2020 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻՆ ՊԻՏԻ ԳՈՒՄԱՐՈՒԻ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը երէկ հասաւ իր աւարտին։

Նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած էին եկեղեցւոյ վարչական, կազմակերպա-իրաւական, կանոնական, կարգապահական, ընկերային եւ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ զանազան հարցեր։

Ազգային-եկեղեցական ժողովի գումարման կազմակերպչական աշխատանքներու ընթացքին շուրջ զեկուցեց Տ. Արշակ Եպսկ. Խաչատրեան, որ կ՚ատենապետէ կազմակերպիչ յանձնախումբին։ Ժողովական հայրերը լսեցին Մայր Տաճարի վերանորոգութեան ընթացքին շուրջ զեկոյց մը։ Տեղեկացուեցաւ, որ տաճարի ներքին աշխատանքները 2020 թուականին պիտի հասնին իրենց աւարտին։ Նկատի ունենալով Ազգային-եկեղեցական ժողովի նախապատրաստական աշխատանքներու ծաւալը եւ ժամանակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի վերանորոգման ընթացքը՝ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ ԳՀԽ որոշեց Ազգային-եկեղեցական ժողով գումարել 2020 թուականի նոյեմբերի 1-8-ին։ Մայր Տաճարի նորոգութեան պատճառով նպատակայարմար գտնուեցաւ նաեւ Վեհափառ Հայրապետի գահակալութեան 20-ամեակի հանդիսութիւնները եւս իրականացնել յաջորդ տարի։

Ժողովի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն։ Տեղեկացուեցաւ Հայաստանի վարչապետի հրամանով ստեղծուած աշխատանքային խումբի մասին, որու նպատակն է առաւել զօրացնել գործակցութիւնը։

Կոմիտաս Վարդապետի եւ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակներուն նուիրուած ձեռնարկներու ծրագիր-առաջարկ մը ներկայացուեցաւ, այս յոբելեաններուն ձօնուած ձեռնարկներու կազմակերպման յանձնախումբի ատենապետ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանի կողմէ։

2019 թուականը Վեհափառ Հայրապետին կողմէ հռչակուած է Ընտանիքի տարի։ Այս ծիրին մէջ ժողովականները անդրադարձ կատարեցին հայ ընտանիքի առջեւ ծառացած առկայ խնդիրներու յաղթահարման ուղղութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ հովուական առաքելութեան Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։

ԳՀԽ-ի նստաշրջանը աւարտին հասաւ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2019