Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ յառաջիկայ օրերուն տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գիտաժողով մը։ «Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ ու հոգեւորականութեան դերակատարութիւնը հայոց պետականութեան կայացման գործին մէջ (1918-2018)» խորագրեալ այս գիտաժողովը կազմակերպուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի եւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ 22 Մայիսին, մայրավանքի համալիրէն ներս, վերոյիշեալ մատենադարանի երդիքին տակ։
Գիտաժողովի ընթացքին ներկայացուելիք զեկուցումները պիտի հրատարակուին «Էջմիածին» ամսագրին մէջ եւ առանձին ժողովածոյով։
Չորեքշաբթի, Մայիս 16, 2018