ՋԵՐՄ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց, ազգային բարերար, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոս Էտուարտօ Էօրնէքեանը։ Այս վերջինը միեւնոյն ժամանակ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի բարերարներէն է։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Էտուարտօ Էօրնէքեանին փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը՝ ազնիւ յանձնառութիւններուն բերումով։ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, որ Էտուարտօ Էօրնէքեանի հոգածութեամբ կ՚իրականացուին մեծածաւալ ծրագրեր եւ ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի առաքելութեան շարունակականութեան կը սատարէ։ Մասնաւոր անդրադարձ կատարուեցաւ Էօրնէքեանի բարերարութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէ ներս նախանշուած նոր ձեռնարկներուն։

Հանդիպման աւարտին Վեհափառ Հայրապետը եւ Էտուարտօ Էօրնէքեանը այցելեցին Մայր Տաճար՝ ծանօթանալու համար ամրակայման ու վերանորոգման աշխատանքներու ընթացքին։ Անոնք եղան նաեւ Սրբոց Հրեշտակապետաց եկեղեցին, ուր աղօթեցին միասնաբար։

Նկատի ունենալով, որ վերամուտի շրջան է՝ Վեհափառ Հայրապետը եւ Էտուարտօ Էօրնէքեան այցելեցին համանուն հանրակրթական դպրոցը, որ կը գործէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեան ներքեւ։ Անոնք դպրոցէն ներս այցելեցին զանազան դասարաններ, զրուցեցին աշակերտներու հետ՝ մանուկներուն ու պատանիներուն փոխանցելով բարեյաջող ուսումնառութեան իրենց մաղթանքները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2020