ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՆՉԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Միացեալ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու թարգմանական ծրագրերու տնօրէնուհի Մարինա Լոմովայը եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան թարգմանական ծրագրերու համակարգող Մարիքա տէ Լանկը։ Հիւրերուն ուղեկցեցաւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց միջազգային կազմակերպութեան՝ Աստուածաշունչ մատեանը աշխարհի զանազան լեզուներու թարգմանելու եւ մարդոց հասանելի դարձնելու առաքելութիւնը։ Նորին Սրբութիւնը միեւնոյն ժամանակ ողջունեց Միացեալ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան միջեւ ձեւաւորուած երկարամեայ համագործակցութիւնը։ Ան նաեւ գոհունակութեամբ հաստատեց, որ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան գնահատելի ծառայութեան, բազմաբնոյթ ծրագրերու եւ հրատարակութիւններու շնորհիւ հայորդիներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի ծանօթանալու Աստուածաշունչին, սուրբգրային գիտելիքներով հարստանալու եւ զօրացնելու նաեւ իրենց կրօնական ապրումները։

Հիւրերն ալ, իրենց հերթին, խորին շնորհակալութիւն յայտնեցին Նորին Սրբութեան Հայ Եկեղեցւոյ զօրակցութեան եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան աշխոյժ գործունէութեան համար։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ Աստուած հոգեշահ նոր ձեռքբերումներով արդիւնաւորէ Միացեալ Աստուածաշնչային ընկերութիւններու գործունէութիւնը։

Հինգշաբթի, Մարտ 7, 2019