ԱՄԱՆՈՐԻ ԿԷՍ ԳԻՇԵՐԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆՌՆՕՐՀՆԷՔ

Ամանորի կէս գիշերին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի պիտի ունենան աւանդական արարողութիւններ։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, 31 Դեկտեմբերին, ժամը 24.00-ին, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին եւ Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պիտի կատարուի գոհաբանական մաղթանք, որուն պիտի յաջորդէ Նռնօրհնէքի արարողութիւն։

Նռնօրհնէքի նուռը այս տարի Մայր Տաճարին ընծայուած է Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ։ 

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 27, 2017