ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ, ԹԷ ՍՓԻՒՌՔ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ. ՅԱՒԵՐԺԱԳՆԱՑ ՀԱՐՑԱԴՐՈՒՄՆԵՐ

Մեզ բոլորս մտատանջող եւ յաճախ լսելի դարձող կայ հարցում մը, որ ժամանակի եւ պայմաններու սահմանափակումներէն դուրս է. հարցումը կ՚ըսէ, արդեօք մենք՝ հայերս հասկցած ե՞նք զիրար։

Մէկ քաղաքի, մէկ թաղի, մէկ շէնքի, մէկ երկրի ու մէկ աշխարհի մէջ ապրող հայերս կարողացած ենք զիրար լսել, իրարու հետ ըլլալ, իրարու օգնել ու մանաւանդ մէկ նպատակի համար պայքարիլ...

Այս հարցումին պատասխան գտնելը ոչ միայն անշնորհակալ գործ է, այլ նաեւ մեծ պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրէ, տրուած ըլլալով, որ ներկայ ժամանակներու համահայկական օրակարգը ի մի բերող, այդ օրակարգին համար իրապէս տառապող ու օրակարգին լուծումները որոնել փորձողները ոչ միայն քիչ են, այլ նաեւ անոր համար, որ կ՚ապրինք տարերային ժամանակներու մէջ։

Ամէն տեղ մեզ կը հարուածէ տեղայնականը, նեղ առանցքներու վրայ եղողը, խիստ անձնականը եւ նոյնիսկ ներանձնականը ու այս բոլորին պատճառով է նաեւ, որ համահայկական բոլոր մակարդակի նախաձեռնութիւնները կը տուժեն ու մեզ կը դնեն կատարուած իրողութիւններու մեծ ծրարի մը առջեւ։

Աշխարհը «պատէ-պատ» զայնող «Քովիտ»էն առաջ ալ մենք նոյն խնդրին առջեւ էինք ու շատ հաւանաբար մեր այս անորոշութիւնը տակաւին երկար ժամանակով շարունակուի։

Այս բոլորէն անդին յստակ է նաեւ, որ համահայկական մեծ օրակարգի ձեւաւորման, այդ օրակարգի աշխուժացման եւ արիւն ու միս դառնալուն մէջ ամենահիմնական եւ նոյնիսկ որոշիչ դեր ունեցող երկիրը Հայաստանն է։

Հայաստանը միայն մեր զգացական մղումներուն, մեր երազներուն ու սպասումներուն գոյացած հողն ու երկիրը չէ միայն, այլ է քաղաքական միաւոր, որուն համար երկար տարիներու ընթացքին մեր ունեցած ու մշակած, պատրաստած ու հասցուցած բոլոր տեսլականները ունին բիւրեղեայ իմաստ եւ կարեւորութիւն։

Բիւրեղ ադամանդը չի փշրուիր թերեւս, բայց կրնայ քէննալ, հեռանալ եւ իյնալ ցեխերու մէջ ու արժեզրկուիլ։

Նոյնն ենք մենք, ու Հայաստանի համար ամենակարեւորը մեզի համար մեր երազներուն, մեր տեսլականներուն մեր էութենական սպասումներուն պահպանումն է։

Ու ատոր համար է նաեւ, որ մենք (այդ մենքի սահմանումը անպայման օր մը կը կատարեմ) երբեք չենք հարցուցած, թէ ինչ պիտի տայ Հայաստանը մեզի։ Տուած ենք ամէն ինչ ու դեռ ալ պատրաստ ենք տալու, առանց պայմանի, առանց ակնկալիքի ու առանց սպասումներու...

Միայն թէ այդ երազը, այդ տեսլականը, այդ ոգին, այդ «ցնորք»ը պաշտպանուի։ Միայն թէ Հայաստանը լաւ ըլլայ, ապրի, բարգաւաճի ու մեզ ալ ապրեցնէ...

Քիչ մը հեռուները գացի ու աւելիով պարզանալու եւ մեր ոտքերը գետին դնելու նպատակով խօսքը եւ ձայնը պիտի տամ ամերիկահայ հրապարակախօս Յարութ Սասունեանին, որ վերջերս Հայաստան-սփիւռք նիւթին շուրջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը տուած էր հայաստանեան «Առաջին լրատուական» կայքին։ Նշեմ, որ հարցազրոյցը կատարած է հայրենի լրագրող՝ Սիրանոյշ Պապեան։

Ստորեւ հարցազրոյցը՝

-Պարոն Սասունեան, օրերս նախագահ Արմէն Սարգսեան իր հարցազրոյցի ընթացքին իւրայատուկ երեւոյթ որակած է հայկական սփիւռքը՝ նշելով, որ սփիւռքահայերու ներուժը, յատկապէս անոնց գիտելիքներն ու փորձը, առաւել արդիւնաւէտ օգտագործելու համար անհրաժեշտ է հաստատութենական մօտեցում ունենալ` օրէնսդրական եւ գործնական միջոցառումներու համադրումով, որոնք ուղղուած կ՚ըլլան անոնց մասնակցութեան ընդլայնման՝ հասարակական, քաղաքական կեանքի եւ յատկապէս, երկրի մշակութային եւ տնտեսական զարգացման մէջ։ Ինչպէ՞ս կը գնահատէք այս յայտարարութիւնը։

-Այս թեմա մըն է, որուն ես շատ մօտիկէն ծանօթ եմ եւ երկար տարիներ աշխատած եմ անոր վրայ։ Ըսեմ, որ նախագահի դիտարկման, որ պէտք է սփիւռքի ներուժը աւելի լաւ օգտագործել, լիովին համաձայն եմ, որովհետեւ անկախութեան երեսուն տարիներու ընթացքին, սփիւռքի ներուժի հաւանաբար հինգ տոկոսը չենք օգտագործած։ Բացի այդ, երբ «սփիւռք» բառը կ՚օգտագործենք, այդ շատ ընդհանրական բառ է եւ ունի բազմաթիւ իմաստներ։ Բազմաշերտ է սփիւռքը, ուր կան ամէն տեսակի մարդիկ, անհատներ եւ համայնքներ։ Անոնք բաւական տարբեր են իրարմէ իրենց պատմութեամբ եւ հնարաւոր չէ խօսիլ միայն սփիւռքի մասին, պէտք է խօսինք սփիւռքներու մասին։ Իսկ վերջին 40-50 տարիներու ընթացքին Հայաստանէն բազմաթիւ հայեր արտագաղթած են աշխարհի չորս կողմը։ Սփիւռքի վերջին շերտն է, որ լիովին տարբեր է աւանդական սփիւռքէն։ Եւ այս բոլոր տարբերութիւնները պէտք է հաշուի առնել։ Հիմա մենք ունինք սփիւռքի գործերու յանձնակատար, որ թէեւ վերջերս չի կարենար ճամբորդել, բայց մինչ այդ տարբեր հանդիպումներ ունեցաւ սփիւռքի ներկայացուցիչներու հետ։ Պէտք է ըսել, որ այս շատ բարդ աշխատանք է։ Գալով Արմէն Սարգսեանի առաջարկներուն՝ այո, համաձայն եմ, որ պէտք է հաստատութենական ըլլայ, բայց տարբեր մարդիկ այդ կը հասկնան տարբեր իմաստով։ Հաստատութենական ըսուածը նախ պէտք է բացատրել, կան զանազան տարբերակներ։ Օրինակ՝ այդ հաստատութենական կառոյցը ո՞վ պէտք է ձեւաւորէ։ Կայ երկու կարծիք. մէկը այն է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ինք նախաձեռնէ սփիւռքի կառոյցի կազմակերպումը, նաեւ կայ այլ կարծիք, որ սփիւռքահայերը իրենք պէտք է կազմակերպեն իրենք զիրենք։ Ես աւելի համամիտ եմ երկրորդ տարբերակին, որովհետեւ սփիւռքը բաւականին տարբեր է Հայաստանէն, եւ Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն իսկ աշխատանք ունի Հայաստանի ժողովուրդը ղեկավարելու, կառավարելու, եւ ինչ որ շատ աւելի դժուար գործ է, որ դեռ կարողանայ սփիւռքը ղեկավարել եւ հասկնալ սփիւռքի հարցերը։ Մենք կը կարծենք, որ զիրար լաւ կը հասկնանք, սակայն իրականութեան մէջ, լաւ չենք ճանչնար զիրար։ Անշուշտ կան քանի մը բացառութիւններ, բայց այդ բացառութիւնները շատ քիչ թիւ կը կազմեն։ Սփիւռքի մեծ մասը Հայաստանը լաւ չի ճանչնար եւ Հայաստանն ալ սփիւռքը լաւ չի ճանչնար, եթէ սփիւռքը փորձէ Հայաստանը ղեկավարել, չի յաջողիր, կամ եթէ Հայաստանը փորձէ սփիւռքը ղեկավարել, կրկին չի յաջողիր։ Ուրեմն Հայաստանի ժողովուրդը պէտք է կառավարէ Հայաստանը եւ սփիւռքը պէտք է ղեկավարէ սփիւռքը։

-Կրնա՞նք ըսել, որ Հայաստանի նորագոյն պատմութեան որեւէ իշխանութիւն առաջնահերթութիւն չէ դիտարկած սփիւռքը եւ բաւարար քայլեր չէ առած այդ ուղղութեամբ։

-Անշուշտ, կարելի չէ ըսել, որ որեւէ քայլ չէ առած, որոշ քայլեր առնուած են։ Վերջին տասն տարիներուն ունէինք սփիւռքի նախարարութիւն, այդ կը նշանակէր, որ կառավարութիւնը կարեւորութիւն տուած էր սփիւռքին եւ նախարարութիւն ձեւաւորած էր։ Կրնանք վիճիլ, թէ որքանո՞վ այդ նախարարութիւնը օգտակար էր եւ արդիւնաւէտ իր աշխատանքներով, բայց որոշ փորձեր եղած են։ Եւ հիմա վերջին կառավարութիւնը սփիւռքի յանձնակատարի պաշտօնով, կը փորձէ իր մօտեցումով սփիւռքի հարցերով զբաղիլ։ Ես այն կարծիքին եմ, որ պէտք է նախարարութիւն ըլլար եւ ոչ յանձնակատար։ Եւ եթէ նախարարութիւնը լաւ չէր աշխատած, պէտք էր նոր ուժերով, նոր ծրագիրներով աւելի լաւ աշխատիլ։ Ես միշտ կ՚ըսեմ, որ եթէ պաշտպանութեան նախարարութիւնը լաւ չէ աշխատած, այդ չի նշանակեր, որ պէտք է փակել պաշտպանութեան նախարարութիւնը, այդ կը նշանակէ, որ պէտք է բարելաւել, նոյնը սփիւռքի նախարարութեան հետ կապուած. եթէ նախարարութիւնը ինքզինք չէր արդարացուցած, պէտք էր բարելաւել զայն։

-Նախագահը նաեւ նշած է, որ մեր առաքելութիւնը հասկնալի է, ուժեղ պետութեան միջոցով հասնիլ ազգի «ցանցային կերպար»ին։ «Ցանցային կերպար» ունենալու գաղափարը որքանո՞վ իրատեսական է։

-Անշուշտ, եթէ պէտք է կազմակերպուի, պէտք է կազմակերպութիւնը հիմնուի ցանցերու վրայ եւ ամէն ինչ պէտք է ծրագրաւորուի, որպէսզի սահուն ընթանայ։ Եւ պէտք է յստակ ծրագիր ըլլայ. ես դէմ չեմ, որ մենք հանդիպինք եւ տարբեր գաղափարներ առաջարկենք, իրարու հետ վիճինք, բայց վերջաւորութեան պէտք է եզրակացութեան գանք։ Եւ պէտք է քուէարկութեան դրուի եւ ժողովրդավարական ձեւով եզրակացութեան հասնինք։

Վերջին երեսուն տարիներուն, դժբախտաբար, ինչպէս բոլորը կ՚ըսեն, Հայաստանի կառավարութիւնը սփիւռքին նայած է, որպէս կթան կով եւ միայն մտածած են փողի եւ եկամուտի մասին, թէ ինչպէս փող ստանան սփիւռքէն։ Փողը, ի հարկէ, կարեւոր է, բայց շատ աւելի կարեւոր է սփիւռքի մասնագէտներու ներուժը։ Հայաստանը ունի այդ մասնագէտներուն կարիքը եւ Փաշինեանն ալ կը խօսի անոր մասին, պէտք է որոշ օրէնքներ փոխուին, բայց որեւէ յառաջընթաց այդ ուղղութեամբ չ՚երեւիր: Սփիւռքի երրորդ կարեւոր ներուժը այն է, որ սփիւռքահայերը կ՚ապրին հարիւր երկիրներու մէջ եւ կ՚աշխատին օտար երկիրներու մէջ ու ունին տեղացի հարեւաններ, ընկերներ ու անոնք ալ ունին բաւականաչափ ներուժ եւ մասնագիտութիւն. սփիւռքահայերը կրնան օտարները ներգրաւել եւ անոնց ծանօթացնել Հայաստանը, իրենց հետ Հայաստան բերել եւ օգնել, որ անոնք ալ մասնակցին Հայաստանի մէջ ներդրումներ ընելու, նաեւ անոնց մասնագիտութիւններով օգտակար ըլլան։ Այսինքն՝ միայն հայերը չէ, որ կրնան օգնել Հայաստանին, կարելի է նաեւ օտարներն ալ ներգրաւել մեր աշխատանքներուն մէջ։

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Երկուշաբթի, Յուլիս 13, 2020