ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՓԱՌԱՏՕՆ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը ե­րէկ ո­գե­ւոր օր մը ապ­րե­ցան՝ դպրո­ցէն ներս կազ­մա­կեր­պուած բա­նաս­տեղ­ծու­թեան եւ ե­րաժշ­տու­թեան փա­ռա­տօ­նին առ­թիւ։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգգան» սրա­հին մէջ կեան­քի կո­չուե­ցաւ օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

Ծրագ­րի ա­ռա­ջին բաժ­նին մէջ տղա­քը հան­դէս ե­կան հա­յե­րէն եւ թրքե­րէն շարք մը ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով։ Իւ­րա­քան­չիւր բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ժա­մա­նակ կը կա­տա­րուէր նաեւ պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թիւն մը եւ այս­պէ­սով ներ­կա­նե­րը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը ստա­նա­յին իւ­րա­քան­չիւր հե­ղի­նա­կի կեան­քի ու գոր­ծու­նէու­թեան մա­սին։

Ծրագ­րի երկ­րորդ մա­սը կը բաղ­կա­նար զա­նա­զան ո­ճե­րով ե­րաժշ­տա­կան կա­տա­րում­նե­րէ։ Տղա­քը խմբերգ­նե­րով գրա­ւե­ցին բո­լո­րին ու­շադ­րու­թիւ­նը։

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան հան­դէս ե­կաւ գնա­հա­տան­քի խօս­քով մը։ Ան մաս­նա­ւոր շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ու­սուց­չա­կան կազ­մէն Հե­րա Իս­քէն­տէ­րօղ­լուի, Լու­սիա Քը­լընչ­լըի, Սու­նա Քորք­մա­զի եւ Գա­րին Սուս­մա­քի, ո­րոնք պատ­րաս­տած էին օ­րուան յայ­տա­գի­րը։

 

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015