Տ.Տ. ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՕՐՈՎ՝ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄ ՓԱԿԵԱԼ ՎԱՆՔԵՐՈՒՆ

«Պիտի տքնինք վերանորոգելու եւ վերազարդարելու մեր հայրենի սրբավայրերը, որոնք մեր հոգեւոր կեանքի սիւները կը հանդիսանան եւ զմայլելի յուշարձանները հայ ճարտարապետութեան»

ՎԱԶԳԷՆ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ (1955 դեկտ.1)

ՀԱՍԵԱԼ ԷՐ ԺԱՄ

Ատենը պիտի գար, որ Սովետական կարգերու չորրորդ տասնամեակէն ետք, դէպի Հայաստանի անկախութեան բարեպատեհ ճանապարհին, գրաւեալ եւ փակեալ վանքերը հետզհետէ եւ ամբողջովին պիտի դառնային կրկին սեփականութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ, թօթափելով միանգամընդմիշտ իրենց վրայէն պետութեան հակակշիռը։ Ժամանակն ու մանաւանդ առաջնորդող անձը նախախնամական հանդիպումով պիտի կատարէին պատմական այդ մեծ վերադարձը՝ յանձին Ամենայն Հայոց նորընտիր Կաթողիկոս Տ.Տ. Վազգէն Ա. Շինարար Հայրապետին, 1955 թուականէն սկսեալ։

Վեհափառ Հայրապետի ձեռնհասութիւնն ու յաջողութիւնը, հակառակ Խորհրդային անկրօն դրութեան, կը կայանար իր բարձր դիրքին եւ մանաւանդ իրաւ քաղաքագէտ եւ դիւանագէտ անձին կարողութեան մէջ, որոնց շնորհիւ սկիզբէն կարողացաւ ստեղծել բնականոն յարաբերութիւն եւ մշակել համապատասխան վարմունք Երեւանի եւ Մոսկուայի համայնավար իշխանութեանց հետ։ Իր անդրանիկ Կոնդակին մէջ կ՚ըսէր. «Պիտի տքնինք վերանորոգելու եւ վերազարդարելու մեր հայրենի սրբավայրերը, որոնք մեր հոգեւոր կեանքի սիւները կը հանդիսանան»։

Կարեւորութեամբ նկատի ունենալ նաեւ սա պարագան։ Ձեռնարկուած շինարարութիւնները մի՛այն վերանորոգութեանց կը վերաբերէին, եւ ոչ իսկ մէկ հատ նորակառոյց եկեղեցւոյ եւ կամ կրօնական բնոյթ կրող ի նորոյ կառոյցի մը, բան մը որ վճռականապէս անկարելի էր այդ շրջանին։ Վազգէն Հայրապետի խելամտութիւնն ու հնարամտութիւնը կայացաւ այդ նոյն պայմանին մէջ այսինքն վանքեր, եկեղեցիներ, վանական համալիրէն ներս գոյութիւն ունեցող հին կառոյցներ վերանորոգելու պահանջին ներքեւ, կատարել շինարարական հսկայ աշխատանք, առանց մասնաւոր կարիքը յայտնելու նոր եկեղեցւոյ մը շինութեան։ Այս ձեւով վերանորոգեալ հին եկեղեցիները արդէն սկսան ծառայել որպէս ծխական եկեղեցիներ, որքան ատեն որ անոնց շուրջ կամ մօտ մնայուն բնակչութիւն կը տիրէր։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՆԵՐԸ

1957 թուին Վազգէն Ա. Հայրապետի նախագահութեամբ Մայր Աթոռի յատուկ եօթ Ճարտարապետներու Յանձնաժողով մը կազմուեցաւ՝ մասնակցութեամբ ճարտարապետներ Միքայէլ Մազմանեանի, Կարօ Ղաֆադարեանի, Վարազդատ Յարութիւնեանի, Արծրուն Գալիկեանի, Ռաֆայէլ Իսրայէլեանի, Կոստանդին Յովհաննիսեանի, Պաղտասար Արզումանեանի, պատուոյ նախագահութեամբ Մարտիրոս Սարեանի եւ Գրիգոր Խանջեանի։ Յանձնաժողովը ամսական կանոնաւոր հանդիպումներ ունեցաւ Էջմիածնի Վեհարանին մէջ՝ նախագահութեամբ Վեհափառ Հայրապետին։ Արտասահմանի բարերարներ գործնապէս քաջալերեցին կատարուելիք աշխատանքները, աննախընթաց գումարներ հասցնելով անոնց իրագործման համար։ Հայրապետի գահակալութեան առաջին տասնամեակին հետեւեալ պատկառելի արդիւնքը ձեռք բերին, որ ինքնին եղաւ պերճախօս ապագայի նկատմամբ։

ԳՕՇԱՎԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ

Հին անուամբ Նոր Գետիկի վանքը, որ 1213 թուականէն ետք յայտնի եղաւ Գօշավանք անունով։ Վերանորոգուեցաւ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրով 1959-1961 տարիներուն։ Վանքին համալիրը կ՚ընդգրկէ չորս եկեղեցիներ, գաւիթ մը, սեղանատուն, գրադարան եւ մատուռներ։ Հիմնական եկեղեցին Ս. Աստուածածինն է կառուցուած 1196-ին, որուն շուրջ աւելի ուշ կառուցուած են միւս շէնքերը։ Գօշավանքը միջնադարեան հռչակաւոր առակագիր եւ իրաւաբան Մխիթար վարդապետ Գօշի անունին նուիրուած է, եւ Վազգէն Հայրապետի օրով երբ եկեղեցւոյ գմբէթին թմբուկը քանդեցին, «քանդակազարդ գօտու խախտում յառաջացաւ եւ պետութիւնը լրիւ վերանորոգեց արանքում դնելով երկու երկաթ եւ պեդոն գօտիներ»։ Գաւիթին տանիքը հիմնապէս նորոգուեցաւ, ի նորոյ ծածկելով զայն «տեղական տուֆով»։

Գաւիթին հարաւը կը գտնուի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին «պազիլիքաների տիպի» շինուած 13-րդ դարուն։ Շքամուտքին երկու «ասեղնագործ» խաչքարեր մնացած են վարպետ Պօղոսի ձեռքով քանդակուած 1291 թուին, որոնցմէ մին 1935-ին Երեւանի Պետական թանգարան փոխադրուած է։ Վազգէն Հայրապետի օրով 1959-ին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին եւս նորոգութեան ենթարկուեցաւ ճարտարապետներ Ա. Թամանեանի եւ Շ. Ազատեանի նախագիծով, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կից թաղակապ սրահն ալ, որ կը միացնէ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ գրատունը եւ սեղանատունը Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցիին։

Գօշավանքի հարաւ-արեւմուտքը կայ Ս. Գէորգ եկեղեցին քառակուսի յատակագիծով, որուն գմբէթի թմբուկին վրայ «Խաչատուր վարդապետի եւ Բարսեղ շինողի» անունները արձանագրուած են 1354 թուականով։ 1957-ին սկսաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ նորոգութիւնը, գմբէթն ու թմբուկը քանդելով եւ «լրիւ վերաշինելով»։ Եկեղեցւոյ արեւմուտքը տեղադրուած է փոքրիկ մատուռ մը, որ Մխիթար Գօշի դամբարանը կը համարուի։ 1958-ին Ս. Գէորգ եկեղեցիէն մինչեւ դամբարանը աստիճաններ կառուցուեցան ճարտարապետ Կարօ Ղաֆադարեանի նախագիծով։

Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ
 ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐ, ՊԱՐԻՍՊ, ՎԵՀԱՐԱՆ

Էջմիածնի Մայր Տաճարէն ներս անմիջապէս կատարուեցաւ սալայատակի նորոգութիւնը, որուն յաջորդեց մարմարապատ նոր Աւագ Սեղանին կառուցումը։ Տաճարին հարաւային փլած գմբէթի ձեւաւորումը եւ Աւագ Սեղանի ներքեւ հեթանոսական կրակարանի յայտնաբերումը եղան հնագիտական եւ պատմական շատ կարեւոր ներդրումներ։ Ճարտարապետներ իսկոյն ձեռնարկեցին տաճարի հիմերուն եւ արտաքին պատերուն վերանորոգման աշխատանքին, եւ ներքին մարմարեայ բազրիքներու, շրջափակի սալայատակման եւ ստորերկրեայ ջրանցքներու վերականգնումին։ Վերջապէս լրացուցին նաեւ տաճարի լման տանիքին կապարապատումը, դռներու եւ լուսամուտներու երկաթեայ շրջանակներու կառուցումը։ Այս բոլորը «Գալուստ Կիւլպէնկեան» կտակի յատկացումներով։ Շուտով մայրավանքէն ներս վանքի շուրջբոլորը պարսպապատեցին սրբատաշ տուֆ քարերով, անոր յաջորդեց ամբողջական եւ հիմնական վերանորոգումը Նոր Վեհարանին, զոր Վազգէն Հայրապետի Մոսկուայի իշխանութեանց 1957 թուին անձամբ ներկայացուցած խնդրանքով վերադարձուցեր էին Մայր Աթոռին։

ՎԵՀԱՐԱՆԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՒԱԾ

Մայր Աթոռի Վեհարանը կառուցուած էր 1913-1914 տարիներուն բարերարութեամբ Աղեքսանդր Մանթաշեանի, հիմնարկէքը Մատթէոս Բ. Իզմիրլեան Կաթողիկոսը կատարած էր, եւ բացումն ալ՝ Գէորգ Ե. Սուրէնեան Կաթողիկոսը։ Վազգէն Ա. Պալճեան Կաթողիկոսի գահակալութենէն երկու տարի ետք, Սովետական Միութեան Մոսկուայի կեդրոնին մատուցած իր խնդրագիրով արտօնութիւն ստացած էր տիրանալու շէնքին, որ ներքնապէս լրիւ քայքայուած էր տասնամեակներու անխնայ գործածութեամբ պետական մարմիններու կողմէ որպէս «հիւանդանոց, որբանոց եւ զօրանոց»։ Մեր առաջին 1958 թուի Մայր Աթոռ այցելութեան տեսեր էինք հեռուէն անմխիթար եւ արգելակներով փակուած այդ հոյակապ շէնքը, եւ երկրորդ իմ այցելութեան 1969-ին ականատես կ՚ըլլայի հրաշալի ու վերանորոգեալ պատկառելի Ամենայն Հայոց Հայրապետի Վեհարանին։ Վազգէն Վեհափառի աշխատանքին շնորհիւ քառասուն տարի իր բախտին լքուած շքեղ ու հաստատուն Վեհարանը հիմնապէս վերանորոգուեցաւ, ներքնապէս մարմարապատուեցաւ, դահլիճներով, գահասրահով, դէպի երկրորդ յարկը առաջնորդող մարմարեայ սանդուխներով։ Շինարարական աշխատանքները ղեկավարուեցան ճարտարապետ Արծրուն Գալիկեանի կողմէ։

ՆՈՐԱՎԱՆՔ, ՏԱԹԵՒ, ՀԱՂԱՐԾԻՆ, ՀԱՌԻՃ

Մայր Աթոռի վերստացած չորս հռչակաւոր վանքերն էին Նորավանքի, Տաթեւի, Հաղարծինի եւ Հառիճայ վանքերը, որոնք պետութիւնը Ս. Էջմիածնին վերադարձուց 1959 թուականին Վազգէն Կաթողիկոսի առաջարկով եւ համաձայնութեամբ Հայաստանի պատմական յուշարձաններու պահպանութեան յանձնաժողովին, ինչպէս կը հաղորդէր Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի դիւանը։

Սիւնեաց Օրբելեան իշխանական տան աթոռանիստն էր Նորավանքը 1170 թուականէն սկսեալ, որուն առաջին աթոռակալն էր Ստեփանոս Գ., որդին Սիւնեաց Գրիգոր Մեղրիկի քահանային։

Նորավանքը, որ մեր օրերուն Վազգէն Ա. եւ Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսներու օրով վերանորոգուեցաւ բարերարութեամբ Տիգրան եւ Տիանա Հաճէթեաններու, Զաքարեան իշխաններ 1211 թուին ազատագրած էին Սիւնեաց նահանգին հետ միասին։ Վանքին նաւակատիքը կատարուած է Լիպարիտ Օրբելեանի վկայութեամբ, «ես Լիպարիտ, թոռն մեծն Օրբելեանց շինեցի զվանքս որ կոչի Նորավանք»։ Համալիրի Ս. Գրիգոր եկեղեցին 1275 թուին կառուցուած է Սիրանես ճարտարապետի ձեռքով, իսկ դամբարանը՝ Տարսայիճ Օրբելեանի պատուէրով։ 1216-ին սակայն Նորավանք եւ Տաթեւ առանձինն գոյատեւեցին մօտ 70 տարիներ, առանց համագործակցելու, մինչեւ որ Ստեփանոս Օրբելեան միաւորեց երկուքը՝ «որոշեցինք մէկ միաբանուած տուն լինել՝ միաւորելով Տաթեւն ու Նորավանքը»։

Նորավանքի ամենէն աչքառու եկեղեցին «Բուրթելաշէն» Ս. Աստուածածինն է իր հոյակապ մուտքով եւ գմբէթով, ճարտարապետութեամբ հռչականուն Մոմիկի եւ կառուցուած 1339-ին իշխանաց իշխան Բուրթելի կողմէ։ Մոմիկ մեռած է նոյն տարին շինութեան աւարտին։ Նորավանքը այցելելու առիթը ունեցայ 2001 թուին, բարերար Տիգրան Հաճէթեանի հետ, եւ հիացայ վանքի դիրքին եւ զմայլելի ճարտարապետութեան։ Նորոգութեան բացման նաւակատիքը կատարեց Տ.Տ. Գարեգին Ա. Կաթողիկոսը երբ արդէն անկարող էր խօսելու իր ծանր հիւանդութեան հետեւանքով։ Նոյն տարին 1999 յունիսին Հայրապետը վախճանեցաւ։

Տաթեւի վանքը պատմական Սիւնիք նահանգի ամենէն հռչակաւոր վանական համալիրն է գլխաւոր Ս. Պօղոս-Պետրոս եկեղեցիով կառուցուած 895-906 թուականներուն Սիւնեաց Յովհաննէս Եպիսկոպոսի ջանքերով։ Համալիրը ունի նաեւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին 848 թուականէն։

Կառուցուած է նաեւ Ս. Աստուածածին եկեղեցին 12-րդ դարուն։ Իսկ ճօճուող եգաւազան սիւնը. կառուցուած է յանուն Ս. Երրորդութեան 895 թուին։ Վանքը աւերուած է Սելճուքեան արշաւանքներու ընթացքին եւ երկրաշարժերու հետեւանքով՝ վերջին անգամ 1931 թուին։ Այսօր Տաթեւի վանքը ամբողջովին վերականգնած է շնորհիւ Վազգէն Ա. Հայրապետին՝ 1959 թուականէն սկսեալ։ Նոյն տարին վերանորոգ-ւած են նաեւ Հաղարծինի եւ Հառիճայ վանքերը։

ՀՌԻՓՍԻՄԷ, ՇՈՂԱԿԱԹ, ՕՇԱԿԱՆ

Ս. Հռիփսիմէ տաճարի վերանորոգումը, նոր Սեղանի կառուցումը, շրջապատի բարեկարգումն ու այգիներու տնկումը, տաճարի պարսպապատումը եւ նոր դարպասի կառուցումը, յուշարձա-աղբիւրի կառուցումը, բոլորն ալ Վազգէն Հայրապետի գահակալութեան առաջին տարիներուն տեղի ունեցան։ Շողակաթի տաճարի վերանորոգումը, Օշականի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հիմնական նորոգումը, նոր Սեղանի կառուցումը, ներքին նկարազարդումն ու Ս. Մեսրոպ Մեծ Վարդապետի դամբարանի բարեկարգումը գրեթէ միաժամանակ աւարտեցան։ Օշականի ներքին թարգմանչաց յատուկ որմնանկարներու ի նորոյ իւղաներկումը, ինչպէս նաեւ արտաքին շրջապատի հիմնական վերայարդարումը նկատեցի ի տարբերութիւն առաջին (1958) եւ երկրորդ (1969) այցելութիւններուս։

Հայրենի պետութիւնը բազմաթիւ այլ վանքերու եւ յուշարձաններու վերանորոգման հոգածու եղաւ Վազգէն Հայրապետի հետեւողական աշխատանքներուն շնորհիւ, կարեւոր մասամբ լրացնելով ինչ որ ան սկսած էր եւ շարունակ կը հետապնդէր հին վանքերու նորոգութիւնը իրագործել, իր հետ ունենալով Ճարտարապետներու Յանձնաժողովը։ Կարեւոր է նշել դարձեալ, թէ Հայաստանի պետութիւնն ու Մայր Աթոռը համագործակցաբար կը կատարէին այդ կենսական գործը, որուն շնորհիւ փրկուեցան կարեւոր թիւով հռչակաւոր հին վանքերն ու եկեղեցիները։

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

«Պայքար», Պոսթոն

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2020