ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՆՏԻՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԳԼԵՐԷՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անգլերէն թատրոնի խրախճանք մը։ Իններորդ անգամ կազմակերպուեցաւ այս ծրագիրը, որուն շրջագծով Պէզճեան Մայր վարժարանի, Գալֆաեան Տան, Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի եւ հիւրընկալ Թարգմանչաց վարժարանի թատերախումբերը հանդէս եկան ներկայացումներով։ Բուն ծրագրին զուգահեռ պարտէզին մէջ զետեղուած տաղաւարներէն անգլերէնով գնումներ ալ ըրին խրախճանքի մասնակից տղաքը։
Թատերական ծրագրին առընթեր, խրախճանքի մասնակիցները այցելեցին թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ուր Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ջերմ վերաբերմունքով ողջունեց բոլորը։ Հայր Սուրբը, որ հետեւած էր նաեւ թատերական ներկայացումներուն, կարեւորեց օտար լեզուներու իմացութիւնը ու միեւնոյն ժամանակ շեշտեց, թէ պէտք չէ մոռնան նաեւ մեր մայրենին։