ՀԱՄԱՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՕՐԱԿԱՐԳ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոն, որ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան Երեւանի գագաթաժողովի աւարտին պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։ Հիւր վարչապետին ընկերացաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։ Հանդիպման ներկայ էին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, Գանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան եւ թեմական խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հիւր վարչապետի ընկերակից պատուիրակութենէն անդամներ։

Հանդիպման սկիզբին Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Գանատայի վարչապետի առաջին պաշտօնական այցը Հայաստան՝ յոյս յայտնելով, թէ սա աւելի պիտի խթանէ երկկողմանի յարաբերութիւնները ու պիտի նպաստէ հայ-գանատական գործակցութեան առաւել ընդլայնման ու ամրապնդման։

Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 17-րդ գագաթաժողովի Հայաստանի մէջ բարեյաջող կազմակերպումը առիթ դարձաւ զանազան երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու խորացման, նոր կապերու եւ գործակցութեան հաստատման։ Նորին Սրբութեան խօսքով, գագաթաժողովը հնարաւորութիւն ընձեռեց՝ որպէսզի կազմակերպութեան անդամ երկիրները ճանչնան հայ ժողովուրդը, հաղորդ դառնան անոր իղձերուն, Հայաստանի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։

Նորին Սրբութիւնը հիւր վարչապետին ներկայացուց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Ան ընդգծեց, որ Հայոց Եկեղեցին հայ ժողովուրդի հետ միասին դիմագրաւած է դարերու դժուարութիւններն ու փորձութիւնները, կրած նոյն տառապանքներն ու զրկանքները, ապրած է անոր իղձերով ու տեսիլքներով։ Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս անդրադարձաւ ցեղասպանութեան եւ խորհրդային տարիներու հետեւանքով Հայոց Եկեղեցւոյ կրած կորուստներուն ու ներկայիս եկեղեցւոյ կողմէ զանազան ոլորտներէ ներս ձեռնարկուած գործունէութեան։ Ան վստահութիւն յայտնեց, թէ նոր իրողութեան պայմաններու ներքեւ Հայոց Եկեղեցին պիտի կարողանայ առաւել մեծ չափով շարունակել իր առաքելութիւնը իրականացնել հայ ժողովուրդի հոգեւոր վերազարթօնքի կերտման ու միասնականութեան ամրապնդման ուղղութեամբ։

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով արձագանգեց այն ջերմ վերաբերմունքին, որ Գանատայի իշխանութիւններուն կողմէ մշտապէս կը ցուցաբերուի երկրի հայ համայնքին ու անոր ազգային-հոգեւոր կեանքին նկատմամբ։ Այս առումով Նորին Սրբութիւնը նկատեց, որ Գանատայի հայ համայնքը գեղեցիկ կամուրջ մըն է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու զօրացման եւ զարգացման համար։

Իր կարգին, Ճասթին Թրիւտոն ալ ուրախութիւն յայտնեց այս հանդիպման կապակցութեամբ։ Ան ընդգծեց, որ երեք տասնամեակ անց վերստին Հայաստան այցելելը հաճոյք մըն է իր տեսակէտէ։ Թրիւտօ միեւնոյն ժամանակ մեծ պատիւ համարեց՝ հայոց հոգեւոր կեդրոնէն ներս հիւրընկալուիլը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու միջեւ կապերու խորացման նպաստելը։ Հիւր վարչապետը խօսեցաւ Գանատայի մէջ ապաստան գտած հայ համայնքի մասին։ Ան մասնաւորապէս նշեց, որ Գանատա պէտք է շնորհակալութիւն յայտնէ երկրէն ներս հաստատուած գանատահայերուն նկատմամբ, որոնք հսկայական ներդրում ունեցած են զանազան ասպարէզներու մէջ երկրի կեանքին։

Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը եւ Ճասթին Թրիւտօ խօսեցան խաղաղ, բարօր եւ ապահով աշխարհի մը կերտման ուղղութեամբ միջկրօնական երկխօսութեան կարեւորութեան մասին։ Հանդիպման տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական գործիչներու կարեւոր պատասխանատուութեան՝ մարդկային կեանքէ ներս ողբերգութիւններու կանխարգիլման, անարդարութեան եւ տառապանքներու յաղթահարման, աղքատութեան վերացման ուղղութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը այս կապակցութեամբ վստահութեամբ ընդգծեց, թէ Գանատայի երիտասարդ եւ եռանդուն առաջնորդը ապագայի իր տեսլականով մեծ նպաստ կը բերէ խաղաղ աշխարհի մը կերտման։

Հարկ է նշել, որ Գանատայի վարչապետ Թրիւտօ շաբաթավերջին աւարտեց պաշտօնական այցելութիւնը եւ հրաժեշտ առաւ Երեւանէն։ 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2018