ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ԱՅՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց խումբ մը ամերիկահայ ուխտաւորներ, որոնք մեկնած էին Ֆիլատելֆիայէն։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ֆիլատելֆիոյ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեանի կողմէ գլխաւորուած ամերիկահայ ուխտաւորները այս օրերուն հոգեւոր մեծ հրճուանք կ՚ապրին Հայաստանի մէջ։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Տ. Յակոբ Քհնյ. Գէորգեան տեղեկացուց, որ ուխտաւորներու մէկ մասը առաջին անգամ կը գտնուի Հայաստանի մէջ։ Ան ուրախութիւն յայտնեց, որ կան մարդիկ, որոնք արդէն երկրորդ կամ երրորդ անգամ կը մասնակցին դէպի Հայաստան կազմակերպուած ուխտագնացութեան մը։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ամերիկահայ հայորդիներուն եւ ողջունեց սփիւռքի զանազան համայնքներէ ուխտագնացութիւններու կազմակերպումը։ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց, որ նման այցելութիւնները Հայաստանը տեսնելու եւ ուխտը նորոգելու լաւագոյն առիթները կը հանդիսանան։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ հասակ առած հոգեւոր սպասաւորի առաքելութիւնը սփիւռքէ ներս։ Արդարեւ, անոր ծառայութեան շնորհիւ օտարութեան մէջ ապրող հայերը կը շարունակեն սնուիլ ազգային-հոգեւոր արժէքներով։

Միեւնոյն ժամանակ, Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց, որ սփիւռքի հեռաւոր անկիւններու մէջ ապրող իր զաւակները ուղղած են իրենց հայեացքը դէպի հայրենիք։ Ան պատգամեց շարունակել զօրացնել համայնքի ազգային կեանքը եւ հայրենանուէր ծառայութիւնը՝ եկեղեցւոյ ու մշակոյթի միջոցաւ պահպանելով ազգային ինքնութիւնը։

Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ ուխտաւորներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին հոգեւորականներու պատրաստութեան, Հայաստանի կեանքին, Հայաստանի եւ Սուրբ Էջմիածնի համար իրենց ծառայութեամբ օգտակար ըլլալու ուղիներուն։

Վերջաւորութեան Նորին Սրբութիւնը դարձեալ իր օրհնութիւնն ու ջերմ բարեմաղթանքները փոխանցեց ուխտաւորներուն եւ Ֆիլատելֆիայի հայ համայնքին՝ առանձնակի կերպով գնահատելով անոնց ազգային ոգին ու հաւատարմութիւնը Մայր Եկեղեցւոյ նկատմամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2019