ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի եւ Հարաւային Կովկասի Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Մարքուս Շոխը։ Նորին Սրբութիւնը ողջունեց եպիսկոպոս Շոխը՝ արդիւնաւէտ գործունէութիւն մաղթելով անոր նոր հանգամանքին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ կապերուն եւ գործակցութեան միջեկեղեցական կազմակերպութիւններու հարթակներուն վրայ կամ զանազան ընկերային ու կրթական ծրագրերու շրջանակներէն ներս։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը գոհունակութիւն յայտնեց նաեւ Վիրահայոց Թեմի եւ Աւետարանական-Լուտերական եկեղեցւոյ միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութեան առթիւ։
Եպիսկոպոս Շոխ զրոյցի ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար։ Ան յայտնեց, որ առաջին անգամ կ՚այցելէ Հայաստան, սակայն Երուսաղէմի մէջ իր ուսումնառութեան տարիներուն առիթը ունեցած է ծանօթանալու Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան ժառանգութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմութեան։ Ան Նորին Սրբութեան տեղեկութիւններ փոխանցեց տարածքաշրջանէ ներս իր առաքելութեան վերաբերեալ։
Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան։