ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԵՑ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՌԷՈՒՎԷՆ ՌԻՎԼԻՆԻՆ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան Արցախի ճակատի առկայ սաստիկ բախումներու մթնոլորտին մէջ նամակ մը ուղարկեց Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլինին։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս առթիւ կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուին Իսրայէլի կողմէ զէնքի մատակարարումները Ատրպէյճանի համար։ Նամակին մէջ նշուած է, որ Ատրպէյճանի բանակը կը թիրախաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութիւնը։

Այս նամակին նշանակութիւնը կը բիւրեղանայ նաեւ «Էլ Արապիա» հեռուստակայանի վերջին հաղորդումներու պրիսմակէն։ Արդարեւ, ըստ այդ աղբիւրին, Իսրայէլ զէնքով բեռնուած օդանաւեր կ՚ուղարկէ Ատրպէյճան։

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան աղբիւրներու հաղորդումներով, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նամակին մէջ նշուած է հետեւեալը.

«Ատրպէյճանական յարձակողական գործողութիւններու հետեւանքով խաղաղ բնակչութեան եւ զինծառայողներու մէջ արձանագրուած են հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորեալներ:

«Պարոն նախագահ, ցաւալի է իսրայէլական մամուլէն իմանալ, որ ռազմական ինքնաթիռները, որոնք կ՚օգտագործուին Ատրպէյճանի կողմէ, կը մատակարարէ Իսրայէլ:

«Իսրայէլէն ուղարկուող սպառազինութիւնը, անօդաչու թռչող սարքերն ու հրետանին կ՚օգտագործուին Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան դէմ:

«Նման գործելաոճը կը նշանակէ, թէ Իսրայէլ, որուն աւելի շատ խաղաղութիւն անհրաժեշտ է, խաղաղաստեղծ դիրքորոշում որդեգրելու փոխարէն, կ՚օգնէ Ատրպէյճանին վերակենդանացնելու իր թշնամանքը Հայերու դէմ:

«Սոյն նամակով կը դիմենք Ձերդ գերազանցութեան՝ հայցելով միջնորդել Ձեր կառավարութեան՝ դադրեցնել Ատրպէյճանին զէնք մատակարարելը:

«Դուք խաղաղասէր անձ մըն էք, եւ մին՝ ով քաջածանօթ է Հոլոքոստի եւ ջարդերու հետեւանքով իր ժողովուրդի տառապանքներուն, հետեւաբար, կ՚ապաւինինք Ձեր խղճին եւ դատողութեան՝ ընելու հնարաւոր ամէն բան, որպէսզի Իսրայէլը դադրեցնէ յարձակող թշնամի Ատրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութիւնը»:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020