­կա­ցի Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին, Նո­րին Սրբազ­նու­թեան ձե­ռամբ յու­շա­նուէր մը յանձ­նուե­ցաւ Կար­պիս Պալ­մում­ճեա­նի, որ Պէ­շիկ­թա­շի ըն­տա­նի­քին մեծ ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցած է՝ ամ­բողջ 25 տա­րի վա­րե­լով տեղւոյն երգ­չա­խում­բը։ Այս առ­թիւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեանն ալ բարձր գնա­հա­տեց Կար­պիս Պալ­մում­ճեա­նը։

Երկուշաբթի, Մարտ 23, 2015