ԿՐԵՏԷ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Յունաստանի Կրետէ կղզիին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու նաեւ Ս. Գրոց միացեալ ընկերակցութեան հանդիպումը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով՝ սա մշտական յանձնախումբի մը ժողովն էր, որու այս անգամուան աշխատանքը տեւեց երեք օր։ Քննարկումները կեդրոնացան Աստուածաշունչի թարգմանութեան ու տարածման կարելիութիւններուն վրայ։

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներն ալ մասնակցեցան այս հաւաքին։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ հաւաքին ներկայ գտնուեցաւ Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, որ կը ղեկավարէ Ս. Գրոց ընկերութեան Հայաստանի մասնաճիւղը։ Ներկայ էր նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Տ. Կոմիտաս Արք. Յովհաննէսեան։

Այս յանձնաժողովը գործունէութիւնը յառաջ կը տանի՝ միշտ ընդգծելով Ուղղափառ եւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու, ինչպէս նաեւ Ս. Գրոց միացեալ ընկերութեան համագործակցութեան կարեւորութիւնը։

Միւս կողմէ, Կրետէի այս ժողովին մասնակցեցաւ նաեւ մեր համայնքէն Թամար Քարասու, որ տնօրէնուհին է Ս. Գրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 4, 2017