«ՊԻՒԼՈՒՔԵԱՆ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Պիւլուքեան» հիմնադրամի (Ֆրանսա) անդամները։ Հիւրերու խումբը գլխաւորեց հիմնադրամի նախագահ Ժան-Փիէռ Քլավրա։

Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց հիմնադրամի անդամներու ճանաչողական այցելութիւնը՝ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան գնահատանքով անդրադարձաւ հիմնադրամի գործունէութեան եւ մասնաւորապէս առողջապահութեան ոլորտէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի համար ցուցաբերուող զօրակցութեան։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան հիմնադրամի կառավարիչներուն ու բարեկամներուն ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայ առաքելութիւնը՝ առանձնացնելով Հայ Եկեղեցւոյ ծրագրերը ընկերային եւ կրթական բնագաւառներու մէջ։ Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ անդրադարձ կատարեց քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հոգեւորականներու պատրաստութեան վերաբերեալ խնդիրներու։

Ժան-Փիէռ Քլավրա այս ընդունելութեան համար երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան։ Ան կարեւորեց հանդիպումը եւ ներկայացուց Հայաստան այցելութենէն ունեցած տպաւորութիւնները։ Ժան-Փիէռ Քլավրա նշեց, որ քաջատեղեակ են, թէ որքան ջանք կը ներդրուի եկեղեցւոյ առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման համար։ Իր խօսքերով՝ իրենց այցելութիւնը պիտի նպաստէ հիմնադրամի կողմէ իրագործուելիք ծրագրերու առաւել արդիւնաւէտ իրականացման։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փոխ-դիւանապետ Տ. Պարթեւ Վարդապետ Բարսեղեան։ 

Երեքշաբթի, Մայիս 8, 2018