Տ. ՇԱՀԷՆ ՔՀՆՅ. ՕՀԱՆԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գուզ­կուն­ճու­քի Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան մա­տոյց Ս. Պա­տա­րագ, ո­րու ըն­թաց­քին խօ­սե­ցաւ նաեւ խրա­տա­կան մը։ Մեծ պա­հոց եւ Ա­ւագ շաբ­թուան ա­ւար­տին, Գուզ­կուն­ճու­քի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ար­դէն վե­րա­հաս­տատուած է ըն­թա­ցիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րու դրու­թիւ­նը։ Այս շրջագ­ծով ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի Ս. Պա­տա­րագ կը մա­տու­ցուի Վոս­փո­րի Ա­սիա­կան ա­փի մեր այս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Լե­ւոն Սրկ. Գու­յում­ճեան եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Նշան Սրկ. Չալ­կը­ճեա­նի։

Հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեան մաս­նակ­ցու­թեամբ մա­տու­ցուե­ցաւ Ս. Պա­տա­րա­գը, իսկ պա­տա­րա­գիչ Տէր Հայ­րը խրա­տա­կա­նին մէջ խօ­սե­ցաւ Ս. Յա­րու­թեան տօ­նին կա­պակ­ցու­թեամբ։ Բազ­մա­թիւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ստա­ցան Ս. Հա­ղոր­դու­թիւն։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան, Գուզ­կուն­ճու­քի թա­ղա­յին խոր­հուր­դը սի­րոյ սե­ղան մը սար­քեց Ս. Պա­տա­րա­գի մաս­նա­կից­նե­րուն, դպիր­նե­րուն եւ Տէր Հօր հա­մար։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ պատ­րաստուած էին սե­ղան­նե­րը, ո­րոնց շուրջ ստեղ­ծուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան զրոյ­ցի մթնո­լորտ։

Միւս կող­մէ, ե­րէ­կուան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին կա­տա­րուե­ցան նկա­րա­հա­նում­ներ եւ տե­սագ­րու­թիւն­ներ, ո­րոնք պի­տի օգ­տա­գոր­ծուին Նշան Չալ­կը­ճեա­նի մա­սին վա­ւե­րագ­րա­կան ժա­պա­ւէ­նի մը հա­մար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2015