ՄԵՐԻ ՄՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ՄԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՔԱՂԱՔԻՍ ՄԷՋ
Տաղանդաշատ արուեստագէտ Մերի Մուն (Հայաստան) այս օրերուն կը մասնակցի «Մամութ արթ փրոճեքթ 2015» հեղինակաւոր ցուցահանդէսին, որ կը կայանայ «Աքքէօք հոլտինկ»ի հովանաւորութեամբ։
Երրորդ անգամ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը նպատակ ունի արուեստասէր ընտրանիին հասանելի դարձնել բարձրորակ արուեստ մը։ Դատակազմի մը ընտրութեամբ կ՚ընտրուին ցուցանմոյշները, որոնց հեղինակները կը հրաւիրուին ուղղակիօրէն կապ հաստատելու արուեստասէրներուն հետ։ Այս տարուան շուրջ վաթսուն արուեստագէտներու կարգին կը գտնուի նաեւ Հայաստանէն Մերի Մուն, որ վերջին տարիներուն իր աշխատանքները կը շարունակէ քաղաքիս մէջ՝ արժանանալով ջերմ համակրանքի ու գնահատանքի։ Ընտրանի հասարակութեան մը ներկայութիւնը կը վայելէր երէկուան բացման հանդիսութիւնը, որուն մեծ հետաքրքրութիւն մը ցուցաբերեցին նաեւ մամլոյ սպասաւորները։ Հարկ է նշել, որ կազմակերպիչներու շարքին կային նաեւ մեր համայնքէն Սէրտա Արսլան եւ Աննա Թուրայ։
Մերի Մուն աւարտած է «Փանոս Թերլեմեզեան» ուսումնարանն ու Հայաստանի Պետական գեղարուեստից ակադեմիան՝ հիւրաբար հետեւելով նաեւ Քասելի (Գերմանիա) ակադեմիոյ դասընթացքներուն։ Ան մասնակցած է ազգային ու միջազգային բազմաթիւ ցուցահանդէսներու, իր գործերը ներկայացնելով անհատական ու հաւաքական ցուցահանդէսներով։
Մաչքայի «Քիւչիւքջիֆթլիք փարք»ին մէջ կայացող այս ցուցահանդէսը բաց է մինչեւ Մարտի 29-ը։