Վահրամ Ալազան. Տաղանդաւոր Գրողը

Մա­յիս 6-ին, 112 տա­րի ա­ռաջ, Վա­նի մէջ ապ­րող Մար­տի­րոս Գա­բու­զեան (կամ Գար­բու­զեան) ա­նուն հա­մեստ հա­յու մը ըն­տա­նե­կան յար­կին տակ, լոյս աշ­խարհ ե­կաւ մանչ զա­ւակ մը, ո­րուն ա­նու­նը դրին Վահ­րամ։ Մա­նուկ Վահ­րամ հա­զիւ սկսած էր հա­սակ նե­տել եւ պա­տա­նե­կան տա­րի­քը թե­ւա­կո­խել, երբ հասաւ 1915-ին ար­հա­ւիր­քը… Բազ­մա­հա­զար վա­նե­ցի­նե­րու հետ, ար­մա­տա­խիլ ե­ղաւ նաեւ Գա­բու­զեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը, որ ռու­սա­կան նա­հան­ջող զօր­քին հետ ան­ցաւ Ե­րե­ւան եւ հոն բնա­կու­թիւն հաս­տա­տեց։

Պա­տա­նի Վահ­րա­մին ո­դի­սա­կա­նը այդ­պէ­սով վերջ չգտաւ սա­կայն։

Գ­­րա­կան տա­ղան­դի տէր ե­րի­տա­սար­դը, իր աչ­քին առ­ջեւ կեր­տո­ւող հայ ժո­ղո­վուր­դի ա­զա­տու­թեան եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան ար­շա­լոյ­սը ող­ջու­նե­լէ ա­ւե­լի, Չա­րեն­ցի ներշն­չու­մով՝ մեծ յոյ­սե­րով փա­րե­ցաւ հիւ­սի­սէն բա­ցո­ւող «Այ­գա­բաց»ին, հա­ւա­տաց «աշ­խա­տա­ւո­րա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան» խոս­տա­ցած «դրախ­տին», որ­պէս­զի շու­տով անդ­րա­դառ­նար, թէ զոհ գա­ցած էր մե­ծա­գոյն ինք­նա­խա­բէու­թեան…

Ար­դէն Վահ­րամ Ա­լա­զան գրչա­նուն հաս­տա­տո­ւած բա­նաս­տեղծ-ար­ձա­կա­գիր ու գրա­կան-հա­սա­րա­կա­կան գոր­ծիչ էր ան 1936-ին, երբ նաեւ ցմահ աք­սո­րի դա­տա­պար­տո­ւե­ցաւ՝ Ս­­տա­լի­նեան Մաք­րա­գոր­ծում­նե­րու ար­շա­ւին զոհ եր­թա­լով եւ շուրջ քսան տա­րի սի­պի­րեան կա­լա­նա­վայ­րե­րու մէջ իր ող­բեր­գա­կան ճա­կա­տա­գի­րը ցմրուր ճա­շա­կե­լով։

Հան­րա­գի­տա­կան ամ­փոփ տե­ղե­կան­քով՝ Վահ­րամ Ա­լա­զան իր սկզբնա­կան կրթու­թիւ­նը ստա­ցաւ ծննդա­վայր Վա­նի Ա­րարք թա­ղա­մա­սի ծխա­կան դպրո­ցին մէջ։ Ան­ձամբ տե­սաւ եւ ապ­րե­ցաւ ող­բեր­գու­թիւ­նը եւ ըն­տա­նի­քին հետ ա­պաս­տան գտաւ Ե­րե­ւան, ուր ան, ուս­ման զու­գըն­թաց, մաս­նա­գի­տա­ցաւ գրա­շա­րու­թեան մէջ։ 1918-ին, Վահ­րամ «Ու­րար­տու» տպա­րա­նին մէջ կ՚աշ­խա­տէր որ­պէս գրա­շար-բա­նո­ւոր, իսկ 1921 թուա­կա­նին՝ «­Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տան» օ­րա­թեր­թի գրա­շար էր։

Վահ­րամ Գա­բու­զեան ստո­րագ­րու­թեամբ տպագ­րո­ւե­ցաւ ա­նոր ա­ռա­ջին բա­նաս­տեղ­ծու­թիւ­նը՝ «­Կար­միր յաղ­թա­նա­կը»։ Այ­նու­հե­տեւ մա­մու­լի է­ջե­րուն լոյս տե­սան ա­նոր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րը, պոէմ­նե­րը, պատ­մո­ւածք­ներն ու ակ­նարկ­նե­րը, այս ան­գամ ար­դէն «Ա­լա­զան» ստո­րագ­րու­թեամբ։

Գ­­րա­կան իր գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին տա­րի­նե­րուն ան ստո­րագ­րած է Յոր­ձանք եւ Վ. Ա­նո­ղոք ծած­կա­նուն­նե­րով։ Յե­տոյ յար­մար գրա­կան ա­նուն ո­րո­նե­լու ժա­մա­նակ՝ մտա­բե­րած է տա­րի­ներ ա­ռաջ իր կար­դա­ցած Գէորգ Բա­շին­ջա­ղեա­նի «Ա­լա­զա­նի դաշ­տա­վայ­րում» խո­րագ­րով յօ­դո­ւա­ծը։ Վահ­րա­մին հաճելի ե­կած է Ա­լա­զան ա­նու­նը, որ այ­նու­հե­տեւ դար­ձաւ ա­նոր գրա­կան ա­նու­նը։

1922 թուա­կա­նին հրա­տա­րա­կո­ւե­ցաւ Ա­լա­զա­նի անդ­րա­նիկ գիր­քը՝ «­Տա­րի­նե­րի խա­ղը» պոէմը։ Այդ տա­րի­նե­րուն Ա­լա­զան աշ­խու­ժօ­րէն մաս­նակ­ցե­ցաւ խորհր­դա­հայ գրա­կան ու քա­ղա­քա­կան կեան­քին։ Ե­ղաւ «Ա­վան­գարդ» թեր­թի հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը (1922), «Տ­­պագ­րա­կան բա­նո­ւոր» բազ­մատ­պա­քա­նակ լրա­գի­րին խմբա­գի­րը (1922-1930), Հա­յաս­տա­նի Պ­­րո­լետգ­րող­նե­րի Ա­սո­ցիա­ցիա­յի նա­խա­գահ (1923-1932), Հա­յաս­տա­նի եւ Անդր­ֆե­դե­րա­ցիա­յի Կենտ­գործ­կոմ­նե­րի ան­դամ (1923-1936), Հա­յաս­տա­նի Գ­­րող­նե­րու միու­թեան վար­չու­թեան ա­ռա­ջին քար­տու­ղար (1933-1936), «Գ­­րա­կան Թերթ»ի խմբա­գիր (1932-1936)։

1936-ին, որ­պէս Ան­ձի Պաշ­տա­մուն­քի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի ա­պօ­րի­նու­թեանց զոհ, ան տասնութ տա­րի են­թար­կո­ւե­ցաւ խիստ ճնշում­նե­րու, մին­չեւ որ դա­տա­պար­տուե­ցաւ ցմահ աք­սո­րի։

1954-ին, լրիւ ար­դա­րա­ցո­ւե­լէ յե­տոյ, Վահ­րամ Ա­լա­զան վե­րա­դար­ձաւ հայ­րե­նիք, բայց բան­տե­րու եւ աք­սո­րա­վայ­րե­րու մէջ իր կրած ա­հա­ւոր տա­ռա­պանք­նե­րուն հե­տե­ւան­քով՝ ան միայն եր­կու տա­րի կրցաւ վա­յե­լել ա­զա­տու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ տասը տա­րի (1956-1966), մին­չեւ մա­հը, կա­թո­ւա­ծա­հար գա­մո­ւած մնաց ան­կող­նի մէջ։

Միայն 1990 թո­ւա­կա­նին, ար­դէն Ա­լա­զա­նի մա­հէն քա­ռորդ դար յե­տոյ, նոր լոյս տե­սաւ ա­նոր «­Տա­ռա­պան­քի ու­ղի­նե­րում» գիր­քը, ուր հե­ղի­նա­կը կը ներ­կա­յաց­նէ Ս­­տա­լի­նեան Բռ­­նաճն­շում­նե­րու ժա­մա­նակ կրած իր տա­ռա­պանք­նե­րը։

Վահ­րամ Ա­լա­զան մահացաւ 1966-ի Մա­յիսի 17-ին եւ թա­ղո­ւե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­յին պան­թէո­նին մէջ։

Ա­լա­զա­նի «­Մա­քա­ռում­ներ» (1933), «­Բա­նաս­տեղ­ծի սիր­տը» (1954) եւ «­Հո­րի­զոն­ներ» (1957) գիր­քե­րուն մէջ ամ­փո­փո­ւած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը ար­ժէ­քա­ւոր նմոյշ­ներ են հայ չա­փա­ծո­յի մէջ։

1934-ին հրա­տա­րա­կո­ւած Ա­լա­զա­նի «­Վաթ­սու­նե­րորդ հո­րի­զո­նում» վէ­պը իր կար­գին կը նկա­տո­ւի խորհր­դա­հայ ար­ձա­կի տա­ղան­դա­ւոր նմոյշ­նե­րէն մէ­կը։

Նոյն­պէս՝ «­Հիւ­սի­սա­յին աստղ» վէ­պը։

Վահ­րամ Ա­լա­զան հե­ղի­նակ է նաեւ բազ­մա­թիւ քա­ղա­քա­կան-հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան, գրաքն­նա­դա­տա­կան ար­ժէ­քա­ւոր յօ­դո­ւած­նե­րու։

Վ. Նո­րեն­ցի հետ Ա­լա­զան կազ­մած, խմբագ­րած եւ հրա­տա­րա­կած են Միսաք Մե­ծա­րեն­ցի «Եր­կե­րի լիա­կա­տար ժո­ղո­վա­ծու»ն, «Ա­րեւմ­տա­հայ բա­նաս­տեղծ­ներ» հա­տըն­տի­րը եւ Պետ­րոս Դու­րեա­նի «­Տա­ղե­րը»։

­Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեանի ար­ժե­ւո­րու­մով՝ «­Վահ­րամ Ա­լա­զան կը պատ­կա­նի այն գրող­նե­րուն, ո­րոնք չեն մո­ռաց­ուիր եւ որ­պէս մարդ ու որ­պէս ստեղ­ծա­գոր­ծող կ՚ապ­րին բո­լո­րի հետ»:

Իսկ Հ­­րա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի վկա­յու­թեամբ՝ «­Վահ­րամ Ա­լա­զա­նի բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րէն շա­տե­րը վե­րա­ծո­ւած են եր­գե­րու, ո­րոնք տա­րա­ծո­ւած են ժո­ղովուր­դի մէջ եւ մաս­սա­յա­կա­նու­թիւն կը վա­յե­լեն»։

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Երեքշաբթի, Մայիս 12, 2015