ԻՏԱԼԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԲԵՐԷ ԻՐ ՍՐՏԱԲՈՒԽ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻՆ

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան աշխատանքները այս շրջանին անմիջական ուշադրութեան առարկայ են հայաշխարհէ ներս։ Ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ առաջնահերթութեան մը վերածուած է այս ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ անմիջական հսկողութեամբ։ Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը կ՚ամրացուի, խնամքի կ՚ենթարկուի, ինչ որ մետայլի միւս երեսակին հաւատքի արթնութեան խորհրդանշան մըն է։

Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքներուն համար Վեհափառ Հայրապետի կողմէ գործի լծուած է նաեւ մասնաւոր յանձնախումբ մը, որ կը համակարգէ հայաշխարհէ ներս այս նպատակով ձեռնարկուած հանգանակութիւնները։ Յանձնախումբին գլուխը կը գտնուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հիւրընկալմամբ՝ շաբաթավերջին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան այցելեց Իտալիա։ Նորին Սրբազնութիւնը Լոս Անճելըսէն դուրս գալէ վերջ նախ մեկնած էր Եգիպտոս, ուրկէ ալ անցաւ Իտալիա։ Իր այցելութիւնը իտալահայութեան կեանքէն ներս արտասովոր խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Երէկ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան պատարագեց Միլանոյի Ս. Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան քարոզէն առաջ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացուց Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը՝ շեշտելով անոր առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Իտալահայ հաւատացեալները խանդավառ մասնակցութիւն բերին արարողութեան, որու աւարտին եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը։ Հաւաքոյթի ընթացքին ցոյց տրուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ծրագրին եւ տարուած աշխատանքներուն վերաբերեալ ժապաւէն մը։

Երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններէն առաջ, շաբաթ երեկոյեան ալ, Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Միլանոյի մէջ, ճաշարանի մը երդիքին տակ համախմբուեցաւ իտալահայ խումբ մը բարերարներու եւ համայնքային վարիչներու հետ։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հրաւէր-նամակին ընդառաջ սեղանի շուրջ համախմբուած իտալահայ ազգայինները՝ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանէն մանրամասն տեղեկութիւններ քաղեցին Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան ծրագրին եւ ցարդ կատարուած աշխատանքներուն, նաեւ առկայ կարիքներուն շուրջ։ Այս ընթրիքի տանտէրն էր Միլանոյի եկեղեցւոյ վարչական խորհուրդի ատենապետ Սարօ Խիւտավերտեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն մին է։

Շաբաթավերջին ստեղծուած մթնոլորտը եկաւ ապացուցանել, թէ իտալահայութիւնը անպայման կը զօրակցի Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգման աշխատանքին՝ ինչպէս հայկական սփիւռքի բազում համայնքներ։ Երէկ երեկոյեան ժամերուն ալ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Միլանոյէն հրաժեշտ առաւ՝ դէպի Լոս Անճելըս։

Երկուշաբթի, Յունուար 27, 2020