ՊԱՏՄԱԿԱՆ ՈՒ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ

23 տարի առաջ՝ 1 նոյեմբեր 1997 թուականին, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Հայաստանի այդ ժամանակուան նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» ծաւալուն յօդուածը: Յօդուածը օրին եւ մինչեւ այսօր զանազան գնահատականներու արժանացած է. այդ գնահատականներուն մէջ եղած են նախագահին տեսակէտները ողջունողներն ու քննադատողները, բայց եւ անժխտելի մնացած է մէկ փաստ. «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» յօդուածը հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ մինչեւ հիմա գրուած միակ ծանրակշիռ եւ ծաւալուն հրապարակային յօդուածն է:

Այսօր երբ արցախեան հակամարտութեան հարցը հասած է ռազմական լուծման արիւնալի ճանապարհին, կրկին ու կրկին կը խօսուի Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի յօդուածին մասին եւ այսօր, թերեւս աւելի շատեր կը կիսեն Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահին տեսակէտերը: Ան, ընդամէնը փորձած էր հրապարակային բանավէճ ծաւալել հայ ժողովուրդին ամենաօրհասական հարցին՝ արցախեան հակամարտութեան շուրջ: Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի տեսակէտը յստակ է՝ արցախեան հարցը պէտք է լուծուի միայն խաղաղ ճանապարհով, պատերազմը ոչ մէկ լաւ բան պիտի բերէ կողմերուն եւ միջազգային հանրութեան առհասարակ, որոնք այս կամ այն ձեւով պիտի ներգրաւուին այս հարցին մէջ:

Պատմական այս յօդուածէն մօտ երեք ամիս անց Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հրաժարական տուաւ եւ զայն ձեւակերպեց որպէս «յայտնի ուժերու» ճնշումին տակ կատարուած քայլ: Իսկ քաղաքական շրջանակներուն յայտնի էր, որ այդ յայտնի ուժերը Վազգէն Սարգսեանն ու Ռոպերթ Քոչարեանն են…

Տարիներ անց՝ 2007 թուականին Լեւոն Տէր-Պետրոսեան կրկին վերադարձաւ քաղաքականութիւն եւ ամէն անգամ երբ այս նիւթը կ՚արծարծուէր, միշտ պնդած է, թէ 1997 թուականին իր առաջարկած փուլային լուծումը առաջարկուածներէն ամենաընդունելին էր Հայաստանի եւ Արցախի համար…

Կը ներկայացնենք յօդուածին ամենաուշագրաւ եւ ամենահիմնական հատուածը.

ՊԱՏԵՐԱԶՄ, ԹԷ՞ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ
ԼՐՋԱՆԱԼՈՒ ՊԱՀԸ

ԼԵՒՈՆ ՏԷՐ-ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Սեպտեմբեր 26-ի իմ մամլոյ ասուլիսը, աւելի ճիշդ՝ ասուլիսին Ղարաբաղին նուիրուած հատուածը մամուլին մէջ եւ ընդդիմութեան կազմակերպած հաւաքներուն ընթացքին բուռն կիրքերու բորբոքման առիթ տուաւ։

Ինծի համար ատիկա անակնկալ չէր եւ որոշ չափով ես նոյնիսկ աւելի խիստ հակազդեցութիւն կը սպասէի:

Անակնկալը բանավէճին որակն էր, իսկ պարզ խօսքով՝ բանավէճին ի սպառ բացակայութիւնը։ Կը խոստովանիմ, որ ես չհասայ իմ նպատակիս, այն է՝ մամուլին մէջ եւ հրապարակային ժողովներուն ընթացքին լուրջ բանավէճ ծաւալել հայ ժողովուրդին առջեւ ծառացած ամենակնճռոտ հարցին՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան, կարգաւորման հնարաւոր ուղիներուն շուրջ։

Ընդդիմութեան արձագանգը չանցաւ հայհոյանքի, վերագրումներու, պիտակաւորումներու ու խեղաթիւրումներու շրջանակէն անդին։ Չկատարուեցաւ ոչ մէկ բանական առաջարկ, չներկայացուեցաւ ոչ մէկ այլընտրանքային ծրագիր, չբերուեցաւ ոչ մէկ հիմնաւոր հակափաստարկ։ Ասկէ կարելի է երկու հետեւութիւն ընել. կա՛մ ընդդիմութիւնը չունի ղարաբաղեան կարգաւորման որեւէ ծրագիր, կա՛մ՝ եթէ ունի, բայց կը թաքցնէ, այնքան ալ ազգանպաստ գործով չէ զբաղած. աւելի խիստ որակումէն ես զերծ կը մնամ։

Ի՞նչ հասկցաւ ժողովուրդը ընդդիմութեան հանած աղմուկէն. որ Արցախի համար մենք արիւն թափած ենք, որ գրաւուած տարածքները վերադարձնելով կը վտանգուի Արցախի գոյութիւնը, որ յանուն Արցախի հայ ժողովուրդը կրկին պատրաստ է արիւն թափելու, որ մենք թքած ունինք համաշխարհային կարծիքին վրայ, որ մենք ծունկի կը բերենք թէ՛ Ատրպէյճանը, թէ՛ միջազգային հանրութիւնը, որ մենք «ազգովին կը դառնանք ֆետայի»։

Իսկ յետո՞յ։ Ոչ ոք ջանք ըրաւ պատասխանել հետեւեալ պարզ հարցումներուն.

- Այս ամէն ինչը ընելէն ետք մենք կը հասնի՞նք մեր բաղձալի նպատակին, թէ՞ ոչ.

- երբ մենք թքնենք աշխարհի երեսին, ան մեզի ինչո՞վ կը պատասխանէ.

- պիտի թափուի Շարժանկարի գործիչներուն տան մէջ հաւաքուած հինգ հարիւր հոգիի՞, թէ մեր ժողովուրդին անմեղ արիւնը։ (Խօսքը՝ Վազգէն Սարգսեանի կոչով 1992-ին կազմած Մահապարտներու գունդին մասին է, որոնք հաւաքուած էին Շարժանկարի գործիչներուն տան մէջ եւ հոնկէ շարժած)

Առնուազն վերջին հարցին կարելի է միանշանակ պատասխան տալ. հինգհարիւրին գլուխէն մէկ մազ անգամ չի պակսիր, անկախ այն բանէն, թէ անոնք այսօր ինչպիսի՞ զոհողութիւններու երթալու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն։ Երբ Արցախը վտանգի մէջ էր, երբ հակառակորդը ընդհուպ մօտեցած էր Գանձասարին, անոնցմէ ոչ ոք արձագանգեց Վազգէն Սարգսեանի կոչին ու անոնցմէ ոչ ոք միացաւ մահապարտներու գունդին։ Ուրիշին արեան գնով փառք որոնողներէն ու հերոս ձեւացողներէն մեր ժողովուրդը պէտք է որ կուշտ ըլլայ։

Ընդդիմութեան շփոթը, քաղաքական նկատառումներէն զատ, գուցէ եւ մասամբ կը բացատրուի անտեղեակութեամբ, որ բնական է, քանի որ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին փորձագիտական մակարդակով կը տիրապետէ ընդամէնը վեց հոգի՝ Արքատի Ղուկասեանը, Ռոպերթ Քոչարեանը, Ալեքսանդր Արզումանեանը, Վարդան Օսկանեանը, Ժիրայր Լիպարիտեանը եւ ես։

ԲԱՆԱՎԷՃԻՆ ԱՌԱՐԿԱՆ

Ինչեւէ, բանավէճ չեղաւ, բայց ատիկա ո՛չ զիս, ո՛չ ալ մեր հասարակութիւնը պէտք է հիասթափեցնէ։

Միեւնոյնն է, ազգին ճակատագիրը տնօրինելու յաւակնող ոեւէ քաղաքական գործիչ կամ մտաւորական, վաղ թէ ուշ, ստիպուած ըլլալու է հրաժարիլ հայհոյախօսութենէն (խօսքս հոգեկան հիւանդներուն մասին չէ) եւ ժողովուրդին առջեւ հանդէս գալ ստոյգ հաշուարկուած ծրագրով։

Չսպասելով այդ օրուան, ես այսօր ալ պատրաստ եմ լրջօրէն քննարկել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման որեւէ բանական առաջարկ, համաձայն եմ որեւէ մակարդակի հրապարակային բանավէճի։

Սակայն բանավէճը կրնայ առարկայական ըլլալ միայն նախապէս կողմնորոշուելով քանի մը ելակէտային դրոյթներու շուրջ, այն է.

- Լեռնային Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի պատերազմի՞, թէ խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով.

- կարելի՞ է, արդեօք, յաւերժօրէն կամ գուցէ երկար ժամանակով պահպանել սթաթիւքոն եւ Ղարաբաղի հարցին չկարգաւորուած վիճակը. (սթաթիւքօ=առկայ կամ որոշ ժամանակ գոյութիւն ունեցած քաղաքական, իրաւական կամ այլ վիճակ, դրութիւն, որուն պահպանման կամ վերականգման մասին է խօսքը)

- Ղարաբաղին եւ Հայաստանին ձեռնտու է հարցին կարգաւորուա՞ծ, թէ չկարգաւորուած վիճակը.

- հարցը պէտք է լուծուի փոխզիջումո՞վ, թէ՞ կողմերէն մէկուն պարտութեամբ, եւ այդ պարագային ո՞վ կ՚ըլլայ պարտուող կողմը։

Այս դրոյթներուն շուրջ ես յստակ կերպով բազմիցս արտայայտուած եմ եւ այսօր ալ կը պնդեմ, որ՝

- պատերազմը պէտք է բացառուի, ուստի եւ Ղարաբաղի հարցը պէտք է լուծուի միայն ու միայն խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով.

- սթաթիւքոն կարելի չէ երկար ժամանակով պահպանել, որովհետեւ այդ մէկը չեն արտօներ ո՛չ միջազգային հանրութիւնը, ո՛չ ալ Հայաստանի տնտեսական կարողութիւնները.

- Ղարաբաղին եւ Հայաստանին ձեռնտու չէ հարցին չկարգաւորուած վիճակը, որովհետեւ ատիկա զգալիօրէն կը խոչընդոտէ Հայաստանը, հետեւաբար՝ նաեւ Ղարաբաղին տնտեսական զարգացումը, բարդութիւններ կը ստեղծէ միջազգային հանրութեան եւ մանաւանդ՝ դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններուն մէջ, որոնք կրնան ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ.

- Ղարաբաղի հարցին լուծման միակ տարբերակը փոխզիջումն է, որ կը նշանակէ ոչ թէ մէկ կողմի յաղթանակ եւ միւսի պարտութիւն, այլ հակամարտութեան յագեցման վիճակին մէջ ձեռք բերուած հնարաւոր համաձայնութիւն։

Թող չփորձեն ժողովուրդը մոլորեցնել, ըսելով թէ փոխզիջումը այլընտրանք ունի: Փոխզիջման այլընտրանքը պատերազմն է։ Փոխզիջման մերժումը եւ առաւելամոլութիւնը (առաւելագոյնը եւ ոչ թէ հնարաւորը ձեռք բերելու ջանքը) Ղարաբաղի ի սպառ կործանման եւ Հայաստանի վիճակին վատթարացման ամենակարճ ճանապարհն է։ Խօսքը չի վերաբերիր Ղարաբաղը տալուն կամ չտալուն։ Խօսքը կը վերաբերի Ղարաբաղը հայկական պահելուն.

3000 տարի ան բնակեցուած եղած է հայերով եւ 3000 տարի յետոյ ալ պէտք է բնակեցուած ըլլայ հայերով։

Իմ ընտրած ուղին պիտի ապահովէ այդ հեռանկարը եւ հնարաւորութիւններ պահպանելով հասնի մեր բաղձալի նպատակին։ Արկածախնդիրներուն ուղին պիտի տանի դէպի անխուսափելի պարտութիւն։ Մենք անգամ մը արդէն, «Իսթանպուլը արեան ծով դարձնելով», կորսնցուցած ենք Արեւմտահայաստանը, իսկ ուրիշ անգամ ալ՝ պահանջելով Սեւրի դաշնագրով գծուած տարածքները, կորսնցուցած ենք Արեւելահայաստանին կէսը։

Փոխզիջման էութենէն զատ կարեւոր է նաեւ փոխզիջման պահը։ Ակնյայտ է, որ փոխզիջման պարագային հասանելի առաւելագոյնը ձեռք բերելու հնարաւորութիւն ունի ուժեղ կողմը։ Հայաստանն ու Ղարաբաղը այսօր զօրաւոր են քան երբեւէ, բայց հակամարտութեան չկարգաւորման պարագային մէկ-երկու տարի յետոյ անհամեմատ տկարանալու են։ Ինչ որ այսօր կը մերժենք, ապագային պիտի խնդրենք, բայց պիտի չստանանք, ինչպէս բազմիցս եղած է մեր պատմութեան մէջ։

Պէտք է իրատես ըլլալ եւ հասկնալ, որ միջազգային հանրութիւնը երկար պիտի չհանդուրժէ Լեռնային Ղարաբաղին շուրջ ստեղծուած իրադրութիւնը, քանի որ անիկա կը սպառնայ տարածքաշրջանային համագործակցութեանն ու անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ Արեւմուտքի քարիւղային շահերուն։ Ուշ թէ կանուխ կողմերուն պիտի պարտադրուի կարգաւորման փոխզիջումային ծրագիր մը, որ պիտի ըլլայ ոչ թէ հարցին իրաւական, այլ քաղաքական լուծում, թէեւ աշխարհի ուժեղները ատիկա պիտի հրամցնեն որպէս միջազգային իրաւունքի օրինակելի դրսեւորում։

Ո՛չ Ատրպէյճանը, ո՛չ ալ Ղարաբաղն ու Հայաստանը փոխզիջումէն պիտի կարենան խուսափիլ, ինչպէս չկրցան խուսափիլ պոսնիական եւ արաբա-իսրայէլեան հակամարտութեան կողմերը։ Փոխզիջումը, սակայն, միայն պարտադրանք պէտք չէ դիտել. ընդհակառակը, հակամարտող կողմերը իրենք պէտք է հսկայական ջանքեր գործադրեն անոր շուտափոյթ կայացման համար, որովհետեւ այլընտրանքը, ինչպէս նշուեցաւ, պատերազմն է ու ժողովուրդներուն նորանոր տառապանքները։

Փոխզիջումը ընտրութիւն չէ լաւի ու վատի միջեւ, այլ վատի ու վատթարի միջեւ, այսինքն՝ փոխզիջումը ընդամէնը վատթարէն խուսափելու միջոց մըն է, որմէ հակամարտող կողմերը հարկադրաբար կ՚օգտուին, երբ հասած են վատթարի գիտակցումին եւ ի վիճակի են դրսեւորել քաղաքական կամք ու անհրաժեշտ խիզախութիւն։

Փոխզիջման դիմելու ընթացքին կողմերը սովորաբար կ՚առաջնորդուին քանի մը նկատառումներով, այն է.

- ազատիլ իրենց բնականոն կենսագործունէութիւնն ու զարգացումը արգելակող եւ լուրջ վտանգներով յղի հակամարտութենէն.

- սառեցնել հարցը, յետաձգել զայն՝ ժամանակ շահելու, ուժեր կուտակելու եւ աւելի բարենպաստ հանգամանքներու մէջ, յօգուտ իրենց, լուծելու նպատակով.

- խուսափիլ անկանխատեսելի բարդութիւններէն՝ յոյս փայփայելով, որ յետագային ժողովուրդներուն յարաբերութիւններուն մէջ նոր մտածողութեան արմատաւորման եւ արժէքներու վերագնահատման հետեւանքով հարցը կրնայ կորսնցել իր սրութիւնը եւ սահմանները, օրինակ՝ չունենան այն նշանակութիւնը, որ ունին ներկայիս։

Այդ մտածողութիւնն ու արժէքներու վերագնահատումը այսօր տիրապետող են Եւրոպայի մէջ, վաղը կրնան տիրապետող դառնալ նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, որուն մասնաւոր վկայութիւնն է, թերեւս, արաբա-իսրայէլեան խաղաղութեան գործընթացը։

Փոխզիջումը որոշ չափով պէտք է բաւարարէ հակամարտութեան բոլոր կողմերը, բայց միաժամանակ ամբողջովին չի կրնար գոհացնել ոչ մէկը։ Նախագահ Ալիեւը այդ մէկը ներկայացնելու է որպէս Ատրպէյճանի յաղթանակը, ես փորձելու եմ ներկայացնել որպէս Հայաստանի յաղթանակը։ Ատրպէյճանական ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ, որ Ալիեւ դաւաճանեց ու ծախեց Ղարաբաղը։ Հայաստանի ընդդիմութիւնը կը յայտարարէ, որ ես դաւաճանեցի ու ծախեցի Ղարաբաղը։

Նման պարագաներու պէտք չէ բացառել, անշուշտ, Ռապին-Փերեսի միահոսումի ազդեցութիւնը։ Բայց կարելի չէ անտեսել նաեւ Նեթանիյահուի զուգադիպումը, որ անզիջող դիրքերէն գալով իշխանութեան գլուխ, կարճ ժամանակ անց, թէեւ դժկամութեամբ, ստիպուած եղաւ շարունակել Ռապինի ու Փերեսի սկսած խաղաղութեան գործընթացը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020