ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՐԻՒՆԱԲԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԻ ՄԱՆՈՒԿՆԵՐՈՒՆ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այցելեց Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան «Եոլեան» արիւնաբանական կեդրոնը։ Վեհափառ Հայրապետին հետ էր «Սիթի օֆ սմայլ» բարեգործական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Աննա Յակոբեան։ Արիւնաբանական կեդրոնի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորեցին տնօրէնի պաշտօնակատար Տքթ. Սամուէլ Դանիէլեան, «Սիթի օֆ սմայլ» հիմնադրամի խորհուրդէ ներս Հայ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ, Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, կեդրոնի բժշկական ղեկավար կազմը եւ այցելու հովիւ Տ. Առնակ Քհնյ. Յարութիւնեան։

Նորին Սրբութիւնը եւ Հայաստանի վարչապետի տիկինը այցելեցին կեդրոնի մանկական բաժանմունքը, ուր բուժում կը ստանան 16 մանուկներ եւ պատանիներ։ Իր օրհնութիւնը եւ շուտափոյթ ապաքինման մաղթանքները փոխանցելով երեխաներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը անոնց ընծայեց մանկական Աստուածաշունչեր եւ մանրանկարներով զարդարուած խաչեր։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին կողմէ այս այցելութեան առթիւ անոնց ընտանիքներուն ալ ցուցաբերուեցաւ նիւթական աջակցութիւն։

Նորին Սրբութիւնը եւ Աննա Յակոբեան զրոյց ունեցան կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ բժիշկներուն հետ։ Մասնագիտական այս հիւանդանոցի տնօրէնութիւնը տեղեկութիւններ փոխանցեց կեդրոնի գործունէութեան, առկայ մարտահրաւէրներուն եւ ապագայ ծրագրերուն վերաբերեալ։

Վեհափառ Հայրապետը բարձր գնահատեց կեդրոնի բժշկական անձնակազմի դժուարին ծառայութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը կարեւորեց նաեւ մանկական քաղցկեղային հիւանդութիւններու բուժման ու կանխարգիլման նպաստելու կոչուած նախաձեռնութիւնները՝ վստահեցնելով, որ հայոց եկեղեցին պիտի շարունակէ պարբերաբար աջակցիլ եւ զօրակցիլ նման ծրագրերուն՝ օգնելու համար երեխաներուն վերադարձնել իրենց ժպիտն ու հոգւոյ ուրախութիւնը եւ ապահովելու անոնց համար անվրդով եւ երջանիկ մանկութիւն։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 4, 2018