ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒ ՇՔԵՂ ՏԱՐԵԴԱՐՁ

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը շա­բա­թա­վեր­ջին հա­մայն­քա­յին կեան­քէն ներս դար­ձաւ ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ։ Ե­կե­ղեց­ւոյ հիմ­նադ­րու­թեան 160-ա­մեայ յո­բե­լեա­նին ձօ­նուած կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Պա­տա­րա­գիչն էր Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քէր­վան­ճեան։ Ներ­կայ էր նաեւ Տ. Զա­տիկ Ա­բե­ղայ Պա­պի­կեան։

Զա­նա­զան թա­ղե­րէ փու­թա­ցած հա­ւա­տա­ցեալ­ներ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ լե­ցու­ցած էին ե­կե­ղե­ցին, ուր օրուան պատ­գա­մը տուաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Ռո­պէր Սրկ. Քիւ­չիւ­քաք­պու­լութ, Ժիլ­պէռ Սրկ. Քա­րա­փէք­մէզ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Վառ­վա­ռեան Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ե­դուարդ Պե­տո­յեա­նի եւ եր­գե­հո­նի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Սե­ւան Ա­րա­պօղ­լուի։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, թա­ղի եր­բեմ­նի վար­ժա­րա­նի շէն­քէն ներս։ Ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը գլխա­ւո­րեց նաեւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թիւ­նը իր կող­քին ու­նե­նա­լով հայր սուրբն ու պա­տա­րա­գիչ տէր հայ­րը։ Թաք­սի­մի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հե­լէ վերջ, սի­րոյ սե­ղա­նի հանգ­րուա­նին ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան։

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թավ­րա եւ իր ըն­կեր­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը, ո­րոնց շար­քին կը գտնուէին հա­մայն­քա­յին զա­նա­զան մար­մին­նե­րէ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ Վահ­րամ Լիւ­լէ­ճեա­նի, որ կա­տա­րեց նաեւ մե­ներգ մը։ Խօսք ա­ռաւ Վա­րու­ժան Թավ­րա, որ ընդգ­ծեց, թէ այժ­մու թա­ղա­յին խոր­հուր­դը տաս­նհինգ տա­րիէ ի վեր ստանձ­նած է ե­կե­ղեց­ւոյ վար­չու­թեան ղե­կը։

Գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ բո­լո­րը հա­ճոյ­քով ունկնդրե­ցին Վառ­վա­ռեան երգ­չա­խում­բին կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած տոհ­միկ եր­գե­րուն, գլխա­ւո­րու­թեամբ Ար­տա­շէս Եահ­նիեա­նի։ Այս փու­լին խօսք ա­ռաւ նաեւ Կար­պիս Մոս­կո­ֆեան։

Ա­ւե­լի վերջ Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան ար­տա­սա­նեց իր սրտի խօս­քը, իսկ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան՝ փակ­ման ա­ղօթ­քը։

Ներ­կա­նե­րը հրա­ժեշտ առ­նե­լէ ա­ռաջ ի­րենց գնա­հա­տանքն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տե­ցին թա­ղա­յին խոր­հուր­դին նկատ­մամբ՝ որ­պէս­զի միշտ վառ մնայ մեր այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ կան­թե­ղը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2015