ԱՆԳԼԻԵՐԷՆ ԲԱՌԱԽԱՂԻ ՄՐՑՈՅԹ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ այս տա­րի 9-րդ ան­գամ կազ­մա­կեր­պուած է միջ­վար­ժա­րա­նա­յին անգ­լիե­րէն բա­ռա­խա­ղի (Scrabble) մրցոյ­թը։ Ե­րէկ միջ­նա­կար­գե­րու հան­դի­պում­նե­րը տե­ղի ու­նե­ցան վար­ժա­րա­նի սրա­հին մէջ, իսկ այ­սօր տե­ղի կ՚ու­նե­նան լի­սէին­նե­րը։

Միջ­նա­կար­գե­րու մրցոյ­թի ա­ւար­տին ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ եզ­րա­փա­կիչ հան­դի­սու­թիւն մը։ Է­սաեան լի­սէի տնօ­րէ­նու­հի Սա­թե­նիկ Նշան եւ միջ­նա­կար­գի տնօ­րէ­նու­հի Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, ինչ­պէս նաեւ մաս­նա­կից վար­ժա­րան­նե­րու անգ­լիե­րէ­նի ու­սու­ցիչ­նե­րը մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին մրցա­նա­կա­բաշխ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան։ Խմբա­յին դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Է­սաեան, ո­րուն յա­ջոր­դե­ցին Պէզ­ճեան եւ Մէ­րա­մէթ­ճեան։ Ան­հա­տա­կան դա­սա­ւոր­ման մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­սա­ցաւ Սա­րին Արս­լան (Պէզ­ճեան), ո­րուն հե­տե­ւե­ցան Ա­րիս Նշան (Է­սաեան) եւ Թա­լիա Ճամ­կէօզ (Է­սաեան)։

Պար­գե­ւատր­ման ա­ւար­տին բո­լո­րը հա­մախմ­բուե­ցան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ, ուր փո­խա­նա­կուե­ցան շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2015