ԱՏԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱԽՏԸ
Ատելութիւնը, մարդկային յարաբերութիւններու վնաս պատճառող, անոնց մշակումը կասեցնող, անոնց աճման արգելք հանդիսացող «ա՛խտ» մըն է։ Եթէ ո՛չ մարմնական, այլ՝ բարոյական ախտ մը, հիւանդութի՛ւն մըն է ատելութիւնը…։
Բայց պահ մը խորհինք, սիրելի ընթերցող բարեկա՛մներ, ո՛ր մէկը աւելի վտանգաւոր է. բացայայտ կերպով ատող մէկը՞, թէ երկերես, ինքզինք ծածկող, իր բարի երեւոյթին տակ չարութեամբ լեցուած մէկը։
Չէ՞ որ կ՚ըսուի. «Աւելի լա՛ւ է անկեղծ հակառակորդի մը ապտակը, քան՝ երկերես, դիմակաւոր բարեկամի մը սուտ ու կեղծ համբոյրը»։ Արդարեւ, անկեղծութիւնը նախապայմա՛ն է ամէն մարդկային առողջ յարաբերութեան մշակումին համար։ Կեղծաւոր, սուտ ամէն արտայայտութիւն կը վնասէ մարդոց իրարու նկատմամբ ունեցած բարենպատակ յարաբերութիւնները։ Կեղծաւորութիւնը կը քանդէ, կը կործանէ բարութեան ամէն գեղեցիկ շէնք։ Իսկ անկեղծութիւնը վստահութիւն կը ներշնչէ՝ ապահովութիւն, որուն պահանջքը կը զգայ ամէն անհատ։ Վստահելի ըլլալ, արդարեւ առաքինութիւն մըն է՝ որ կ՚աճեցնէ ամէն մարդկային յարաբերութիւն։
Մարդկային յարաբերութիւններու մէջ բարեկամութեան խաղացած դերը անվիճելի է։ Բարեկամութիւնը՝ մարդոց իրարու նկատմամբ, ամէն գործի մէջ անկեղծ մօտեցումով ու սիրով համաձայնութիւնն է։ Ուրեմն բարեկամութիւնը, նաեւ, հասարակաց բարի նպատակի մը շուրջ հաւաքուած անհատներու հոգեկան բարձր վիճակն է, նոյն նպատակին ծառայողներ, բարիին նուիրուածներ մի՛շտ բարեկամներ են, եւ բարեկամ կը մնան, այնքան ատեն որ չեն հրաժարիր հասարակաց նպատակին ծառայելէ, սպասաւորելէ անոր։
Նուիրական ոգի եւ այլասիրութիւն կը պահանջէ բարեկամութիւնը։ Ինքնակեդրոն եւ եսամոլ մարդիկ երբեք բարեկամ չեն կրնար ըլլալ իր իսկական իմաստով։ Բայց բարեկամութեան սահմանները պէտք է լա՛ւ որոշել. բարձր բարոյական հասարակաց զգացում, հասարակաց նպատակ եւ մտածողութիւն, եւ անշուշտ դարձեալ՝ անկեղծութիւն, համաձայնութեան համար անհրաժեշտ են։
Մարդկային արժանապատուութիւնը կարեւոր ազդակ մըն է բարեկամութեան հաստատման համար։
Բարեկամներ պէտք է յարգեն իրարու արժանապատուութիւնը։ Հարց է, թէ կարելի՞ է զիջողութիւն ընել արժանապատուութենէն ի նպաստ բարեկամութեան։ Խնդրակա՛ն է։ Թերեւս շատ բացառիկ պարագաներու՝ կարելի ըլլայ «չափաւոր» վարուիլ բարեկամի մը հետ, զգուշացնելով զայն։ Ուստի իսկական բարեկամութիւնը կը պահանջէ բարեկամը զգուշացնել, նոյնիսկ յանդիմանել՝ երեսին մեղադրել բարեկամը, որպէսզի անդրադառնայ իր սխալին եւ առիթ ունենայ սրբագրելու իր սխալը եւ սրբագրուի։
Արդարեւ ամենէն ինքնակեդրոն մարդն իսկ ի վերջոյ պահանջքը կը զգայ «ուրիշ»ի մը, քանի որ մա՛րդ ինքնաբաւ չէ, եւ մարդիկ կոչուած են իրերօգնութեան։
Այս իմաստով բարեկամութիւնը բնական պահանջք մըն է՝ իրարու վստահելու, իրարու օգնելու, իրարու թերութիւններ ամբողջացնելու եւ տկարութիւններ զօրացնելու։
Սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, թէ սխալը սխալով սրբագրել կարելի չէ, ինչպէս պակասը պակասով չ՚ամբողջանար, տկարը տկարով չի զօրանար։ Կեանքի մէջ միշտ հակադիր ուժ մը, արժէք մը անհրաժե՛շտ է կատարելագործուելու համար։
Ուրեմն բարեկամութիւնը մարդուն կոչո՛ւմն է։
Ընկեր, ընտանեկան անդամակցութիւն կ՚անցնին, բայց բարեկամութիւնը կը գոյատեւէ, անշուշտ եթէ իսկական իմաստով «բարեկամութի՛ւն» է ան…։
Կեանքը շատ անգամ հաստատուած է հակադիր արժէքներու հրաշալի՜ ներդաշնակութեանը վրայ։ Եւ ամէն անհատ կոչուած է ապահովելու ու պահպանելու այդ ներդաշնակութիւնը։
Երանի՜ անոնց, որ գիտակից եւ հաւատարիմ են իրենց կոչումին, եւ գիտակից են նաեւ՝ որ այդ կոչումը դիրքով ու աստիճաններով կարելի չէ՛ ապահովել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 3, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/23/2024