«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷՔ ԵՐԵՒԱԿԱՅԱԿԱՆ ՀԻՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Մարդուն ամենէն մեծ հիւանդութիւնը իր ունեցած կարծիքն է, թէ ինք ինչ որ հիւնադութեամբ կը տառապի: Այս մտածումը անոր ցաւ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ ու զինք նեղուածութեան կը մատնէ, որով ուտելիքի համը կը կորսնցնէ եւ քունն ալ կը կորսնցնէ, ու կը սկսի դեղեր առնել, որով հիւանդ կը դառնայ, ինք՝ որ լաւ ու առողջ էր: Հիւանդ մարդը դեղեր կ՚առնէ՝ առողջանալու համար, եւ այս բանը հասկնալի է. սակայն, որ առողջ ըլլայ, ու կարծէ թէ ինք հիւանդ է, եւ մտահոգութիւնը ուտէ զինք, այս մէկը չենք հասկնար: Ուղիղ մարդ մը, որ հոգեւոր եւ մարմնաւոր զօրութիւն ունի, ո՛չ մէկ գործ կը կատարէ, որովհետեւ կը կարծէ, թէ ինք հիւանդ է, որով իր վախճանը կ՚ըլլայ խամրիլ մարմնապէս եւ հոգեպէս: Չի՛ ստեր. այսպիսով, մարդուն -հաւատացած ըլլալով, թէ ինք հիւանդութեամբ մը կը տառապի- վախը կը տիրէ եւ կը սկսի տկարանալ, որով իր ուժը կը չքանայ եւ ոչինչ կրնայ ընել այլեւս:

Երբեմն խուցս մարդիկ կու գան, որոնք մարմնապէս այնքան տկարացած են՝ կարծելով, թէ իրենք միաւով (AIDS) կը տառապին: Կը հարցնեմ անոնց.

-Կրնա՞յ ըլլալ, որ բան մը պատահած է:

Կ՚ուրանան:

Կը խնդրեմ անոնցմէ, որպէսզի այսպէս՝ ի զուր տեղ չնեղուին: Աւելի լաւ է իրենց համար, որ հետազօտական քննութիւններ կատարեն, որպէսզի այդ մտածումը հեռանայ իրենցմէ: Ոմանք կը վախնան այդ քննութիւններու արդիւնքներէն, չեն պատասխաներ խնդրանքիս ու կը շարունակեն չարչարուիլ: Իսկ ուրիշներ, կը համակերպին խնդրանքիս ու կը կատարեն այդ քննութիւնները, եւ նոյնիսկ եթէ պատասխանը ժխտական ըլլայ, ժպիտը կը վերադառնայ իրենց դէմքերուն: Անոնցմէ ոմանք ուտելու ախորժակը կը կորսնցնեն ու կ՚առանձնանան իրենց տուներէն ներս, քանի որ կը վախնան կատարել այդ հետազօտական քննութիւնները: Շատ բարի, դուն միաւով կը տառապիս: Աստուծոյ համար դժուար հարց չկայ: Եթէ հոգեւորով աւելի թափանցիկութեամբ ապրեցար, եւ խոստովանեցար ու հաղորդուեցար… ապա մխիթարութիւն եւ օգնութիւն պիտի գտնես:

-Ո՜վ Ռոնտա, ինչպէ՞ս կը սկսի մարդուն մօտ այն մտածումը, թէ ինք հիւանդ է:

-Կամաց-կամաց կը սկսի աճիլ այս մտածումը: Կրնայ ըլլալ աննշան պատճառներ ըլլան, սակայն միտքը կը մեծցնէ այդ մտածումներէն մէկը:

ԿԱՐԵԼԻ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԱՆԴՐԱՆՑՆԻԼ ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՄԲ

-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս օգնութիւն կը ստանայ այնպիսին, որ կը կարծէ, թէ ինք ինչ որ բանով կը տառապի:

-Որպէսզի օգնութիւն ստանայ, այդ մարդը պէտք է հոգեւոր հայր մը ունենայ, որուն կը վստահի ու կը հնազանդի, որով իր մտածումը կը յայտնէ անոր, իսկ իր հոգեւոր հայրը կ՚ըսէ իրեն.

-Ուշադրութիւն մի՛ դարձներ այդ մտածումին, այլ՝ ուշադիր եղիր անկէ…

Եթէ չի՛ վստահիր, չի՛ հնազանդիր անոր, որով պիտի չկարենայ վռնտել այդ մտածումը: Այսպէս կը պատահի բոլոր անոնց, որոնք քովս կու գան՝ օգնութիւն խնդրելու ինձմէ, իսկ իրենք ո՛չ մէկ շօշափելի փորձ կը կատարեն այդ ուղղութեամբ:

Մարդ մը սկսաւ տուն կառուցել, իրեն ըսուեցաւ.

-Ինչպէ՞ս այսպէս տուն կը կառուցես: Շինութիւնը վրադ փուլ կու գայ:

Եթէ մտիկ ընէր, դիւրին կ՚ըլլար իր գործը, որով կը քանդէր իր կառուցածը եւ դարձեալ կը կառուցէր հաստատ հիմերու վրայ, սակայն, երբ կառուցումը իր աւարտին հասնցէ, այլեւս դիւրին չ՚ըլլար զայն քանդելը: Մարդիկ կ՚ըսեն անոր.

-Շինութիւնը վրադ պիտի իյնայ:

Ինք եւս կը գիտակցի ատոր, կը սերտէ վտանգը, սակայն կը մտածէ իր ծախսած գումարներուն եւ կրած չարչարանքներուն մասին, որով չի համարձակիր քանդելու շինութիւնը, որ շուտով իր վրայ փուլ պիտի գայ:

-Կարելի՞ է այս մարդուն օգնել:

-Եթէ ընդունի օգնութիւնը, կը ստանայ այն՝ ինչ կը փափաքի…։

Ենթադրենք, որ երիտասարդ մը շաքարախտով կը տառապի, սակայն ինք կ՚անգիտանայ վտանգը, որ կը սպառնայ իրեն: Բժիշկը կ՚ըսէ անոր.

-Քաղցրեղէնը վնասակար է:

Եթէ բժիշկին խրատը չլսէ, խնդիրները կը սկսին այցելել իրեն: Իսկ եթէ յամառի քաղցրեղէն ուտելու, որովհետեւ տաքութիւն կը պատճառեն իրեն եւ կ՚օգնեն քնանալու, ապա ինչպէ՞ս կարելի է հասկցուիլ իր հետ, երբ ինք իր կեցուածքին կը յամառի:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդուն վստահութիւնը իր մտածումին բնակա՞ն է:

-Ով որ իր մտածումին կը վստահի, շատ եսասէր է:

-Ինչպէ՞ս պիտի հասկանայ այդ բանը:

-Եթէ յիշեց իր մանկութեան որոշ դրուագները, որ ցոյց կու տան իր եսասիրութիւնը, ապա պիտի հասկնայ: Հետեւեցայ երկու երեխաներու. անոնցմէ մէկը բամպակէ ծածկոց մը վերցուց եւ բնական կերպով բարձրացուց զայն, իսկ երկրորդը՝ այնպէս բարձրացուց, որ կը կարծէր, թէ կրափոշիի պարկ մը կը վերցնէ: Երբ այս երկրորդ երեխան մեծցաւ, հասկցաւ, որ իր այդ վարուելակերպը եսասիրութեան արդիւնք է: Խոստովանեցաւ եւ զղջաց, որով իր վրայ Աստուծոյ շնորհքը եկաւ ու օգնեց իրեն: Աստուած անարդար չէ:

Ով որ իր ետեւէն իր մտածումները կը քաշէ՝ ինքնաբերաբար կը կործանի: Կրնայ ըլլալ, որ մէկը շատ խելացի ըլլայ, սակայն միշտ կը չարչարուի, որովհետեւ ինք՝ ինքզինք սիրեց եւ իր կարծիքին վրայ կառչած կը մնայ: Այդպիսին դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ եւ միտքը կը պղտորի. նման պարագայի մը այլ ելք չունի, բացի հոգեւոր հայրի մը դիմել եւ խոնարհութեամբ օգնութիւն խնդրելէ: Չնայած, որ կան մարդիկ, որոնք հոգեբոյժի կը դիմեն, որ իրենց դեղեր կը նշանակէ՝ որ սակայն իրենց խնդիրը չի՛ լուծեր, քանի որ իրենք հոգեւոր օգնութեան կարիքն ունին, որ կը դադրեցնէ իրենց կրած նեղութիւնները եւ իրենց վիճակը կը բարելաւէ:

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻՆ ԽՈՐՈՒԹԻՒՆԸ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԿԸ ԿԱՅԱՆԱՅ

Ո՜վ Ռոնտա. կարդացած եմ, որ յոյները իրենց պատերազմին մէջ իտալացիներուն դէմ, նախ փորձած են թշնամիին պարիսպները քանդել, եւ ապա յարձակած են:

-Սատանան ալ նոյն բանը կ՚ընէ. ինչպէս թշնամին նախ օդանաւերով եւ թնդանօթներով պարիսպները կը հարուածէ՝ քանդելու համար զանոնք նախքան յարձակումը, այդպէս ալ սատանան նախ մարդուն մտածումներով կը հարուածէ եւ ապա իր յարձակումը կը գործէ: Սատանան եթէ չյաջողի քանդել մարդուն մտածումը, իր յարձակումը չի գործեր, քանի որ բարի մտածումով պարսպուած մարդը (խրամատին մէջ եղող ապահով զինուորին նման է), անյաղթելի:

Ձախ (վատ) կողմը եղող մտածումը անծանօթ մարմին մըն է, եւ մարդ պէտք է արմատախիլ ընէ զայն: Մեզմէ իւրաքանչիւրը կրնայ այս ուղղութեամբ պայքարիլ, ապա ո՛չ ոք թող պատճառաբանէ որ տկար կամ անկարող է այդ բանը ընելու: Այս պայքարը զօրաւոր բազուկներ չի պահանջեր, որպէսզի ծանր մուրճ մը կամ փորիչ մը շալկէ: Հարցը կը կայանայ բարի մտածումներ ձեռք բերելուն (որոնք աջէն կու գան): Հետեւեաբար, ինչո՞ւ զարմանամ ուրիշի մը բնաւորութենէն. կրնայ ըլլալ թէ իր ըրածը ճիշդ է՝ իր խոնարհութենէն մեկնելով: Այսպիսով, պէտք է միշտ մեր մտածումները ձախէն դէպի աջ ուղղենք:

-Ո՜վ Ռոնտա. իրար կ՚անցնիմ, որովհետեւ ինչ որ կ՚ընեմ, միշտ ձախ կողմէն կ՚ըլլայ: Կը պայքարիմ, սակայն չեմ կրնար դէպի աջ դառնալ:

-Պէտք է քեզմէ դուրս հանես վատ մտածումները եւ պայքարիս զանոնք քեզմէ հեռացնելու: Եթէ ուզես յառաջընթաց ապահովել, ուշադրութիւն մի՛ դարձներ սատանայի յարձակումին եւ անոր կատարած փորձին՝ քեզ իր շարքերը անցընելուն, այլ՝ անտեսէ զինք եւ հակառակ կողմը դարձիր մեծ զօրութեամբ: Փորձէ բարի մտածումներ ձեռք ձգել, քանի որ հոգեւոր կեանքին ողջ խորութիւնը մտածումներուն մէջ կը կայանայ: Ինչպէս նաեւ հոգեւոր կեանքին մէջ յառաջընթացը մտածումին վրայ կը կայանայ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 6

29 սեպտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2020