«ԵՍ Ո՞Վ ԵՄ»

Երեքշաբթի, օգոստոս 4, 2020։

Պէյրութի նաւահանգիստի ահաւոր պայթումը ցնցեց քաղաքը։ Քուէյթ նստած՝ հեռատեսիլի եւ ընկերային տեղեկատուութեան ցանցերու միջոցաւ սկսայ հետեւիլ, բայց առանց կարենալ արցունքներս զսպելու։ Այնքան, որ քուէյթեան տեղական թերթերէն մին  Պէյրութի այս պայթում-աղէտը որակեց՝ որպէս «Պէյրութոշիմա»։

Իսկ պայթումին պատճառնե՞րը…

Բացայայտուեցաւ, որ բաւական երկար տարիներէ ի վեր Պէյրութի նաւահանգիստի շտեմարաններէն մէկուն մէջ մեծ քանակութեամբ քիմիական պայթուցիկ եւ թունաւոր բաղադրութիւններ ի պահ դրուած էին։ Չ՚ուշանար շարունակուող քաշքշուքը, թէ այս վտանգաւոր նիւթերու եւ անոնց պահեստի կարգադրութիւնները արդեօք եղած են պետակա՞ն կամ զինուորակա՞ն արտօնութեամբ ու տակաւին այլ կարգադրութիւններով։ Բայց այն ինչ, որ յստակ է հետեւեալն է. բոլոր վտանգաւոր բաղադրութիւնները ի պահ դրուած են նաւահանգիստի մը մէջ, որ մայրաքաղաքի կեդրոնական շրջանէն ներս է՝ շրջապատուած բազմաթիւ բնակելի թաղամասերով։

Պէյրութի փողոցները վայրկեանի մը մէջ սկսան քանդուիլ մէկը միւսին ետեւէն։ Մէկ կողմէ սկսան յայտարարուիլ մահացած անհատներու թիւերը, իսկ միւս կողմէ՝ վիրաւորները։ Ու տակաւին անոնք, որոնք կորսուած են։

Չուշացան հայկական գաղութի մարդկային թէ կալուածային վնասները՝ Պուրճ Համուտի եւ Նոր Հաճընի մէջ ու տակաւին այլուր։ Մինչեւ օրս ունինք աւելի քան տասն մահ, բայց աւելի քան երկու հարիւր եւ յիսուն վիրաւոր, նաեւ եկեղեցական, կրթական, կուսակցական, միութենական, բարեսիրական կեդրոններու կրած ահաւոր վնասները։ Լիբանանցիներու հոգեկան ծանր իրավիճակին վրայ այս պայթումը եկաւ աւելիով բարդացնելու անոնց տագնապալի ներաշխարհը։

Զգացի, բայց նաեւ հասկցայ, թէ արցունքներուս ետին կար իրականութիւն մը, որ կարելի չէր թաքցնել։ Հասկցայ, թէ աշխարհագրական հեռաւորութիւնը ջերմութիւնս եւ սէրս Լիբանանի նկատմամբ չէ պակսեցուցած։ Լիբանան ծնած եմ եւ Պէյրութը տունս է։ Ճիշդ է, որ շատ կը ճամբորդեմ եւ յաճախ աշխարհագրականօրէն հեռու կը մնամ Լիբանանէն, բայց միշտ կար ու կը մնայ տուն վերադառնալու գրաւականը։

Լիբանանէն քաղաքական, ապահովական, տնտեսական թէ ընկերային փորձաքարերը եւ անոնց պատճառած բազմաթիւ ելեւէջներն ու փոթորկոտ իրավիճակները՝ անպակաս չմնացին իր պատմութեան վերջին քառասուն տարիներու ժամանակահատուածին մէջ։ Այսպէս եղաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն սկսած, մինչեւ այսօր. ապրեցանք երկրի միջհամայնքային տարակարծութիւնները եւ առճակատումները։ Ապրեցանք երկրին համար մշակոյթի վերածուած կաշառակերութիւնը եւ անոր ստեղծած կարգավիճակները։ Լիբանան մը, որ կեանքի նկատմամբ անպատասխանատու կեցուածք մը իւրացուցած է, ուր ամէն բան կարելի է իրականացնել՝ օրինական ձեւով թէ օրինազանցութեամբ։ Այս ստեղծած է իրեն յատուկ կենսամակարդակ մը, բայց՝ մանաւանդ կենսաոճ մը, որուն քաղաքացին պէտք է յարմարուի։

Այս յարմարուող կեանքերը հասան տեղ մը, ուր պոռթկացին։ Պոռթկումը ամբոխին, որ խելագարուած դուրս եկաւ հոկտեմբեր 2019-ին՝ պահանջելով արդար եւ մաքուր համակարգ մը։ Հոն, ուր մարդուն եւ քաղաքացիին իրաւունքները՝ նիւթական թէ հոգեկան, կը պաշտպանուէին։ Կեանք մը, որուն իշխող քաղաքական ու պետական վերնախաւը արդար եւ շիտակ ձեւով պէտք էր յարաբերուէին ժողովուրդին հետ։ Մէկ խօսքով, ժողովուրդը կը պահանջէր իր պետութեան յարգանքը նոյնինքն քաղաքացիին նկատմամբ։

Ժողովուրդին պոռթկումը կամաց-կամաց մարեցաւ այս տարուան սկիզբները։ Վրայ հասաւ համավարակը, որով Լիբանան՝ ինչպէս բոլոր աշխարհ, անշարժացաւ։ Տնտեսական վիճակի ահաւոր անկումը, տակաւին դրամատուներու տագնապը աւելիով սրեցան։ Ժողովուրդի տքնաջան աշխատանքով վաստկած եկամուտը, որ ի պահ դրուած էր դրամատուներու մէջ, «սառեցաւ», ինչ որ աւելիով պատճառ եղաւ քաղաքացիին անվստահութեան՝ երկրի ղեկավարութեան եւ պետական վարչամեքենային նկատմամբ։

Օգոստոս 4-ի պայթումը եթէ մարդկային եւ ֆիզիքական ահաւոր աւերներ գործեց, բայց երեւի նոյնքան նաեւ մինչեւ օրս կուտակուած ընկերային եւ քաղաքացիական տագնապը հասցուց իր գագաթնակէտին։ Հիմա կը գտնուինք նոյնինքն այդ ամենէն բարձր տագնապի հարթակին վրայ։

Պետութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւնը կը կազմաւորուի երկկողմանի յարաբերութեան մը մէջէն։ Այս յարաբերութեան բարւոք յառաջխաղացքը կ՚ապահովուի, եթէ կայ փոխադարձ յարգանք։ Ժողովուրդը պետութեան նկատմամբ կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտաւորութիւնը եւ փոխադարձաբար պետութիւնը ժողովուրդին կ՚ապահովէ բարւոք կենսամակարդակ։ Այս եղած է պատմութեան ստեղծած եւ հաստատած յարաբերութեան հաշտ գործընթացը՝ պետական վարչամեքենաներու եւ ժողովուրդներու միջեւ։

Օգոստոս 4-ի պայթումը բացայայտ թէ անյայտ իր պատճառներով պայթեցուց նաեւ երկար ժամանակէ ի վեր տակաւ առ տակաւ կուտակուած անվստահութեան տակառը պետութեան եւ ժողովուրդի փոխյարաբերութեան մէջ։ Պայթումը եւ անոր աւերները ահաւոր հետեւանքներ կը ձգեն երկրին եւ ժողովուրդին վրայ, բայց նոյնքան նաեւ՝ յուսահատութեան, յոգնութեան եւ մանաւանդ աղքատութեան նշաններ։

Լիբանան պատմութեան ընթացքին շատ ապրած է տագնապի փորձառութիւնը։ Թէեւ այդ փորձառութիւններուն մէջէն Լիբանան ընկրկած է, բայց դարձեալ ոտքի կանգնած է։ Այս ալ Լիբանանի եւ իրեն յատուկ հրաշք-կենցաղն է կարծէք։ Բայց չէ՞ որ ամէն բան կարելի է իրականացնել Լիբանանի մէջ։

Հայրս կեանքի ընթացքին յաճախ կը կրնկէր ֆրանսերէն ժողովրդային խօսք մը. «լիբանանցին լաւ ապրող է»։ Չեմ գիտեր ուրկէ իմացած էր։ Երեւի ինք ալ իր փորձառութենէ՞ն։ Այո՛, Լիբանանի հմայքը լաւ ապրելու կենցաղին մէջ է։ Իսկ լաւ ապրելու համար պէտք է իմանալ, թէ ինչպէս եւ ինչ ձեւով։ Ինչպէսը եւ անոր գիտելիքները կարծէք փիւնիկեան ժառանգ են, զոր Լիբանանը եւ լիբանանցին ստացած է եւ ատով յառաջ կը քշէ իր կեանքը։ Եթէ ինք կը զարմանայ իր այս իւրայատկութեան վրայ, բայց նոյնքան նաեւ կը զարմացնէ աշխարհը։

Արցունքներուս մէջէն կը փորձեմ տեսնել լիբանանցիին այս «լաւ ապրելու» կենցաղը, բայց չեմ ուզեր մոռնալ առկայ մտահոգութիւնը՝ պետութիւն-ժողովուրդ յարաբերութեան մէջ։ Պակաս օղակ մը կայ այս յարաբերութեան մէջ։ Այդ պակասն է՝ ժողովուրդին եւ պետութեան միջեւ մեծ բացութիւնը։

Եթէ Լիբանանի պետութիւնը այսօր պարտաւորուած է երկրի հազար ու մէկ մտահոգութիւններուն տալ բարւոք պատասխաններ եւ լուծումներ, ապա այդ բոլորին մէջէն քաղաքացին ունի մէկ մեծ եւ հիմնական մարտահրաւէր մը՝ ուղղուած պետութեան։

«Ես ով եմ»։

Պետութեան համար քաղաքացին ո՞վ է եւ ի՞նչ է։

Լիբանան այսօր եւ ամէն ժամանակէ աւելի պէտք ունի խաղաղութեան, համերաշխութեան, բայց՝ մանաւանդ արդարութեան։ Կը հասկնանք, թէ տարածքաշրջանի եւ միջազգային ուժերը քաղաքական իրենց հաշուարկումներու եւ սակարկութիւններու մէջէն կրնան իրենց ազդեցութիւնը բանեցնել Լիբանանի բարօրութեան եւ յառաջխաղացումին համար։ Բայց ճիշդ չէ՝ Լիբանանի բոլոր քաղաքական հանգոյցները եւ անոնց բարդութիւնները բեռցնել միջազգային թատերաբեմին վրայ։ Կայ նաեւ տեղական պարտականութիւն մը, որ կարելի պէտք է ըլլալ իրագործել։

Պարտականութիւն մը, որով կարելի պիտի ըլլայ կամրջել պետութիւն-քաղաքացի յարաբերութիւնը։ Հոն, ուր պետութիւնը իր վարկը կը վայելէ եւ քաղաքացին ունի պարտականութիւններ եւ պարտաւորութիւններ։ Այդ յարգանքն է, որ կրնայ ընկերային եւ տնտեսական համերաշխութիւն եւ արդարութիւն ստեղծել երկրին մէջ՝ անկախ բոլոր միջազգային անցուդարձերէ։

Այս յարգանքը կերտելու համար ու տակաւին ամբողջացնելու համար պակասաւոր այդ օղակ-բացը պետութիւն-ժողովուրդ յարաբերութեան մէջ, Լիբանանի քաղաքացին այսօր իր պետութենէն կը սպասէ իր ուղղած հարցումին պատշաճ պատասխան մը։

«Ես ո՞վ եմ»։

Ճիշդ ու պատշաճ պատասխանն է, որ պիտի կերտէ պետութեան եւ քաղաքացիի միջեւ ստեղծուած բաց-օղակը՝ իմմա յարգանքը։ Յարգանքի այս օղակն է, որ կը շինէ խաղաղութիւն, համերաշխութիւն եւ արդարութիւն։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 10, 2020