ՀԱՄԱԿ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՎՐԱՅ

«Կռիւը սրբազան բան է, ճակատամարտը՝ երբեմն նոյնիսկ օգտակար. անոնցմէ ազգ մը դուրս կու գայ պարտուած կամ յաղթական, սակայն երկու պարագային ալ դուրս կու գայ»: (Շ. Շահնուր, «Նահանջը առանց երգի»)

Դրացիներէս մէկը ազնիւ մարդ մըն է իրլանտական ծագումով: Պէյրութի ահաւոր պայթումին յաջորդ օրը սովորական բարեւէն ետք հարցուց, թէ ծանօթներ ունէ՞ինք արդեօք Լիբանանի մէջ: Զարմացաւ եւ յուզուեցաւ, երբ իմացաւ մեր բարեկամներուն եւ ընկերներուն կրած նիւթական եւ մարմնական վնասներուն մասին: Ան իր սրտի խորքէն զգացածը յայտնեց անսեթեւեթ բառերով.

-Շատ կը ցաւիմ, դրացի՛, ահաւոր էին հեռատեսիլէն դիտածներս, աներեւակայելի: Պատրաստ եմ նուիրատուութեամբ մը մասնակցելու, եթէ... Տեղս մնացի քարացած եւ խորապէս յուզուած երանգով մը ըսի, թէ եթէ իր ցանկութիւնը պիտի մխիթարէ եւ հոգեկան խաղաղութիւն բերէ իրեն, ապա կրնայ ինծի վստահիլ, որովհետեւ յաջորդ օրը պիտի առաքէի մեր ընտանիքին ու հարազատներուն կողմէ հանգանակուած համեստ օժանդակութիւնը: Եթէ օտարը կը գուրգուրայ, ապա մենք թէ՛ որպէս սփիւռքահայեր եւ թէ՛ մանաւանդ որպէս լիբանանցիներ, որոնք ծնած ու սնած ենք այդ երկրին մէջ, ուր անցուցած ենք մեր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը եւ Փիւնիկէն նկատած ենք մեզ որդեգրող ծնողքն ու հայրենիքը, ուրեմն նուիրական դեր մը ունինք կատարելու մայրիներու երկրին ու հոն ապաստան գտած հայութեան հանդէպ:

Տակաւին 2018-էն սկսած՝ համարեա ամէն լիբանանցիի եւ հայու համար մղձաւանջ դարձած էր տիրող ընկերային անլուր գոյակռիւը, համաճարակի պատճառով ստեղծուած յոյժ բարդ վիճակը, տնտեսական-դրամատնային լլկիչ կացութիւնը եւ այս բոլորին վրայ որպէս «աղ ու պղպեղ» կը բարդուէր այս աղէտը: Կենսուրախ, ի բնէ եւ ի ծնէ լաւատես ու պատառ մը հացով օրը օր ընող լիբանանցին կ՚ընկղմէր աննախադէպ անկումային տրամադրութեան մէջ: Ան կքեր էր պարզապէս, կը զգար անզօր, շուարած, աչքերուն մէջ նոյն հարցական նշանը. «Տէ՛ր, ալ ուրիշ փորձանք մնա՞ց որ չթափեցաւ մեր գլխուն...»:

Աջէն ու ձախէն կը լսուին յուսահատական ձայներ, աղերսանքներ, «ա՛լ կը բաւէ»ներ: Ընկերներ, բարեկամներ ու հարազատներ մխրճուած են աննախադէպ եւ խոր մտահոգութիւններու գիրկը: Կը լսենք չարտասանուած, բայց ընկճուած դէմքերու վրայ դրոշմուած նոյն հարցումը՝ «ի՞նչ ընել եւ ո՞ւր երթալ», այլ խօսքով գլուխը ո՞ր պատին զարնել, սակայն ոչ մէկ բարեկամէ լսեցի «մի քիչ փող ուղարկէք»ը: Հպարտութի՞ւն, ինքնասիրութի՞ւն...:

Կը լսուին բողոքներ եւ գուշակութիւններ՝

-պէտք է վերջնականապէս հեռանալ Լիբանանէն

-այս երկիրը անիծուած է

-բոլորին աչքը այս երկրին վրայ է

-ընելիք չմնաց այլեւս

-ուր կ՚ուզէ ըլլայ, պէտք է հեռանալ...

Կը հնչեն առաջարկութիւններ՝

-պէտք է զանգուածային հայրենադարձութիւն կազմակերպուի,

-Հայաստանի պետութիւնը պէտք է իր օգնութեան ձեռքը մեկնէ

-Արեւմուտք գաղթելը «մահ» է. հոն հայ ապագայ չկայ գալիք սերունդներուն համար...

Կուսակցութեանց, ազգային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարները եկեղեցական բարձրաստիճան առաջնորդներու հետ խորհուրդ կու տան մնալ՝ յուսադրելով, թէ այս «ձախորդ օրերն» ալ կ՚անցնին:

Կը մնայ գլխաւոր խնդիրը՝ մէջտեղ մնացած հայը, առանց դպրոցի տունը ժամանակ սպաննող պարման-պարմանուհին, իր դրամական կարողութենէն զրկուած մարդը ամէն օր դրամատներու դուռերը կը զարնէ, ծնողները մէկ մտահոգութիւն ունին՝ ինչպէ՞ս ջարդուած սեղանին վրայ նուազագոյն ուտելիքը դնել: Արդար ըլլալու համար թէեւ, պէտք է ընդգծեմ եւ երախտագիտութիւնս յայտնեմ այն երիտասարդներուն, դեռատի տղաներուն եւ աղջիկներուն, որոնք աղէտին յաջորդ իսկ օրերուն ամէն բան թողած կ՚օգնէին մաքրման աշխատանքներուն եւ տուն տուն մտնելով կը հարցնէին, թէ ինչի կարիք ունէին:

Խորհուրդ տուողները շատ են, բոլորն ալ բարի մտօք, բայց որքանո՞վ հնարաւոր է բուժել վէրքերը, որքանո՞վ իրատեսական է հոս ու հոն գաղթելը, նոյնիսկ եթէ այդ հնարաւորութիւնը ընձեռուի կարգ մը երկիրներու կողմէ: Մեկնիլ ուզողը ի՞նչ ընէ ի պահ դրած իր գումարները, սեփականութիւն ունեցողը որո՞ւն վստահի իր տունն ու տեղը, խանութն ու գործատեղին: Հաւանաբար «քաոս» բառը լաւագոյնը կը յարմարի այս կացութիւնը որակելու համար:

Յատկապէս մէջտեղերը կը շրջի Հայաստան եւ Արցախ տեղափոխուելու տարբերակը: Հոս ալ կը ծառանան հարցումներ եւ հակաճառումներ: Վերջին տարիներուն Սուրիայէն եւ Իրաքէն գաղթածներէն հասած լուրերը խրախուսիչ չեն եւ յաճախ կը լսուին առակայական եւ ենթակայական դժուարութիւններ, գրասենեակային քաշքշուքներէն ծագած բազմատեսակ դժգոհութիւններ, հայրենի պետութեան եւ ժողովուրդին անպատրաստ ըլլալու մասին հնհնուքներ եւ տրտնջոցներ: Այս պահուն մեղադրելը օգուտ չ՚ըներ: Դաշտին վրայ ա՛յս է կացութիւնը ուզենք կամ չուզենք:

Չենք կրնար անտեսել նաեւ հայրենիքէն հնչած մարդասիրական կոչերը, ինչպէս հետեւեալը. «եթէ որեւէ լիբանահայ կը կամենայ ազատ կամքով բնակութիւն հաստատել Հայաստանում, ազգային մարմինների եւ հայրենի պետութեան պարտականութիւնը պէտք է լինի, ըստ ամենայնի նեցուկ կանգնել ու լայն հնարաւորութիւններ ստեղծել յիշեալների նկատմանբ...» (Թաթուլ Օհանեան):

Ովկիանոսի այս կողմը ապրողներուս համար համեմատաբար աւելի դիւրին է ըսել մխիթարական խօսքեր, կատարել թելադրութիւններ եւ տալ խորհուրդներ, ինչպէս՝ Գանատան կարծես թէ դիւրութիւններ պիտի ընծայէ կամ կ՚ընծայէ, հետեւաբար լաւագոյն լուծումը հոն երթալն է: Ուրիշներ կ՚ըսեն, թէ հայութիւնը Միջին Արեւելքէն պէտք չէ հեռանայ եւ ցոյց կու տան, թէ ինչպէս իրենց զաւակներն ու թոռները գրեթէ օտարացած են կարճ ժամանակի մը մէջ...

Անգամ մը եւս ցոյց տուինք, որ որեւէ նման աղէտի պարագային հայութիւնը՝ սկսած մեր խառնաշփոթ հանրապետութենէն մինչեւ Եկեղեցին ու կազմակերպութիւններ, չունինք որեւէ ծրագիր կամ այլընտրանք նման տագնապներու մէջէն նուազագոյն վնասով դուրս գալու, չունինք ճգնաժամը հարթելու դեղամիջոց: Հաւանաբար աջ ու ձախ այպանելը անհեռանկար ճիգ մըն է: Կը մնայ յուսալ, որ ժամանակը իր բուժիչ դերը կատարէ պայմանաւ որ մենք՝ աւելի ապահով կեանք վայելողներս, մեր ուշադրութեան կիզակէտը դարձնենք Լիբանանն ու լիբանանահայութիւնը: Ահաւասիկ պայքարի նոր դաշտ մը եւս, նոր մարտահրաւէր մը եւս, զոր պէտք է ընդունինք գիտակցութեամբ եւ համոզումով, վճռակամութեամբ եւ հետեւողականութեամբ:

Կ՚ընդգծեմ Լիբանանի նախագահ պր. Միշել Աունի սա տողերը. «Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումին պատճառով վնասուած քաղաքացիներուն կոչ կ՚ուղղեմ կառչած մնալու իրենց հողին եւ քաղաքին, իսկ հատուցումը պիտի ըլլայ արագ եւ արդար»:

Այս աղէտէն ետք պէտք չէ վհատիլ, այլ անհրաժեշտ է շարունակել մեր վերականգնումի պայքարը, որովհետեւ ճակատամարտերէն ետք այդ է յաղթական դուրս գալու գրաւականը:

ՏՔԹ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Զարթօնք», Լիբանան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 31, 2020