«ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԱՅՔԱՐ» (ՊԱԻՍԻՈՍ ԱԹՈՍԱՑԻ)

ՄԻՏՔԻ ԵՒ ՍԻՐՏԻ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

•  -Ո՜վ Ռոնտա. աղօթքը չ՚օգնե՞ր միտքի մաքրութեան:

Աղօթքը առանձինն բաւարար չէ: Մարդ եթէ իր աղօթած ժամանակ մէկ քիլօ խունկ վառէ, մինչ իր միտքը վատ մտածումներով լեցուն է՝ պիտի չօգտուի, որովհետեւ հրամանը միտքէն կ՚ուղղուի դէպի սիրտը, որով մարդը հրէշ կը դառնայ: Աստուած մեզմէ կ՚ուզէ, որ «մաքուր սիրտ» ունենանք (Սղ 50.12), իսկ մեր սիրտը մաքուր կ՚ըլլայ, երբ թոյլ չենք տար գէշ մտածումներուն, որպէսզի մեր միտքին դուռը թակեն:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդ եթէ նախ լաւ մտածում ձեռք ձգէ, Աստուած կ՚օգնէ իրեն:

-Ուշադիր եղիր. մարդ աստուածային օգնականութեան կ՚արժանանայ երբ բարի մտածում ձեռք ձգէ. բարի մտածումով սիրտը ամէն տեսակի նենգութենէ կը մաքրուի, քանի որ «սիրտէն է, որ բոլոր չար մտածումները դուրս կ՚ելլեն» (Մտ 15.19). «Լեզուն սիրտի մէջ եղածն է, որ կը խօսի» (Ղկ 6.45), եւ այդ ատեն Աստուած կը վարձատրէ զինք:

-Ո՜վ Ռոնտա. ի՞նչ բանը կ՚օգնէ ինծի կասկածելի միտքերը վռնտելու:

-Բոլոր բաները այնպէս են, ինչպէս կը տեսնե՞ս: Հարցում ուղղէ քու իւրաքանչիւր մտածումիդ, եւ այդ ատեն պիտի նկատես, որ բոլորն ալ ձախ կողմէն են: Հարցում ուղղէ նաեւ իւրաքանչիւր բարի մտածումի, որ ուրիշին մղուած է: Երկու հարցում հարցուր, ասիկա աւելի լաւ է: Իսկ եթէ երեք հարցում հարցուցիր, ա՛լ աւելի լաւ է: Այդպէսով կը խաղաղիս ու կ՚օգտուիս, ինչպէս միւսները կ՚օգտուին: Այլապէս, ձախակողմեան միտքերը քեզ իրարանցումի ու նեղուածութեան կ՚առաջնորդէ, ինչ որ քեզ հոգեւոր վնասի կ՚առաջնորդէ: Ամէն տեսած բաներդ բարի մտածումով դիմաւորէ, ապա պիտի տեսնես, որ բոլոր բաները դէպի աւելի լաւ կ՚ընթանան:

Որոշ մարդոց մօտ բարի մտածումներ կը տեսնեմ, մինչ ուրիշ խեղճեր ձեռք կը ձգեն այնպիսի մտածումներ, որոնք կը չարչարեն զիրենք, որոնք նոյնիսկ սատանային մտապատկերին մէջ իսկ չկան: Երկար չոր եղանակէ ետք երկինքը անձրեւեց քիչ մը, որով Աստուծոյ նկատմամբ երախտապարտ զգացի: Եւ մինչ խուցիս մէջ նստած անընդհատ կը կրկնէի՝ շնորհակալութիւն, Աստուած իմ, միլիոն եւ հազար միլիոն անգամ, նոյն այդ ժամանակ խուցիս կողքը կանգնած էր աշխարհական մը, որ կը լսէր զիս, բայց ես չէի գիտեր: Աւելի ուշ երբ տեսաւ զիս, ըսաւ ինծի.

-Կասկածներու մէջ ինկայ, ո՜վ հայր, որով լսեցի քեզ, թէ կ՚ըսես. «Միլիոն եւ հազար միլիոն»: Ես ինծի հարցուցի, թէ ի՞նչ կ՚ըսէ Հայր Պաիսիոսը:

Ի՞նչ կրնայի ըսել անոր, թէ միլիոնաւոր անգամներ Աստուծոյ շնորհակալութիւն կը յայտնէի, մինչ ինք կարծեց, թէ դրամ կը հաշուեմ: Եթէ ուրիշ մէկը ըլլար, ապա գիշերով կը յարձակէր վրաս ու կը սկսէր հարուածել անխնայ կերպով, պահնջելով տալ իրեն դրամները՝ որոնք գոյութիւն իսկ չունին:

-Ո՜վ Ռոնտա. կասկածամտութիւնն ու անվստահութիւնը կրնան մարդուն վնասել. մինչեւ ի՞նչ աստիճանի:

-Ըստ կասկածամտութեան կ՚ըլլայ նաեւ վնասը: Անվստահութիւնը դիւրութեամբ մեղանչումի կը տանի:

-Ինչպէ՞ս կարելի է բժշկուիլ:

-Բարի մտածումներով:

-Ո՜վ Ռոնտա. մարդը երբեմն կը գիտակցի, թէ ինք կ՚իյնայ եւ ուղիղ ճանապարհէն կը հեռանայ: Այդ գիտակցումը չ՚օգնե՞ր իրեն:

-Զգոյշ պէտք է ըլլալ մէկ անգամ աւելի իյնալէն. եթէ իրողութիւնները այնպէս չեն ընթանար՝ ինչպէս մենք կը մտածենք, ապա մեղքի մէջ կ՚իյնանք…:

-Ո՜վ Ռոնտա. ենթադրենք, թէ ուրիշի նկատմամբ ունեցած մեր կասկածը ճիշդ էր:

-Ո՞վ ըսաւ որ մտածումները -եթէ մէկ անգամ ճիշդ ըլլան- յաջորդ անգամ ալ ճիշդ պիտի ըլլան: Պէտք է գիտնաս նաեւ, որ եթէ Աստուած արտօնեց, որ այդ մտածումը ճիշդ ելլէ, որպէսզի ուրիշին խոնարհութեան դաս տայ: Անշուշտ, մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ, որպէսզի ուրիշները չմղէ սխալ ենթադրութիւններ կատարելու: Եթէ մէկը ձախակողմեան մտածում մը դրած է վրադ, պատճառը կրնայ ատելութիւնը կամ քու պատճառած դրդապատճառները ըլլան: Իսկ եթէ ուրիշ մը քու մասին գէշ կերպով մտածեց՝ հակառակ զգուշութեանդ, ապա փառաւորէ զԱստուած եւ աղօթէ անոր համար:

ԶՐՈՅՑ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

-Ո՜վ Ռոնտա. երբ հպարտութեան մտածումը կը հալածէ զիս, կը չարչարուիմ:

-Մէ՞ջդ կը պահես զայն:

-Այո՛:

-Իսկ ինչո՞ւ համար կը պահես զայն. դուռը փակէ անոր դիմաց: Եթէ մէջդ կը պահես զայն՝ ապա պիտի չարչարուիս: Մտածումը գողի նման կու գայ, դուռը կը բանաս անոր՝ ապա կը մտնէ, ու կը սկսիս անոր հետ զրուցել, եւ ակնթարթի մը մէջ՝ կը գողնայ քեզ: Մարդ գողին հետ կը խօսի՞: Ո՛չ միայն չի խօսիր, այլեւ դուռն ալ կը փակէ անոր դիմաց: Ինչո՞ւ այս գողին կ՚արտօնես, որպէսզի անցնի: Օրինակ մը տանք. ենթադրենք -դուն զերծ ես այս բանէն-, որ մտածում մը եկաւ մտքիդ ու փսփսաց.

-Դուն կրնաս նախագահ ըլլալ:

Երբ այս մտածումը միտքովդ անցնի, անմիջապէս դուն քեզի ըսէ.

-Շատ լաւ: Կ՚ուզես նախագահ ըլլալ, հետեւաբար նախ դուն քու վրադ նախագահ եղիր:

Այն ատեն զրոյցը անմիջապէս կը դադրի: Կրնա՞յ ըլլալ, որ սատանային հետ խօսակցութեան սկսինք: Կրնա՞յ ըլլալ անոր հետ զրուցենք: Սատանան երբ փորձեց Տէր Յիսուսին փորձել, ըսաւ Անոր.

-«Ետի՛ս գնա սատանայ» (Ղկ 4.8):

Յիսուս սատանային ըսաւ. «Գնա՛»: Ապա մենք անոր հետ զրո՞յցի սկսինք:

-Ո՜վ Ռոնտա. գէշ բա՞ն ըրած կ՚ըլլամ, եթէ ձախակողմեան մտածումի մը հետ զրուցեցի, փորձել գիտնալու համար անոր աղբիւրը:

-Գէշ բանը այն է, որ գէշ մտածումին հետ զրուցելը՝ սատանային հետ զրուցելն է: Մէկ ժամ մը ուրախութեամբ կ՚անցընես եւ ապա կը սկսի տանջանքի ճամբորդութիւնը: Նման մտածումներու հետ երբեք մի՛ զրուցեր: Ձեռնառումբ մը նետէ այս թշնամիին վրայ, որպէսզի սպաննես զայն, նոյնիսկ եթէ ձեռնառումբը անմիջապէս չի՛ պայթիր, այլ՝ երկու-երեք վայրկեան ետք:

Այսպիսով, եթէ վռնտեցիր ձախակողմեան մտածումը, ապա չի՛ կրնար քեզի վնաս պատճառել: Սակայն, երբեմն կը պատահի, որ անզգոյշ կը գտնուիս, չես կրկներ աղօթքը ու չե՛ս ալ կրնար պաշտպանուիլ, ապա սատանային նամակները կու գան, կ՚ընդունիս զանոնք եւ քանի-քանի անգամներ կը կարդաս ու կը հաւատաս անոնց, եւ զանոնք արխիւի մէջ կը պահես: Այս փաստաթուղթերը սատանան վերջին դատաստանի ժամանակ դուրս պիտի բերէ, խորտակելու համար քեզ:

-Ո՜վ Ռոնտա. ձախակողմեան մտածումի յարձակումը ե՞րբ իյնալ կը համարուի:

-Ձախէն երբ մտածում կու գայ եւ դուն անմիջապէս կը վռնտես զայն, իյնալ չի՛ համարուիր. սակայն, եթէ անոր հետ սկսիս զրուցել, ահա այստեղ կը կայանայ իյնալդ: Եթէ ընդունեցիր զայն ու ապա վռտնեցիր, ատիկա կէս իյնալ կը համարուի, որովհետեւ այն ատեն սատանան պղտորած կ՚ըլլայ միտքդ: Կարեւորը, սատանան մի՛ ընդունիր տունէդ ներս, կամ բարեւես անոր, կամ անոր որպիսութիւնը հարցնես, կամ զայն հիւրասիրես, եւ ապա պահանջես անկէ, որ հեռանայ: Ինչո՞ւ ներս մտցուցիր զինք, մինչ գիտէիր, որ սատանան է:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

•շար. 8

12 հոկտեմբեր 2020, Վաղարշապատ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020