ՔՍՈՒ ԴԱՏԱՐԿԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

 Սուրբ Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ժո­ղո­վուր­դը, նախքան հա­ղոր­դուիլ, հո­գե­ւո­րա­կա­նին կը խոս­տովա­նի իր մեղ­քե­րը եւ թո­ղու­թիւն կը խնդրէ։ Ա­նոր հա­մար կը կար­դա­ցուի բա­նա­ձե­ւուած մե­ղա­նե­րու եր­կար բո­վան­դա­կու­թիւն մը՝ համ­րուած զա­նա­զան մեղ­քեր։ Մե­ղա­նե­րու այս բո­վան­դա­կու­թիւ­նը ան­շուշտ չի պա­րու­նա­կեր բո­լոր մեղ­քե­րը, ա­նոնք միայն առ­հա­սա­րակ սո­վո­րա­կան դար­ձած մեղ­քերն են, ինչ որ կա­րե­լի է այդ թուար­կուած­նե­րէն զատ մեղ­քեր ալ գտնուին։ Հար­ցում. այդ համ­րուած­նե­րէն դուրս են­թա­կան ե­թէ մեղք մը գոր­ծած է, հա­զուա­դէպ ալ ըլ­լայ միշտ հա­ւա­նա­կան պէտք է նկա­տել, ին­չո՞ւ չըլ­լայ, ա­պա ու­րեմն իր մեղ­քը խոս­տո­վա­նած պի­տի ըլ­լա՞յ։

Իսկ երկ­րորդ հարց մը սա է. խոս­տովա­նո­ղը կար­դա­ցուած ա­մէն մեղ­քը իր իս­կա­կան ի­մաս­տով հասկ­նա­լու կա­րե­լիու­թիւ­նը ու­նի՞։ Մաս­նա­գի­տու­թիւն պա­հան­ջող ա­րուես­տա­յին (technique) բա­ռեր շատ ան­գամ ան­հասկ­նա­լի կ՚ըլ­լան խոս­տո­վա­նո­ղի հա­մար, նոյ­նիսկ ա­նոնք աշ­խար­հա­բար լե­զուով ար­տա­սա­նուին։ Հար­ցում. ա­ռանց ի­մաս­տը հասկ­նա­լու կա­րե­լի՞ է խոս­տո­վա­նած հա­մա­րել են­թա­կան։ Փոր­ձա­ռու­թիւ­նը մե­զի կը պար­տադ­րէ հարց­նել այս եր­կու հար­ցում­նե­րը, քա­նի որ ան­գի­տակ­ցօ­րէն կա­տա­րուած ո­րե­ւէ գործ եր­բեք նպա­տա­կա­յար­մար ար­դիւնք մը չ՚ու­նե­նար, քա­նի որ մարդ բա­նա­ւոր, խոր­հող, դա­տող, ո­րո­շող եւ ըստ այնմ կեան­քին ըն­թացք տուող էակ մըն է, եւ ո՛չ մէկ գործ պէտք է մե­քե­նա­բար եւ կոյրզ­կու­րայն կա­տա­րէ, եւ մա­նա­ւանդ իր հո­գե­ւոր ներ­քին աշ­խար­հը հե­տաքրք­րող ա­րարք­նե­րը պէ՛տք է գի­տակ­ցա­բար, ա­զա­տօ­րէն կա­տա­րէ։ Եւ երբ կը կար­դա­ցուի մեղ­քե­րու շա­րոց մը եւ կը պար­տադ­րուի, որ ա­մէն ան­գա­մուն խոս­տո­վա­նո­ղը «մե­ղա՜յ» ը­սէ, ա­սի­կա պար­զա­պէս ձե­ւա­պար­տու­թիւն մը չէ՞։ Են­թա­կան, ընդ­հան­րա­պէս ա­ռանց հասկ­նա­լու երբ այդ թուար­կուած մեղ­քե­րուն փո­խա­րէն «մե­ղա՜յ» կ՚ը­սէ, ի­րա­պէս խոս­տովա­նած կ՚ըլ­լա՞յ։ Կ՚ար­ժէ խոր­հիլ…։

Մենք, ա­նար­ժա­նա­բար, եւ թե­րեւս եր­բեմն յանդգ­նու­թիւն ցոյց տա­լով եւ մեր չա­փէն ու կշի­ռէն դուրս գա­լով, մեր հա­մեստ փոր­ձա­ռու­թեամբ նկա­տած կարգ մը հար­ցե­րու լուծ­ման հա­մար դի­տո­ղու­թիւն­ներ ներ­կա­յա­ցու­ցինք։ Բայց կ՚ե­րե­ւի մեր մե­լա­նը ան­գոյն է եւ գրու­թիւն­նե­րը ա­նըն­թեռ­նե­լի՛…։

Սա կա­րե­լի է ը­սել՝ ժո­ղո­վուր­դը լու­սա­բա­նել հո­գե­ւո­րա­կա­նին ա­ռաջ­նա­կարգ պար­տա­կա­նու­թիւնն է, եւ այս մա­սին հո­գե­ւո­րա­կա­նին լուրջ պար­տա­ւո­րու­թիւն եւ ծանր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վե­րա­բե­րի։ Ի­րա­ւունք ու­նին այդ­պէս խոր­հող­նե­րը, ե­թէ իւ­րա­քան­չիւ­րը հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լայ իր պար­տա­կա­նու­թեան ու գի­տա­կից՝ իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան։ Ու­րեմն ժո­ղո­վուր­դին մե­քե­նա­բար շար­ժե­լուն պատ­ճառ­նե­րէն մին, եւ կա­րե­ւո­րա­գոյնն է, ի­րենց պէտք ե­ղած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու զլա­ցու­մը, դժբախ­տա­բար։

Ու­րեմն, մենք մեր կար­գին, ըն­դու­նե­լով այս թե­րու­թիւ­նը եւ խոս­տո­վա­նե­լով որ մէկ կող­մը մե­ղադ­րե­լէ ա­ռաջ մարդ նախ ինք­զինք պէտք է քննէ, կ՚ու­զենք կար­դա­ցուած մեղ­քե­րու շա­րա­նէն հա­տուած մը առ­նել եւ կա­րե­լի ե­ղած չա­փով լու­սա­բա­նել, բա­ցատ­րել ջա­նալ։

Պա­տա­հա­բար ընտ­րե­ցինք «Քսու դա­տար­կա­բա­նու­թիւն» խօս­քը, ինչ­պէս գրու­թեան վեր­նա­գիրն է։

«Քսու դա­տար­կա­բա­նու­թիւն» կը նշա­նա­կէ՝ հրահ­րող դա­տար­կա­խօ­սու­թիւն, այ­սինքն պա­րապ խօս­քե­րով խօսք տա­նիլ-բե­րել, քծնիլ։ Այս մեղ­քը կ՚են­թադ­րէ մէ­կու մը դէմ գրգռող աշ­խա­տանք, մէ­կը միւ­սին դէմ հա­նե­լու խօս­քեր, ո­րոնք շատ ան­գամ ան­հիմն են ու հա­կա­ռա՛կ ի­րա­կա­նու­թեան։ Քսու դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը պար­զա­պէս ա­տե­լու­թեան սեր­մա­նում է։ Դա­տար­կա­բա­նու­թիւ­նը, որ են­թա­կա­յին շատ ան­գամ «ա­նի­մաստ հա­ճոյք» մը կը պատ­ճա­ռէ, հետզ­հե­տէ կը վե­րա­ծուի քսուու­թեան՝ որ կը ստեղ­ծէ բա­ժա­նում­ներ, երկ­պա­ռա­կու­թիւն­ներ, թշնա­մու­թիւն­ներ։ Ար­դէն պա­րապ, ա­նի­մաստ խօս­քէն ի՞նչ օ­գուտ կա­րե­լի է ձեռք բե­րել, բայց միայն վնաս։ Ուս­տի զգու­շա­նա­լո՛ւ է այս վնա­սա­կար ա­րար­քէն ու հե­ռա­նա՜լ ա­մէն տե­սակ պա­րապ, սնա­մէջ խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րէ։ Ար­դա­րեւ երբ լա­զուն կը դադ­րի ճշմար­տու­թիւ­նը խօ­սե­լէ՝ կը դառ­նայ ու­նայ­նա­խօ՛ս։

Արդ, երբ խոս­տո­վա­նե­լու մտադ­րու­թեամբ կը մօ­տե­նանք հո­գե­ւո­րա­կա­նին, ար­դեօք կը խոր­հինք, որ «քսու դա­տար­կա­բա­նու­թիւն»ը ո՜ր­քան սո­վո­րա­կան դար­ձած է մեր ա­ռօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Երբ կը խոս­տո­վա­նինք, ար­դեօք որ­քան ժա­մա­նակ վերջ կը շա­րու­նա­կենք մեր սո­վո­րու­թիւ­նը եւ թե­րեւս ան­մի­ջա­պէս կը սկսինք դար­ձեալ պա­րապ պա­րապ խօ­սիլ…։ Ին­չո՞ւ, քա­նի որ մենք մեր խոս­տո­վա­նած­նե­րուն չենք անդ­րա­դար­ձած եւ մե­քե­նա­բար «մե­ղա՜յ» ը­սած ենք՝ ա­ռանց գի­տակ­ցե­լու, թէ ի՛նչ բա­նի հա­մար «մե­ղա՜յ» կ՚ը­սենք։ Ան­շուշտ ա­մէն­քին հա­մար չէ՛ մեր խօս­քը, այ­լա­պէս մեծ ա­նի­րա­ւու­թիւն ը­րած կ՚ըլ­լանք։ Բայց դժբախ­տա­բար կա­րե­ւոր մաս մը ժո­ղո­վուր­դէն «մե­ղա՜յ»ն կ­՚ար­տա­սա­նէ մե­քե­նա­բար, ձե­ւա­պաշ­տօ­րէն եւ պար­զա­պէս ա­ռանց հասկ­նա­լու, թէ ի՛նչ բա­նի հա­մար «մե­ղա՜յ» ը­սած է։ Ցա­ւա­լի՜ չէ՞…։

Մենք կը վկա­յենք ան­ձե­րու, ո­րոնք վեր­ջին պա­հուն, եր­բեմն ա­ռանց խոս­տո­վա­նե­լու կը մօ­տե­նան Սրբու­թեան, հա­ղոր­դուե­լու հա­մա­ր։ Այս իսկ ցոյց կու տայ, թէ շա­տեր, կամ ը­սենք՝ ո­մանք գի­տակ­ցու­թիւ­նը չու­նին հա­ղոր­դուե­լու սրբու­թեան եւ Հա­ղոր­դու­թեան խոր­հուր­դին։ Ո­մանք ալ, ինչ­պէս շատ ան­գամ վկա­յած ենք, կու գան, խոս­տո­վա­նող­նե­րու կար­գին ի­րենց «ներ­կա­յու­թիւն»ը ցոյց կու տան, ա­ռանց նոյ­նիսկ «մե­ղա՜յ»ներ ար­տա­սա­նե­լու կը կանգ­նին, յե­տոյ կը հե­ռա­նան ա­ռանց հա­ղոր­դուե­լու։ Երբ ա­ռի­թը ունե­ցանք ա­նոնց հարց­նե­լու, թէ ին­չո՞ւ խոս­տո­վա­նու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան ա­ռանց «մե­ղա՜յ»նե­րու մաս­նակ­ցե­լու եւ ար­տա­սա­նե­լու, եւ յե­տոյ ա­ռանց հա­ղոր­դուե­լու հե­ռա­ցան ե­կե­ղե­ցիէն, պա­տաս­խա­նը կ՚ապ­շեց­նէ մեզ. «Այդ ձեր կար­դա­ցա­ծը ա­ղօթք չէ՞ր։ Մենք մեր վրայ ա­ղօթք կարդա­ցուե­լէ ետք մեկ­նե­ցանք ե­կե­ղե­ցիէն»։ Եւ ա­սի­կա կը պա­տա­հի երբ Սուրբ Պա­տա­րա­գը կը շա­րու­նա­կուի։

Ու­րեմն ո­մանց պէտք է հարց­նել, ին­չո՞ւ ե­կե­ղե­ցի կը յա­ճա­խէք։ Եւ ա­նոնց պա­տաս­խա­նը պատ­րա՛ստ է. «Սո­վո­րու­թիւն ե­ղած է, մենք ա­մէն Կի­րա­կի ե­կե­ղե­ցի կու գանք», եւ ո­մանք կ՚ա­ւելց­նեն, կար­ծես շատ շի­տակ բան մը ը­րած են. «Ե­թէ ե­կե­ղե­ցի չյա­ճա­խենք, մենք զմեզ ան­հան­գիստ կը զգանք, եւ երբ ե­կե­ղե­ցի կու գանք, կը հանգս­տա­նանք եւ կը թե­թեւ­նանք…»։ Ա­նոնց հա­մար ու­րեմն ե­կե­ղե­ցին «հանգս­տա­րան» մըն է եւ կամ զբօ­սա­վայր մը՝ ուր «հա­ճե­լի ժա­մա­նակ» մը կ՚ան­ցը­նեն, եւ ի­րենց խօս­քով «կը թե­թեւ­նան»։ Խե՜ղճ մտայ­նու­թիւն, եւ այս­պի­սի­ներ ի­րենք զի­րենք «հա­ւա­տա­ցեալ» կամ «հա­ւա­տա­րիմ հա­ւա­տա­ւոր» կ՚ա­նուա­նեն…։

Ո՛չ, սի­րե­լի­նե՜ր, ե­կե­ղե­ցին հանգս­տա­նա­լու, թե­թեւ­նա­լու, ժա­ման­ցի եւ զբօս­նե­լու վայր չէ՛. ան ա­ղօթ­քի Տո՛ւն է, Քրիս­տո­սը ապ­րե­լո՛ւ, Քրիս­տո­սը վա­յե­լե­լո՛ւ, Ա­նոր ներ­կա­յու­թիւ­նը ըմ­բոշխ­նե­լու, ճա­շա­կե­լու սուրբ վա՛յրն է…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս, 8, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Մայիս 22, 2015