ՏԵՐԵՒԱԹԱՓ

Աշուն է հիմա։
Ծառերը ահա ձմրան բարկ բուքին ահէն սրտդողած
Անորոշութեամբ յղի օրերու ելեւէջներուն անձայն յանձնուած
Երազներ են վառ
Բայց աւաղ բեկուած․․․

Ճիւղերը մերկ են…
Պատսպարուելու կոչէն զրկուած
Կը նային զիրար ապշահար դողով
Երջանկութեան մը քաղցր յուշերով,
Եւ վեր կը նային երկնքին լազուրթ
Գալիք օրերու ջերմի երազով:

Արեւը խռով լուռ կը հեռանայ
Իր ետին թողած անորոշ ջերմը․․․
Ծառերն մինակ են այս մեծ խաղին մէջ,
Օրերու դաժան հեւքին յանձնուած։

Տարօրինակ է խաղն այս ամեհի․․․

Սառած պահերու ալեկոծման մէջ,
Տերեւ մը յամառ դալուկ ու չորցած,
Է՜ն բարձր ճիւղին վրայ միս մինակ
Դեռ կը յամենայ։

Կեանքի՛ն է կառչած
Եւ իր անցեալի՛ն
Եւ իր յուշերո՛ւն։

Ամայութեան մէջ համայնատարած
Երգ մը կը հիւսէ ապագան գրկած․․․

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Նոյեմբեր 25, 2020

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020