Շաբաթ 30, Նոյեմբեր 2024
ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐԸ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ շաբաթավերջին Մայրերու օրուան առթիւ տեղի ունեցաւ եզակի հանդիսութիւն մը։ Այսպէս, մանկապարտէզի փոքրիկները անմոռանալի օր մը պարգեւեցին իրենց մայրերուն։ Աւելի քան շաբաթ մը մանկապարտիզպանուհիներու հսկողութեան ներքեւ կատարուած պատրաստութիւններուն արդիւնքը եղաւ իսկապէս տպաւորիչ։ Փոքրիկները հանդէս եկան երգերով, արտասանութիւններով ու պարերով, նաեւ որպէս յիշատակ՝ իրենց պատրաստած ձեռագործ իրեղէնները նուիրեցին մայրերուն։
Հանդէսի աւարտին Մայրերու օրուան առթիւ կտրուեցաւ կարկանդակ մը եւ յաջորդած ընդունելութեան տեւողութեան շարունակուեցաւ տօնական մթնոլորտը։
Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2015
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024