ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ յանձնախումբը այս օրերուն իր հերթական՝ 15-րդ հանդիպումը կ՚իրականացնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Յանձնախումբի ժողովները վաղը պիտի հասնին իրենց աւարտին։ Մինչ այդ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան միացեալ յանձնախումբի անդամները։ Զանազան երկիրներէ ժամանած շուրջ երեսուն մասնակիցները վերջին օրերուն քննարկեցին եկեղեցաբանութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր՝ կեդրոնանալով ըստ էութեան ապաշխարութեան, ձեռնադրութեան եւ հիւանդաց օծման խորհուրդներուն վրայ։
Երէկուան հանդիպման ընթացքին, սոյն յանձնախումբի անդամներէն Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց յանձնախումբի համանախագահներն ու անդամները։ Յանուն յանձնախումբին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունեցին եւ աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Վատիկանէն՝ Քրիստոնէական միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Քուրտ Քոհ եւ Գահիրէի Ղպտի ուսումնասիրութիւններու կաճառի տնօրէն Մետրապոլիտ Անպա Պիշոյ (Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցի)։ Այս վերջինները նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան կողմէ ցուցաբերուած ջերմ հիւրընկալութեան համար։
Այնուհետեւ Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց իր հայրապետական օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց յանձնախումբի հերթական ժողովի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ գումարուիլը։ Ան ընդգծեց, որ Սուրբ Էջմիածինը պատրաստակամ է մշտապէս հիւրընկալելու քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները։
Վեհափառ Հայրապետը, անդրադառնալով Արեւելեան ուղղափառ եւ կաթոլիկ երկխօսութեան շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումներուն եւ քննարկումներուն՝ կարեւոր նկատեց նաեւ երկխօսութիւնները, որոնք վեր կը հանեն եկեղեցիներու միջեւ ինչպէս ընդհանրութիւնները, այնպէս եւ աստուածաբանական եւ եկեղեցաբանական ընկալումներու մէջ առկայ տարբերութիւնները։ Ըստ իրեն, երկխօսութիւնները կը նպաստեն եկեղեցիներու միջեւ փոխադարձ ճանաչման, եղբայրական յարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ ընդհանուր վկայութեան։
Աւելի վերջ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց եկեղեցիներու գործակցութեան եւ ջանքերու մէկտեղման անհրաժեշտութիւնը մարդկութեան առջեւ ծառացած արդի մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղութեամբ։ Այս կապակցութեամբ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր մտահոգութիւնը արտայայտեց աշխարհիկացման գործընթացներու հետեւանքով հասարակական կեանքէ ներս արձանագրուող հոգեւոր-բարոյական արժէքներու նահանջի եւ խեղաթիւրման վերաբերեալ, ինչ որ հիմնական պատճառն ու շարժառիթը կը դառնայ այսօր աշխարհի վրայ տեղ գտնող ողբերգութիւններու եւ կորստաբեր երեւոյթներու։
Մասնաւորապէս անդրադառնալով Մերձաւոր Արեւելքէ ներս քրիստոնեաներու ծանր վիճակին՝ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց եկեղեցիներու միասնական հետեւողական ջանքերը ի պաշտպանութիւն քրիստոնէական համայնքներու իրաւունքներու եւ տարածքաշրջանէ ներս քրիստոնէական ներկայութեան՝ աղօթք վերառաքելով նահատակներու համար, որոնք ծայրայեղականներու եւ ահաբեկչական միաւորումներու բռնարարքներու զոհ դարձած են։
Վերջաւորութեան, բարի ընթացք մաղթելով յանձնախումբի աշխատանքներուն, Ամենայն Հայոց Հայրապետը եղբայրական իր ջերմ ողջոյնները փոխանցեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն, աղօթքն ու օրհնութիւնը՝ հոգեւոր դասուն եւ հաւատացեալներուն։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց, որ Աստուած զօրացնէ սէրն ու գործակցութիւնը եկեղեցիներու միջեւ եւ արդիւնաւորէ անոնց առաքելութիւնը ազգերու եւ ժողովուրդներու խաղաղ գոյակցութեան համար։
Հանդիպումը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի «Պահպանիչ» աղօթքով։
Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած այս միջեկեղեցական հաւաքին կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեան։