ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ

 

Աւագ երեքշաբթին ժողովուրդին մէջ ծանօթ է ՏԱՍԸ ԿՈՒՍԱՆԱՑ յիշատակի օր անունով: Ներքին ձեւով կապուած է նախորդ օրուան՝ Աւագ երկուշաբթիի հետ. ան կ՚ակնարկէ, որ մեր առաքինի գործերու պտուղներով հոգեպէս պէտք է պատրաստ ըլլանք Քրիստոսի երկրորդ գալստեան, այլապէս կը չորնանք թզենիին պէս եւ երկինքի արքայութենէն դուրս կը մնանք հինգ յիմար կոյսերուն նման: Օրուան աւետարանական ընթերցուածը կը պատմէ «Տասը կոյսերու» առակը (Մատթէոս, 25.1-13), որ Յիսուս իր աշակերտներուն պատմեց Զատիկը նախորդող Աւագ երեքշաբթի օր: «Այն ատեն երկինքի թագաւորութիւնը պիտի նմանի հետեւեալին. տասը կոյսեր կային, որոնք իրենց լապտերները առած` դիմաւորելու ելան փեսան: Անոնցմէ հինգը յիմար էին, իսկ միւս հինգը` իմաստուն: Յիմարները առին իրենց լապտերները, բայց իրենց հետ պահեստի ձէթ չառին, մինչդեռ իմաստունները իրենց լապտերներուն հետ սրուակով ձէթ առին: Եւ երբ փեսան ուշացաւ գալու, բոլորն ալ թմրեցան ու քնացան: Կէս գիշերին կանչ մը լսուեցաւ. «Ահա փեսան կու գայ, զայն դիմաւորելու ելէք»: Կոյսերը արթնցան եւ սկսան իրենց լապտերները կարգի դնել: Յիմար կոյսերը իմաստուններուն ըսին. «Ձեր ձէթէն քիչ մը մեզի տուէք, որովհետեւ մեր լապտերները ահա կը մարին»: Իմաստուն կոյսերը պատասխանեցին. «Ո՛չ, որովհետեւ կրնայ ըլլալ, որ մեզի եւ ձեզի չբաւէ. աւելի լաւ կ՚ըլլայ, որ երթաք խանութպաններուն եւ ձեզի համար ձէթ գնէք»: Երբ անոնք ձէթ գնելու գացին, փեսան եկաւ, եւ պատրաստ եղողները փեսային հետ հարսանիքի մտան, եւ դուռը գոցուեցաւ: Քիչ ետք եկան միւս կոյսերը եւ ըսին. «Տէ՛ր, Տէ՜ր, դուռը բա՛ց մեզի»: Փեսան պատասխանեց. «Իսկապէս որ չեմ ճանչնար ձեզ»: Ապա Յիսուս եզրակացուց.  «Ուրեմն արթո՛ւն մնացէք, որովհետեւ չէք գիտեր Մարդու Որդիին գալուն ո՛չ օրը եւ ո՛չ ալ ժամը»: Այս առակով Յիսուս մեզ կը զգուշացնէ եւ կը թելադրէ, որ մեր կեանքի ընթացքին մեր հաւատքի ճրագները միշտ պէտք է վառ պահենք, արթուն հսկենք, որովհետեւ ոչ ոք գիտէ Տիրոջ ահեղ Գալուստին եւ Յայտնութեան օրը կամ ժամը:

Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին այս առակը նաեւ թատերական ձեւով կը ներկայացուի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցիներէն ներս: Աւետարանի ընթերցանութեան ժամանակ տասը կոյս փոքրիկ աղջիկներ, շապիկ հագած, կը կանգնին եկեղեցւոյ դասին մէջ՝ ձեռքերնին վառած մոմեր բռնած: Երբ աւետարանական ընթերցումը կը հասնի տասը կուսանաց առակին, իւրաքանչիւրը անոնցմէ ափսէի մէջ դրուած ու ծալուած տասը թուղթերէն մէկը կը քաշէ: Թղթիկներուն հինգին վրայ գրուած կ՚ըլլայ ԻՄԱՍՏՈՒՆ, իսկ հինգին վրայ ՅԻՄԱՐ: Անոնց, որոնց յիմար գրուած թուղթը վիճակուի կը մարեն իրենց ձեռքի մոմերը, մինչ իմաստուն գրութիւնը ունեցողները՝ վառած կը պահեն զանոնք:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 16, 2019