ՄԵԿՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԻ ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ
ԳԼՈՒԽ Զ.
ՅՈՐԴՈՐԱԿ ՊԱՏԱՐԱԳԻ
Նայեցէ՛ք, եղբայրներ, անճառ բարիքները, զորս պարգեւեց մեզի Քրիստոս՝ Աստուծոյ Որդին, այլեւ Անոր անչափ սէրը, որովհետեւ երբ մարդիկ զիրար սիրեն, օտար կերակուր եւ առժամանակեայ պարգեւներ կու տան, իսկ մեր Տէրը այնքան սիրեց մեզ, մինչեւ Իր Սուրբ Մարմինն ու Արիւնը տուաւ մեզի, որ յաւիտենական կեանքի պատճառ է: Իսկ թէ ինչքա՞ն սրբութիւն պէտք են մեզի, որպէսզի մեծ պարգեւներուն արժանանանք, կը ցուցնէ նախ նոյնինքն Փրկիչը. «Եթէ զոհարանին վրայ ընծադ Աստուծոյ մատուցանելու ատեն յիշես, որ եղբայրդ վշտացած է քեզմէ, ձգէ՛ ընծադ զոհարանին առջեւ, գնա նախ հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ» (Մտ 5.23-24), որովհետեւ եղբօր հաշտութիւնը աւելի կը համարէ, քան իր պատարագը: Եւ տե՛ս, որ ոչ թէ միայն կը պահանջէ մեծամեծ մեղքերէն մաքրուիլ, այլ՝ փոքր խէթէն իսկ, որ է բարկութեան մնացորդ, որ ոխակալութիւն կ՚ըսենք, եւ այն մոռացումի անցած է մեր մէջ։ Եւ դարձեալ, որովհետեւ եղբօր կ՚ըլլայ խէթը, եւ ոչ ոք հրամայեց Պատարագ չկատարելը: Ապա, ինչքա՞ն լրբենի համարձակութիւն կ՚ըլլայ, եթէ ոխակալութիւն եւ ատելութիւն ունի, կամ նախանձ, կամ հպարտութիւն, կամ այլ որեւէ բան, եւ կը յանդգնի Սուրբ Խորհուրդին մօտենալ:
Խօսք. Պօղոս Առաքեալը կ՚աղաղակէ. «Ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ եւ բաժակէն խմէ» (Ա. Կր 11.28), եւ հաց կը կոչէ ու բաժակ, որովհետեւ հացին եւ գինիին գոյացութիւնը փոխուած է Քրիստոսի արիւնին ու մարմինին, իսկ պատահմունքները մնացած են, այս է՝ գոյնը, համը եւ հոտը, երկու պատճառի համար. մէկը՝ որպէսզի կարողանանք ճաշակել որպէս սովորական կերակուր, քանի որ եթէ յայտնի միս եւ արիւն ըլլար, չէինք կրնար հպիլ. երկրորդ՝ որպէսզի հաւատքով տեսնենք, թէ Քրիստոսի մարմինն ու արիւնն է, եւ ո՛չ թէ աչքով, որովհետեւ հաւատքի վարձատրութիւնն է, իսկ հաւատքը աներեւոյթին նկատմամբ է, ու ինչպէս այս հացը, նոյնպէս ալ Քրիստոսի մարդեղութեան մարմինին կերպարանքը, չափը եւ գոյնը մարդու էր, իսկ մարդուն գոյացութիւնը Աստուծոյ Բանին միացած էր ու աստուածացեալ:
Դարձեալ՝ հաց կը կոչուի, որովհետեւ հայցելով կու տայ մեզի այդ հացը, այլ եւ հաց, այսինքն՝ քանի որ հաւատքի հայցումով կու տայ մեզի այդ կերակուրը:
Դարձեալ՝ հացը բանական մարդուն կերակուր է, իսկ այն հացը մեր հոգիներուն համար կերակուր է ու հաւատքով ճաշակողներուն յաւիտենական կեանք կու տայ, այդ պատճառով Առաքեալը կ՚ըսէ. «Ամէն մարդ նախ ինքզինքը թող քննէ եւ ապա միայն այս հացէն ուտէ» (Ա. Կր 11.28): Քննել, ընտրել ու մաքրել հոգին, եւ այնպէս քննէ, որ ինք տեսնէ սրբութիւնը իր հոգիին մէջ, որովհետեւ ուրիշներուն բազմաթիւ կերպերով մենք մեզ սուրբ կը ցուցնենք:
Երեք կերպով կը մաքրուինք [սրբուինք]. նախ՝ զղջումով, երկրորդ՝ խոստովանութեամբ, երրորդ՝ ապաշխարութեամբ, մեր հոգին, մարմինն ու միտքը կը մաքրենք: Ապա թէ ոչ, տե՛ս ահաւորը, որ յետոյ կ՚աւելցնէ. «Այս է ահա պատճառը, որ ձեր մէջ բազմաթիւ հիւանդներ ու ցաւագարներ կան եւ բազմաթիւ են նաեւ անոնք՝ որ նոյն պատճառով մեռան» (Ա. Կր 11.30). այսինքն՝ որովհետեւ բազմաթիւ ցաւեր եւ հիւանդութիւններ կան մարմինին վրայ եւ վաղաժամ մահ կ՚ըլլայ՝ անարժանապէս հաղորդուելէն եւ [անարժանապէս] Պատարագի մասնակցելէն:
Երրորդ՝ դարձեալ Պօղոս կ՚ըսէ. «…իրենք իրենց համար վերստին խաչը կը հանեն Աստուծոյ Որդին» (Եբր 6.6): Եւ դարձեալ խայտառակութիւն. տե՛ս, որովհետեւ խաչողներուն կը նմանցնէ անարժանապէս հաղորդուողները, եւ այս է պատճառը, քանի՝ ինչպէս որ հրեաները զՔրիստոս սոսկ մարդ կը կարծէին, այդ պատճառով ալ խաչեցին, ինչպէս Պօղոս կ՚ըսէ. «Այս աշխարհի իշխաններէն ոեւէ մէկը չհասկցաւ այդ իմաստութիւնը. որովհետեւ եթէ հասկցած ըլլային՝ խաչը չէին հաներ Տէրը, որ այդ փառքը պարգեւողն է» (Ա. Կր 2.8), նոյնպէս եւ ան սոսկ մարդ կը համարէ զՔրիստոս, այդ պատճառով ալ կը ժպրհի ու Անոր Մարմինը եւ Արիւնը կը ճաշակէ: Ահա, տեսէ՛ք, եղբա՛յրներ, որ եթէ աշխարհական մարդը անարժանապէս հաղորդուի, այսպիսի պատուհաս ունի իր անձին միայն, իսկ եթէ քահանան անարժանութեամբ պատարագէ, պատուհասը աշխարհին է, քանի՝ ինչպէս որ արժանաւոր Պատարագը աշխարհին հաշտութիւն եւ փրկութիւն է, նոյնպէս ալ անարժան քահանայինը՝ բարկութիւն է աշխարհին, ինչպէս ըսուեցաւ՝ հիւանդութիւն, սով, սուր, վաղաժամ մահ, եւ այլն, տակաւին՝ խաչողներուն կարգին կը դասէ անարժան քահանան: Ապա, սուրբ հայրերը ինկած քահանային արգիլեցին պատարագելը, որովհետեւ թէեւ Պատարագը ճշմարիտ է, որովհետեւ Աստուծոյ Բանն է եւ Սուրբ Հոգին, որ Պատարագը կը կատարեն, սակայն երբ աշխարհին պատուհաս կ՚ըլլայ եւ ինքը՝ Քրիստոսը խաչողներէն կ՚ըլլայ, ի՞նչ է օգուտը Ժամ կատարելու, այլ՝ վա՜յ է մեզի հազար բերան եւ եղուկ անմխիթար վիշտերուն համար, քանի որ յաւիտենական կեանքի դեղը՝ յաւիտենական մահուան պատճառ կ՚ըլլայ, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ: Ապա, մենք պէտք է զգոյշ ըլլանք, որպէսզի յաւիտենական մահուան պարտական չգտնուինք:
Չորրորդ՝ քահանան Սուրբ Պատարագի ընթացքին կ՚ըսէ. «Մի՛ ոք յերախայից», եւ այլն: Չորս են ասոնք. մէկը՝ երախաները, որոնք տակաւին մկրտուած չեն. մէկը՝ թերահաւատները, որոնք չեն հաւատար թէ Սուրբ Խորհուրդը Աստուծոյ Որդիին ճշմարիտ մարմինն ու արիւնն է. մէկը՝ անմաքուրը, որ իր մեղքերուն չէ զղջացած ու չէ խոստովանած. եւ մէկն ալ՝ ապաշխարողներն են, որոնք մեղքերուն փոխարէն բարիք չգործողներն են: Ասոնք եկեղեցիէն կ՚արտաքսէ, որպէսզի չտեսնեն Սուրբ Խորհուրդը, այլ՝ դուրսէն ձայնը լսեն: Այն ցոյց կու տայ, թէ անարժանները Աստուծոյ Արքայութենէն պիտի ելլեն, ինչպէս յիմար կոյսերը, որոնց դիմաց առագաստին դուռը փակուեցաւ, սակայն միայն սարսափելի ձայնը կը լսէին Փեսային, թէ՝ հեռո՛ւ գացէք, եւ երեսը չտեսան:
Դարձեալ նայինք այս անճառելի Խորհուդրի օրինակին, որ Եսային տեսաւ Տէրը բարձր աթոռի վրայ նստած ու սերովբէները Անոր չորս կողմը, որ ունելիով կայծերու սեղանէն առնելով մօտեցուց Մարգարէին շրթունքներուն (հմմտ. Ես 6.1-8), այլ՝ բարձր աթոռին վրան նստած Տէրը Քրիստոսն է՝ Աստուծոյ Որդին, սեղանին վրայ բազմած, իսկ սերովբէները անմարմին զօրքերն են, քանի ուր որ է փառաց Տէրը, այնտեղ են հրեշտակները, որոնք սպասաւորութիւն կ՚ընեն Անոր, իսկ հուրին կայծը Քրիստոսի մարմինն է, որ Աստուածութեան կրակին միացած է, իսկ ունելին, որով կայծակը առաւ, այսինքն՝ մեր հաւատքն ու սէրն է: Դարձալ՝ հոգիի ու մարմինի սրբութիւն, դարձեալ՝ ունելին սէրն է, որպէսզի անով կարողանանք Քրիստոսի միանալ: Եւ միտքովդ տե՛ս, թէ սերովբէին ջերմութիւն կ՚ըսուի եւ հուրէն գոյացած ունելիին կարօտ կը մնար, որպէսզի հուրին կայծը բռնէր, մենք՝ հողեղէններս, ինչպէ՞ս Աստուած հուրը անարժանութեամբ մեր մէջ կրենք ու չայրինք, որովհետեւ մեր Աստուածը սպառող հուր է, որ անարժանները կը վառէ ու կ՚ապականէ: Եւ ո՞ւր պիտի ըլլան այդպիսնիները, որոնք չար սովորութեամբ միշտ անխտրաբար կը հաղորդուին, ո՛չ խոստովանելով եւ ո՛չ ալ մեղքերը խոստովանելով, ու մեղքերուն պատճառները կը պատճառեն, թէ՝ ապաշխարութեան փոխարէն մօտեցիր, հաղորդուէ եւ մաքրուէ: Իսկ մենք հրաժարինք այդպիսի չար խորհուրդներէ, ո՛չ անարժանութեամբ հաղորդուիլ, ո՛չ ալ չարաչար հեռու մնալ, որովհետեւ երկուքն ալ չար են, ինչպէս կամուրջին վրայ, վերի կողմէն անցնիլը կամ տակը իյնալը չար է, սակայն մէջէն անցնիլը բարի է, եւ ինչպէս կրակէն շատ հեռանալ ու շատ մօտենալը չար է, սակայն չափաւորը բարի է, նոյնպէս հաղորդութեան համար իմացիր:
Եւ արդ, եղբա՛յրներ, երկուքն ալ չար են, ինչպէս ցոյց տրուեցաւ, սակայն առաւել չար է ծուլութեամբ հրաժարիլ Սուրբ Խորհուրդէն:
Չորս բան կը ցուցնէ. նախ՝ անհաւատութիւնը, որ չի հաւատար Քրիստոսով փրկուելուն: Երկրորդ՝ յուսահատութիւնը, որովհետեւ հատած է յաւիտենական կեանքի յոյսը: Երրորդ՝ ատելութիւնը, որ չի՛ սիրեր Քրիստոսի միանալ: Չորրորդ՝ հոգիին հիւանդութիւնը, որովհետեւ ինչպէս հիւանդը կերակուր չ՚ուզեր, նոյնպէս եւ ան՝ հոգեւոր եւ առաողջարար կերակուրը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շար. 65
Վաղարշապատ