ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՏԵՍԱՈՒՂԵՐՁ ՄԸ ՀՐԱՊԱՐԱԿԵՑ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հերթական պատգամը փոխանցեց Արցախի պատերազմի մթնոլորտին մէջ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հրապարակուած տեսաուղերձի մը ձեւաչափով։ «Մեր գոյութեան առջեւ ծառացած սպառնալիքը մեզի այլ ընտրութիւն չի թողուր՝ քան կենաց ու մահու պայքարով պաշտպանել Արցախի մեր ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքը եւ վերահաստատել խաղաղութիւնը, յատկապէս երբ աշխարհ տակաւին կը յապաղի դատապարտել ոճրագործութիւններն ու վայրագութիւնները։ Այսօր Ատրպէյճանի կողմէ մեզի պարտադրուած պատերազմը, ժխտական կեցուածքը մարդասիրական հրադադարի դէմ, վերջնագրային դիրքորոշմամբ բանակցութիւններու խափանումը, Արցախի բնակավայրերու եւ բնակչութեան հրետակոծումը եւ պատճառած բազմաթիւ աւերներն ու մարդկային կորուստները, Արցախի հարցը ռազմական ուղիով վճռելու նկրտումները, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը բաւարար են փաստելու, որ Արցախ չի կրնար որեւէ կարգավիճակով ըլլալ Ատրպէյճանի կազմին մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը, որ կոչ ուղղեց կանգնիլ այն զինուորներու կողքին, որոնք կը կռուին սահմանագծին վրայ։ «Այսօր, առաւել քան երբեւէ, մեզի համար հրամայական է համազգային մեր միասնականութիւնն ու համերաշխութիւնը, որպէսզի մեր զաւակաց անձնուրաց քաջութիւնը պսակուի յաղթական աւարտով՝ խնայելով մարդկային թանկ կեանքեր», նշեց Նորին Սրբութիւնը։

«Ճշմարիտ ըսուած է՝ քաջերու սերունդները քաջեր են։ Ինչպէս որ մենք կ՚ոգեշնչուինք մեր հերոս նախնիներով եւ առանձնակի հպարտութեամբ կ՚արտաբերենք պատմահօր խօսքերը, այնպէս ալ գալիք սերունդները պիտի հռչակեն, որ քաջերու սերունդներն են, զաւակները՝ հերոսական ժողովուրդին», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը եւ կոչ ուղղեց, որպէսզի բոլորը քաջաբար ելլեն հայրենիքի ու ազգի պաշտպանութեան նուիրական պայքարին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2020