ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ֆրանսահայ ուխտաւորներ։ Մայրավանքէ ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիպումը։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը ստացան Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ ուխտաւորները, Իսի-լէ-Մուլինօ արուարձանի Ս. Մարիամ Աստուածածին հայկական եկեղեցւոյ յարակից գործող «Արարատ» պարախումբի եւ ծխական վարչութեան անդամները։ Ուխտաւորներուն ուղեկցեցան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեան եւ թեմի շարք մը հոգեւոր սպասաւորներ։ Այս այցելութիւնը կազմակերպուած էր՝ քանի որ ներկայ 2018 թուականը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Երիտասարդութեան տարի։

Ողջունելով ֆրանսահայ ուխտաւորները՝ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ մատնանշեց, թէ անոնց այցելութիւնը կը զուգադիպի Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց հայ ինքնութեան ու մայրենիի պահպանութեան ուղղեալ ծրագրերը։ Ան յորդորեց ֆրանսահայերուն՝ իրենց զաւակները կրթել ու դաստիարակել հայեցի ոգիով, նախնեաց սուրբ հաւատով, ինչ որ հայու գոյութեան գրաւականն է։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը մասնաւոր գնահատանքի առարկայ դարձուց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննէսեանն ու թեմի հոգեւորականները, որոնք անձնդիր ու նուիրեալ ծառայութիւն կը մատուցեն։ Նորին Սրբութիւնը մաղթեց ուժ, կորով եւ Ս. Հոգւոյ առաջնորդութիւն՝ անոնց սրբազան առաքելութեան մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց «Արարատ» պարախումբի անդամներուն, որոնք ոգեշնչող ելոյթով մը հանդէս եկան։

Հանդիպման ներկայ էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի փոխ-դիւանապետ Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան։

Շաբաթ, Օգոստոս 4, 2018