Սուր երկընտրանք եւ բարդ սպասում

Քորոնաժահրի համաճարակը թէեւ առօրեան գրաւի տակ առած է, սակայն թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս անսպասելիօրէն յառաջացած է ծայր աստիճան ծանրաբեռնուած շրջան մը։ Բառին բուն իմաստով թէժ օրակարգ մը կայ համայնքին առջեւ։ Այս ամբողջին մէջ կան երկու հիմնական դերակատարներ։ Անոնցմէ մին է՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն, իսկ միւսը՝ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմ, որ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ղեկը ստանձնած է։ Ներկայիս ստեղծուած համայնապատկերին վրայ կան նաեւ այլ կարեւոր անուններ. օրինակ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարքը, Սաթենիկ Նշան եւ Առլին Եշիլթեփէ, սակայն, վերջին հաշուով գործընթացի շարունակութիւնը պիտի բնորոշուի այս երկու անուններուն քայլերով։ Համայնքային շրջանակները սուր երկընտրանքի մը առջեւ մնացած են ու կը գտնուին սպասումի մէջ։

Վերջին օրերու իրադարձութիւնները յայտնի դարձուցած են, որ համայնքը չէ մարսած Էսաեանի տնօրէնուհիներու պաշտօնազրկումը։ Սա Սիմոն Չեքէմի կողմէ անհեռատես քայլ մը եղած է, որովհետեւ այսօր արդէն իր իշխանութեան դէմ սպառնալիքի մը վերածուած է։ Պետրոս Շիրինօղլու Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան դիմած է՝ որպէսզի Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը կապուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան՝ մինչեւ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան խնդրին լուծուիլը։ Սա Շիրինօղլուի կողմէ ճակատագրական, մեծ քայլ մըն է։ Անոնք, որոնք կը ճանչնան Պետրոս Շիրինօղլուն եւ գիտեն իր հնարաւորութիւնները՝ կրնան ենթադրել, թէ ան այսպիսի նախաձեռնութիւն մը երբեք պիտի չընէր, եթէ բաւարար երաշխիքներ չունենար իր պահանջի բաւարարման ուղղութեամբ։ Իսկ եթէ Շիրինօղլուի նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ չարդարանայ, բնականաբար, ան իր հեղինակութեան անյարիր պիտի համարէ այդ պարագան։

Հիմա ի՞նչ պիտի ըլլայ… Սխալի վրայ սխալ կը գործուի։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդին դէմ տարիներէ ի վեր կուտակուած հակազդեցութիւնը Սիմոն Չեքէմ որոշ չափով կրնար հաւասարակշռել, սակայն տնօրէնուհիներու դէմ առնուած որոշումով, մսխած է այդ հնարաւորութիւնը։ Շիրինօղլուն ալ ճատրակի վարպետի մը ձեռնհասութեամբ առած է իր քայլը եւ հիմա կը սպասուի արդիւնքին։ Մեր համայնքը դարձեալ փակուղիի մը մէջ է։ Մարդիկ մէկ կողմէ չեն ուզեր արդարացնել Պէյօղլուի անցուդարձերը։ Իսկ միւս կողմէ, կայ ուրիշ խնդիր մը։ Ճիշդ է, որ Ազգային հիւանդանոցը մեր հաստատութիւններու շարքին հաւասարներու մէջ առաջին մըն է։ Բայց եւ այնպէս, մարդիկ հարիւր տոկոսով վստահ չեն, թէ այդ դիրքին բերումով հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը պէտք է կո՞ւլ տայ մեր միւս հաստատութիւններու ղեկը կամ ոչ։

Դժբախտաբար, օրինական լուծման հեռանկարը այս պահուն գոյութիւն չունի։ Վերջաւորութեան ինչ որ ալ ըլլայ, համայնքը պիտի պարտաւորուի կատարուած իրողութեան մը հետ հաշտուիլ եւ համակերպիլ հզօրի իրաւունքին։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 27, 2020