ՄԱՌՆԻ ԻՆՃԷՅԵԱՆ. «ՇԷՆՔԵՐԸ ԿԱՄ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՉԷ ՈՐ ԿԸ ՓՆՏՌԷԻ, ԱՅԼ՝ ՀԱՐԱԶԱՏ ՄԱՐԴԻԿԸ…»
Յաճախ կ՚ըսուի, որ առողջ լրագրութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ փաստերու վրայ։ Այսօր հայ մամուլը որքանո՞վ կը յարգէ այս մօտեցումը։ Կամ աւելի «բաց» խօսելու համար, սփիւռքի մէջ տպուած հայկական պարբերականներէն քանի հատը կ՚ընդունին եւ կը յարգեն այն «ոսկեայ պատուիրան»ը, որուն հիմամբ որեւէ նիւթ, յօդուած եւ հրապարակում հիմնուած պէտք է ըլլայ ոչ թէ փափաքներու, յորդորներու, քարոզներու եւ բարոյախօսական մօտեցումներու, այլեւ՝ փաստերու, վկայութիւններու եւ «դէպքի վայր»էն ուղղակի ընթերցողի սեղանին վրայ դրուած փաստերու եւ փաստարկներու վրայ։ Անշուշտ չի խանգարեր ու հակառակը հրամցուած նիւթը աւելի հիմնաւորեալ սիւներու վրայ կը կառուցէ վիճակագրական տուեալներէ կամ նոյնիսկ պետական ծառայութիւններու հաղորդագրութիւններէն օգտուելու մօտեցումը, որոնց շնորհիւ ալ ընթերցողը կարելիութիւնը պիտի ունենայ լսելու ոչ միայն «վկայութիւն» տուողին ձայնը եւ կարծիքը, այլեւ՝ իր աչքին առաջ պիտի ունենայ տուեալ նիւթին հետ առընչը-ւող պետական մարմնին, միութեան կամ կազմակերպութեան կողմէ պատրաստուած տուեալները։
Այս նախաբանը գրեցի, որովհետեւ այսօրուան նիւթս անմիջական կապ ունի «դէպքի վայր»էն նոր հասնող վկայութեան մը հետ, որուն «հեղինակ»ը Սուրիոյ պատերազմին պատճառով Երեւան հաստատուած խօսակիցս է։ Երիտասարդուհին՝ Մառնի Ինճէյեանն է, որ վերջերս մեկնած էր Հալէպ, մօտէն «շփուելու» համար իր ծննդավայրին հետ ու տեսնելու, զգալու եւ ապրելու, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է իր սիրելի քաղաքը։
Տեղ մը, որ եղած է իր ծննդավայրը, որ պահու մը համար ալ դարձած է գեհենի մասնիկ, դժոխային վայր ու անկէ վերջ ալ աւերակուած ու պատերազմէն տուժած քաղաք։
Մառնիի կողմէ ներկայացուած փաստերը, անոր խօսքին հոգեաբանական շերտերը, զգացածն ու տեսածը հանրայնացնելու կողքին՝ հարկ է անպայման նշել, որ մեր հասարակութեան մէջ քիչ կը պատահի, որ լրագրողներ, յօդուածագիրներ կամ խմբագիրներ գրեն այն բոլորի մասին, որ հիմնուած է իրական փաստերու վրայ։ Մեզի համար կամ առնուազն մեզմէ շատերուն համար աւելի հեշտ գործ է գրել այն, ինչ որ մաս կը կազմէ փափաքի, բարի կամեցողութեան, դրական խօսք մը ըսելու եւ հանրութիւնը ձեւով մը քնացնելու դրոյթներով...։ Մօտեցում մը, որուն շնորհիւ լրագրողը, յօդուածագիրն ու խմբագիրը կը դառնան «սիրելի» մարդիկ, որովհետեւ կը գրեն, կ՚արտայայտուին ու կը ներկայացնեն այն բոլորը, որոնք հաճելի են հասարակութեան համար։
Անշուշտ լրագրութիւն ընելու, հանրութեան հետ միտք մը, գաղափար մը, իրականութիւն մը ու մանաւանդ մտահոգութիւն մը կիսելու մօտեցումներուն մասին խօսիլն ալ շահեկան ձեւ մըն է, այդ առումով կը խոստանամ տարբեր ա-ռիթներով լոյսին բերել այդ մօտեցումները եւ փորձել հասկնալ, թէ ինչպիսի՞ լրագրութիւն պէտք է մեզի այսօր։
Հարցումը հռետորական չէ, այլ հիմ-նըւած է իրատեսական մօտեցումի մը վրայ, որ նաեւ կ՚ամրագրուի աւելի արդար, աւելի ճշմարիտ եւ աւելի շինիչ մամուլ մը ունենալու նախանձախնդրութեան վրայ։
Իսկ հիմա ընթերցողի դատին կը ներկայացնեմ երիտասարդ հայուհի Մառնի Ինճէյեանին հետ կատարած հարցազը-րոյցս, աւելի մօտէն հասկնալու համար, թէ ինչպիսին է յետպատերազմեան Հալէպը, նաեւ շեշտադրելու համար, թէ Երեւան հաստատուած եւ իր ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակել որոշած խօսակիցս իէ՛նչ հայացքներով կը նայի Հալէպին։
*
-Մառնի գիտենք, որ վերջերս այցելեցիր Հալէպ, նախ պիտի ուզէի իմանալ, թէ ինչպիսի՞ն էր Հալէպի հետ հանդիպումդ։ Գիտենք, որ հինգ եւ աւելի տարիներէ ի վեր հեռու էիք Հալէպէն, ինչպիսի՞ն էր առաջին «շփում»ը։
-Այո, վեց տարիէ ի վեր հոն չէի եղած եւ այդ շրջանին, երբ բացակայեցայ Հալէպէն, ինծի համար՝ տարիքային առումով աւելի կայացման շրջան մըն էր, ինչ որ ապրեցայ Հայաստանի մէջ, հետեւաբար այսօր որպէս լրիւ ուրիշ մարդ այցելեցի իմ ծննդավայրը եւ շատ տարբեր տեսայ իմ գիտցած Հալէպէս: Անշուշտ գիտէի, որ վիճակը վատ է, քաղաքի մեծ տոկոսը քանդուած է, այդ ամէնուն մասին լսած ու կարդացած էի լրատուութեամբ, բայց ուրիշ էր այդ ամէն ինչը աչքերով տեսնել: Շատ բաներ փոխուած էին, քաղաքի եռանդը նոյնը չէր:
-Ի՞նչ մնացած էր հին Հալէպէն. յիշատակներ, մարդիկ, փողոցներ, վայրեր, թաղամասեր։ Ի՞նչ մնացած էր այդ բոլորէն։
-Հին Հալէպէն մնացած շատ բաներ կային, ի վերջոյ դպրոցս կար, միութիւնս, ուր մեծցած էի, խաղավայրերը, ուր ես խաղացած էի, տեսայ այդ բոլորը, որոնք որպէս յիշատակներ մնացեր էր մէջս: Հարցը այն է, որ առաջին հերթին ոգեւորուեցայ իմ տեսածներով, բայց յետոյ զգացի, որ ինծի համար այլեւս այդքան ալ էական չէ այդ շէնքը կամ տեղը, որովհետեւ չկան այն մարդիկը, որոնց հետ ես անցուցեր եմ այդ ժամանակը եւ միասին այդ յիշատակները ունեցած ենք, այսինքն հասկցայ, որ շէնքով կամ քարով չէ այդ ծննդավայրը կամ տունը, այլ մարդոցմով է, որոնց հետ ապրած ես այդ օրերը:
-Ի՞նչ վիճակի մէջ էր «նոր» Հալէպը։ Ի՞նչ տարբերութիւն կար քու ճանչցած Հալէպին եւ այսօրուանին միջեւ։
-Նոր Հալէպը փոխուած էր, իմ ակնկալածէս աւելի լաւ էր անշուշտ, որովհետեւ ես աւելի վատ կը պատկերացնէի վիճակը, քաղաքի հետ կապուած գիտէի, որ շրջաններ կան փլած: Երեւի ինծի համար հինի եւ նորի միջեւ տարբերութիւնը այն էր, որ իմ ըներներս չկային, այդ շրջապատը եւ ոգին այլեւս չկային, այդ պակասը խորապէս զգացի:
-Զանազան առիթներով խօսուած է, որ այսօր Հալէպի մարդագրական պատկերը փոխուած է։ Հայերու թիւի զգալի պակաս կայ, նոր իրավիճակ ստեղծուած է։ ի՞նչ կրնաս ըսել այս մասին։
-Այո, ճիշդ է, հայերուն քանակը շատ պակսած է, թիւերով չեմ ուզեր անդրադառնալ, բայց այդ շրջանները, ուր առաջ բոլորը հայեր էին, հիմա կ՚երթաս, հազուագիւտ կը հանդիպիս հայերու, կը քալեմ հայաբնակ թաղէ, ուր նախապէս բոլորը ինծի ծանօթ էին, իսկ հիմա բոլորը օտար դէմքեր են։
-Իսկ ի՞նչ վիճակի մէջ էին սերըն-դակիցներդ եւ ընկերներդ, որոնց հետ մանկութիւն անցուցած ես։ Ի՞նչ վիճակի մէջ գտար զիրենք, ինչպէ՞ս կրցած էին դիմանալ բոլոր դժուարութիւններուն։
-Ընկերներս, որոնց հետ հասակ առած եմ, հիմնականին մէջ Հալէպ չէին արդէն. անոնցմէ շատ քիչերը մնացած էին հոն: Անշուշտ փոխուած գտայ զիրենք եւ պատճառը վստահաբար իրենց ապրած պատերազմական տագնապն ու դժուարութիւններն էին: Ի վերջոյ շատ ծանր վիճակներէ անցած են: Չեմ կրնար ըսել ինչպէս կրցած են դիմանալ այդ բոլորին, բայց կրցած են դիմանալ՝ երեւի իրենց լաւատեսութեան եւ յոյսին շնորհիւ, միշտ մտածելով, որ վաղը աւելի լաւ պիտի ըլլայ: Անշուշտ նկատելի էր, որ այդ թոհուբուհի մէջէն անցած ըլլալով, անոնց մտածողութիւնը բաւական փոխուած է, եթէ համեմատենք այլ երկիրներու մէջ ապրող իրենց սերնդակիցներուն հետ:
-Իսկ այն դէմքերը, որոնք չկային, հեռացած էին, ի՞նչ մտածեցիր անոնց մասին։
-Շատ կը փնտռէի այն դէմքերը, որոնք այլեւս չկային, հեռացած էին Հալէպէն, շատ կը մտածէի իրենց մասին, թէ՝ եթէ Հալէպ մնցած ըլլային, ինչպէ՛ս պիտի ըլլար ամէն ինչ: Ինչպէս ըսի, ես Հալէպի շէնքերը կամ կառոյցները չէի փնտռեր, այլեւ՝ հարազատ մարդիկը, իրենց ներկայութիւնը եւ այդ ներկայութեան պակասը շատ զգացի:
-Հոն մնացող հալէպահայ երիտասարդները կամ սերնդակիցներդ ի՞նչ ապագայ պիտի ունենան Հալէպի մէջ։
-Չեմ գիտեր ինչ ապագայ պիտի ունենան Հալէպ մնացող սերնդակիցներս, կը կարծեմ այդ մէկը տուեալ անձէն կախեալ է: Բազմաթիւներ իրենց ապագան Հալէպի մէջ կը տեսնեն, ցանկութիւն ունին իրենց կեանքը հոն շարունակելու, ուրիշներ ալ եղան, որ ըսին, թէ կ՚ուզեն դուրս ելլել Հալէպէն:
-Յոյս կա՞ր անոնց աչքերուն մէջ։
-Այո, յոյս կար, անշուշտ յոյս կար, եթէ չըլլար, չէին կրնար այսքան դժուարութիւններուն դիմանալ, որովհետեւ յոյսն է, որ իրենց ուժ տուած է իմ կարծիքով:
-Պիտի ուզե՞ս մանկութեանդ քաղաք՝ Հալէպ վերադառնալ ու հոն ապրիլ։ Եթէ ոչ, ինչո՞ւ։
-Վերադառնալ Հալէպ հոն ապրելու նպատակով՝ ոչ, չեմ մտածեր, ոչ թէ անոր համար, որ հոն չեմ սիրեր ապրիլ, այլ՝ Հայաստան կ՚ուզեմ ապրիլ: Միշտ երազած եմ Հայաստան ապրելու մասին, հիմա երազանքս կ՚ապրիմ։ Ես կը սիրեմ Հայաստանը եւ երբեք հոսկէ հեռանալու մասին չեմ մտածեր:
-Ի՞նչ ըսիր Հալէպին, երբ հեռացար քաղաքէն։
-Ճիշդը, այս անգամ աւելի դժուար էր Հալէպէն հեռանալու պահը, որովհետեւ անցեալ անգամ, երբ որ ձգեցի Հալէպը, գիտէի, թէ երեք ամիս ետք պիտի վերադառնանք, հակառակ որ յայտնի հանգամանքներու բերումով այդպէս չեղաւ, բայց այս անգամ երբ ձգեցի Հալէպը, չէի գիտեր, թէ անգամ մը եւս ե՛րբ պիտի տեսնեմ զայն։ Ըսի՝ «Յուսամ շուտով կը հանդիպինք»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան
Հարթակ
- 03/06/2025