ՅԱՐԱՏԵՒ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան զօրակցութեան ծրագրեր կեանքի կը կոչէ՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, համաճարակի հետեւանքներու յաղթահարման եւ կարիքաւորներու օգնութիւն փութացնելու առաջադրութեամբ բազմակողմանի աշխատանք մը յառաջ կը տարուի։ Վեհափառ Հայրապետի շրջաբերականին ընդառաջ՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ զանազան թեմերէն նուիրատուութիւններ կը փոխանցուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ ի նպաստ համաճարակի դժուարին պայմաններուն ներքեւ Հայաստանէ ներս կարիքի մէջ յայտնուած հայորդիներուն։ Ընկերային ծրագրերու իրականացման նպատակով Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն եւս 50 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Գանատայի թեմէն ալ նոյն նպատակով 25 հազար ամերիկեան տոլար փոխանցուած է։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ քորոնաժահրի հետեւանքներու յաղթահարման նպատակով ձեռնարկուած ծրագրերու մէկ մասը կը կրէ առողջապահական բնոյթ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի տնօրէն Տ. Մարկոս Քհնյ. Մանկասարեան եւ «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնի (Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առընթեր) տնօրէն Արմէն Չարչեան վերջին օրերուն մէկտեղուեցան Հայաստանի Առողջապահութեան փոխ-նախարար Շաւարշ Գրիգորեանի հետ։ Այս առթիւ Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան յանձնուեցան զանազան բժշկական պարագաներ, որոնց ընդհանուր արժէքը կը կազմէ 26 միլիոն 500 հազար հայկական դրամ։ Սա շուրջ 50 հազար ամերիկեան տոլարի համապատասխան ներդրում մըն է։ Այդ բժշկական պարագաները կը ներառեն արհեստական շնչառութեան սարքեր, անեսթեզիի համակարգեր, հակապառկելախոցային ներքնակներ եւ այլ անհրաժեշտ նիւթեր։ Միւս կողմէ, Հայաստանի ներքին թեմերու առաջնորդարաններուն միջոցաւ այս շրջանին օգնութիւն կը բաժնուի ժողովուրդին։

Կը հաղորդուի, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը պիտի շարունակէ իր ծառայութիւնը բերել առողջապահական, կրթական եւ ընկերային ոլորտներու մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2020