ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ աւանդական շուքով նշեց Սրբոց Վարդանանց յիշատակի մեծ տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Ս. Վարդանանց տօնին օրը կը նշուի նաեւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անուանակոչութիւնը։

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Սրբոց Վարդանանց տօնակատարութիւններուն նախագահեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Մայր Տաճարի մէջ պատարագեց Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Սրբազան արարողութեան ներկայ գտնուեցան Ս. Էջմիածնի միաբաններ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներ եւ բազմաթիւ ուխտաւորներ։

Այս տարուան Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւնները ունէին առանձնայատուկ եւ արտասովոր նշանակութիւն։ Արդարեւ, Ս. Պատարագի ընթացքին հանդիսաւորապէս հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ ու պատմական կոնդակը՝ ձօնուած Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։ Նորին Սրբութիւնը կոնդակին մէջ դիպուկ արտայայտութիւններով արժեւորած է այս յոբելեանին նշանակութիւնը եւ իմաստը։ Երէկուան տօնակատարութիւններուն ընթացքին Հայրապետական սրբատառ կոնդակը ընթերցեց պատարագիչ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան։

Նորին Սրբութեան անուանակոչութեան տօնին առթիւ, յաւարտ Ս. Պատարագի միածնաէջ Ս. Սեղանին առջեւ երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայրապետական մաղթանք, որուն հանդիսապետեց Մայր Աթոռի երիցագոյն միաբաններէն Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեան։ Այս առթիւ միասնական աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան անսասանութեան ու պայծառութեան եւ Ս. Թադէոս առաքեալի աթոռի գահակալ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետի կենաց արեւշատութեան ու արգասաբեր հովուապետութեան համար։

Միւս կողմէ, Ս. Վարդանանց տօնին առթիւ երէկ մայրավանքէն ներս, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի հանդիսութիւններու սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ նաեւ մասնաւոր հանդիսութիւն մը։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան Սուրբ Էջմիածնի միաբաններ, Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի սաներ եւ Հայաստանի զանազան կրթական հաստատութիւններէն եւ համալսարաններէն ուսանողներ։

Ուրբաթ, Փետրուար 9, 2018