ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀՊԱՐՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻՔ

Երկու տարիէ ի վեր սա նախադասութիւնը գորովանքով, ուռած-փքած կ՚արտաբերէ գրեթէ ամէն քաղաքացի։ Մարդոց բազմաչարչար ու յոգնատանջ դէմքերուն լիարժէք ժպիտ մը գոյացած է՝ յաղթական։ Արեւուն տակ փայլատակող կարկաչահոս աղբիւրի պէս աչքերնին կը շողայ։

Իւրաքանչիւր հպարտ քաղաքացի զինքը կը զգայ հերոս, արժանի զաւակն իր երկրի. «Ի վերջոյ չարը խափանեցինք։ Մեր դժբախտութեան ու չքաւորութեան պատճառ հանդիսացողներու մեծամասնութիւնը՝ այլեւս կը փտի բանտերու չոր խուցերուն մէջ։ Այդ սրիկաները, ստոր արարածները արժանի չեն երբեւէ արեգակի երեսը տեսնելու…»։ Եւ կրկին հնդկահաւի պէս փքելով կը պարծենայ. «Ես եմ տէրը իմ երկրի»։

Կը վանկարկէ պետ-ական-ութիւն բառը. «Ը՜հը… անունը ինքնըստինքեան կը յուշէ, թէ նախ պէտք է ըլլաս պետ՝ ղեկավար, կառավարիչ։ Ժողովուրդը քանի մը տարիով ինքզինքին համար կը վարձակալէ ընդհանուր կառավարիչ մը՝ նախագահ։ Վերջինս ալ իր հերթին, ժողովուրդի դրամներով երկարաժամկէտ կամ կարճաժամկէտ կը վարձակալէ օգնականներ՝ նախարարներ, տնօրէններ… Անոնք կ՚աշխատին յանուն մեր օգուտի, մեր ապագայի։ Իսկ ի՞նչ կը մնայ մեզի. տուներուն մէջ բազմոցին փռուած, հեռակառավարման վահանակը մեր ուռած փորերուն յարմարեցուցած, վերահսկել մեր վարձակալներու անխոնջ աշխատանքը։ Վա՜յ անոր, որ կը փորձէ թերանալ իր աշխատանքի մէջ։ Ժողովուրդը իսկոյն եւեթ կը գործադրէ «ական» մասնիկը։ Հենց սկսին վրիպելու, պիտի պայթեցնենք՝ ոչնչացնելով, «ութիւն» վերջածանցի վերածելով տուալ վարձկալը։ Անոնց պարտքն է շէնացնել, զարգացնել մեր երկիրը, ժողովուրդին ապահովելով բարեկեցիկ ու ապահով կեանք…»։

Սա տրամաբանութեամբ Հայաստանի մէջ ամէն օր կ՚արթննայ գրեթէ երկու միլիոն թագաւոր ու թագուհի։

Թագաւորները կ՚ելլեն փողոց կամ աշխատանքի։

Քալելով կ՚անցնի աղբակոյտի մը քովէն։ Անդուռն տեսարանէն, օդի մէջ տարածուող գարշահոտէն դէմքը ծամածռելով կը փնթփնթայ. «Թո՛ւ, ձեզ մարդ ըսողին։ Այս ինչ շնորհք է։ Քաղաքապետարանի աշխատանքը մատնուած է բարձիթողի վիճակի։ Չէէ՜, չէ… երկիրը երկիր չէ»։ Քանի մը մեթր անդին, ծխախոտի վերջին ծուխը մինչեւ թոքերուն խորքը քաշելով՝ մնացորդը կը նետէ գետին։ Ահաւասիկ, կոկիկ հագուած երիտասարդ մայրիկ մը։ Փոքրիկը իր ձեռքի թխուածքաբլիթը ուտելով թուղթը պատահաբար կը նետէ գետին։ Սա նկատելով մայրը զայրացած կշտամբէ մանուկը.

-Ինչո՞ւ գետին կը նետես։ Խոզ ես, ինչ է։

Երեխան մօր կծու խօսքերէն ազդուած՝ փորձեց ետ դառնալ եւ թուղթը նետել աղբաման.

-Այլեւս նետած ես։ Գետին նետածը չեն բարձրացներ։

Այս տեսարանին կը հետեւէին դիմացի նստարանին թառած քանի մը դեռատի պատանիներ։ Կարծես բոլորը երկուորեակ եղբայրներ ըլլան։ Միեւնոյն սանրուածքով, արեւային սեւ ակնոցներով, սեւ սրածայր կօշիկներով, սեւ տաբատով ու շապիկով։

Ընկերներով հաւաքուած էին ճեմապարտէզի մէջ՝ ճիշդը սխալէն տարանջատելու համար։ Անոնցմէ երեքը նըս-տարանին թառած կը չրթէր արեւածաղիկ, մէկը գետնին կքած դիրքով, ակնոցը հասցուցած քթի ծայրին՝ չորս կողմը կը դիտէր։ Իսկ հինգերորդը՝ ի դէպ ամենաբարձրահասակը, ոտքի վրայ, խիստ մտազբաղ անընդմէջ կը թքնէր գետին։ Վերջապէս հորիզոնին երեւաց երիտասարդուհիի մը ուրուագիծը։ Պատանիները խանդավառուեցան։ Աչքերնին տնկած հայեացքով դիմաւորեցին ու ճանապարհեցին ամօթխած աղջիկը, ետեւէն ալ փսփսալով շռայլեցին քանի մը հաճոյախօսութիւններ։

Բանէ մը անտեղեակ, սահմանափակ մտածելակերպով ու աշխարհահայեացքով կանայք կը շտապեն առեւտուրի։ Չորս հոգինոց ընտանիքի համար կը գնէ հինգ հաց՝ տան մէջ կայ երեք տղամարդ, որ պէտք է առողջ ու կուշտ սնանին. դդմաճ, իւղ, պանիր, քանի մը քիլօկրամ շաքարաւազ՝ առաւօտեան նախաճաշին քաղցր թէյի համար, սուրճ, ամուսինին ծխախոտ, իսկ մանկահասակ երեխաներուն քանի մը հատ տուրմ ու թխուածքաբլիթներ։ Աւա՜ղ մսեղէնի ու պտուղի համար գումար չմնաց… Իսկ խոժոռ դէմքով վաճառորդուհին այս ամէնը կը տեղաւորէ հինգ-վեց կերպընկալէ տոպրակներու մէջ.

-Եթէ կարելի է երկու տոպրակ խնդրեմ՝ աղբ թափելու համար։

-Ոչ, կարելի չէ։ Ասոնք կը պարպես, մէջը աղբ կը լեցնես, անտարբերութեամբ կը պատասխանէ անդուռն վաճառորդուհին։

Բախտն այսօր արեգակի հետ միասին ժպտաց շինարարական հրապարակի մէջ աշխատող բանուորներուն։ Վարպետն ու ճարտարապետը այսօր քանի մը ժամով ուշ պիտի մնան։ Այսպիսի հնարաւորութիւն հազար տարին անգամ մը կ՚ընձեռուի։ Շուտափոյթ քանի մը պարկ աւազ ու կրաղիւս վաճառեցին ծանօթի մը։ «Ո՛չ, սա գողութիւն չէ։ Ամէն մարդ ալ կ՚ընէ, ոմանք աւելի շատ կը տանին։ Երէկ Սուրիկը կէսգիշերին թաքուն եկաւ եւ ինչքան կրցաւ տարաւ… Յանցաւորը մենք չենք՝ պետութիւնն է։ Թող ապրելու համար բարեկեցիկ պայմաններ ստեղծէ ժողովուրդի համար, որպէսզի մենք ստիպուած չըլլանք նման միջոցներու դիմելու»։ Երեկոյեան իր խղճին հաշուետուութիւն տուած ատեն կ՚արդարանայ անոնցմէ մին։

Նմանատիպ մարդիկ երբեւէ անկարող են ըմբռնելու, թէ «պետականութիւն» բառի «պետը» կը նշանակէ ըլլալ պիտանի՝ երկրիդ ու շրջապատիդ։ Այնուհետեւ պէտք է ըլլաս «ական» երկիրդ պաշտպանելու, զարգացնելու համար։ Լաւ գրիչը, իմաստուն միտքը, հանճարեղ գաղափարը, սիրոյ խոստովանութիւնը, հոգատար վերաբերմունքը կրնայ ըլլալ ական։ Իսկ «ութիւնը» պարզապէս յիշեցում մըն է այն մասին, թէ կեանքի վերջին կանգառին մեզմէ իւրաքանչիւրը պիտի հաւասարի սա վերջածանցին։ Սակայն խիստ ցանկալի է՝ մինչեւ վերջածանցին անցնիլը ուղղորդուիլ ճիշդ բառարմատներով։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2020