ԽՆԱՄՔ ԵՒ ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայորդեաց տուներու տնօրէններն ու փոխ-տնօրէնները։ Հարկ է նշել, որ Հայորդեաց տուները կը գործեն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) հովանաւորութեան ներքեւ։
Վեհարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կարեւորեց Հայորդեաց տուներու առաքելութիւնը։ Արտադպրոցական կրթութեան այդ կեդրոններու ստեղծման նպատակն էր 1990-ական թուականներու դժուարին շրջանին փողոցի ազդեցութիւններէն կտրել երեխաներն ու պատանիները, ճիշդ խնամք ու դաստիարակութիւն ապահովել անոնց համար՝ առիթ ընձեռելով զարգացնելու իրենց ձիրքերն ու շնորհները, հմտութիւնը արուեստներու, արհեստներու եւ մարմնամարզի մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ ժամանակին այդ տեսլականին վստահեցան Հայաստանի իշխանութիւնները եւ այդ նպատակով երեք կառոյցներ Երեւանի մէջ յատկացուցին եկեղեցիին։ Հայորդեաց տուները այսօր վերածուած են աւանդութիւնները ձեւաւորուած ցանցի մը։ Անոնց թիւը արդէն հասած է եօթի։ Երեւանի, Կիւմրիի, Վանաձորի, Էջմիածնի եւ Աշտարակի մէջ կը գործեն Հայորդեաց տուները։ Նոյն հովանոցին տակ է նաեւ Երեւանի Մանրանկարչութեան կեդրոնը։ Վեհափառ Հայրապետը ուրախութեամբ մատնանշեց, որ այսօր շուրջ 5 հազար աշակերտ կ՚ուսանի Հայորդեաց տուներուն մէջ։ Առաքելութեան տեւողութեան անոնք կրթած ու դաստիարակած են տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնեց, թէ ժամանակի ընթացքին բարերար հայորդիներու աջակցութեամբ հնարաւոր կ՚ըլլայ նման կրթութեան կեդրոններ հաստատել նաեւ այլ քաղաքներու մէջ։ Ըստ Նորին Սրբութեան, Հայորդեաց տուներէ ներս ոչ միայն կը բացայայտուին ու կը զօրանան հայորդիներու տաղանդներն ու շնորհները, այլեւ կը կերտուի անոնց նկարագիրը՝ խարսխուած ազգային եւ հոգեւոր արժէքներու վրայ։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան քորոնաժահրի համաճարակի պայմաններուն ներքեւ նոր ուսումնական տարուայ կազմակերպման, կրթական գործընթացի արդիւնաւէտութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցեր։