ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՄԵԾ ՀՐՃՈՒԱՆՔ
Մեր համայնքին ուշադրութիւնը երէկ՝ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ կեդրոնացած էր Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ վրայ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս աւանդական շուքով Հոգեգալուստը նշուեցաւ Պէյօղլուի մէջ։ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ հիմնարկութեան 208-րդ տարեդարձին առթիւ կազմակերպուած կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ մեծ խանդավառութիւն ապրուեցաւ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագեց Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան, Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Պրազիլիայէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող Գրիգոր Սրկ. Իւթիւճեան, նաեւ ուրարակիրներ ու դպիրներ։ Երգեցողութիւնները ներդաշնակօրէն կատարուեցան Ասողիկ երգչախումբին կողմէ։
Օրուան քարոզին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը անդրադարձաւ Հոգեգալստեան տօնի իմաստին։ Աւելի վերջ ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի գործունէութեան շուրջ, որու շնորհիւ պայծառ վիճակի մէջ կը գտնուին թաղի եկեղեցիներն ու բոլոր մարմինները։ Քարոզիչ Սրբազան Հայրը միեւնոյն ժամանակ նշեց, թէ կատարուած գնահատանքներով հանդերձ թաղային խորհուրդի հասցէին երբեմն նաեւ կը կատարուին քննադատութիւններ։ Այս կապակցութեամբ ան կանգ առաւ Թոքաթլեան խանի առաւել արդիւնաւէտ արժեւորման հարցին վրայ, ինչ որ մշտապէս կը զբաղեցնէ համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։ Սրբազան Հայրը դրուատիքով արտայայտուեցաւ նաեւ Էսաեան վարժարանի ներկայ վիճակին շուրջ ու մաղթեց յարատեւութիւն։
Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարկից «Նարեկեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Աշխարհիկ հանդիսութեան եւս նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Աբիկ Հայրապետեան եւ իր ընկերները շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։ Սիրոյ սեղաններուն շուրջ համախմբուած էին համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, Էսաեան լիսէի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթէփէ, հասարակական գործիչներ, մտաւորականներ եւ հիւրեր։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Պէյօղլուի դիւանապետ Վաղարշակ Չիլճեանի, որ հանդէս եկաւ նաեւ ողջոյնի խօսքով մը։ Թաղային խորհուրդի գործունէութեան վերաբերեալ տեղեկագիրը ընթերցեց Սարգիս Տէմիրճեան եւ ընդհանուր հաշուակալ Աւետիս Քէպապճեան փոխանցեց ելմտական վիճակին շուրջ տեղեկութիւններ։
Սէրճան Կազէրօղլու եւ Սերժ Մսըր գործադրեցին երաժշտական յայտագիր։ Արտասանեց Հարի Վերնիշեան եւ արտայայտուեցաւ Ժան Քրիս Տօնապետեան։
Ներկաներուն հետ իրենց սրտի խօսքը բաժնեցին նաեւ Տոց. Վարդ Շիկահեր եւ Երեւանէն արեւելագէտ Յասմիկ Ստեփանեան։
Սիրոյ սեղանը աւարտին հասաւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հուսկ բանքով։ Իր խօսքին մէջ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ եկեղեցին պէտք ունի մարդուժի, հետեւաբար պէտք է ապահովել երիտասարդութեան մասնակցութիւնը անոր կեանքին։ Ան այս հանգրուանին եւս անդրադարձաւ Թոքաթլեան խանի նիւթին ու մաղթեց, թէ անոր արդիւնաւէտութեան մակարդակը բարձրացուի եւ յաջորդ տարուան Հոգեգալստեան սեղանին ժամանակ այդպիսի ձեռքբերումով մը բազմապատկուի խանդավառութիւնը։
Փակման աղօթքէն վերջ ներկաները հրաժեշտ առին՝ յաջողութիւն եւ կարողութիւն մղաթելով Պէյօղլուի ընտանիքի պատասխանատուներուն։