ԵՐԵՔ ՔԵՐԹՈՒԱԾ ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԷՐՈՒԻՇԷՆ

ԵՒ ՄԵՆՔ ԿԸ ՍԻՐԵՆՔ ԿԵԱՆՔԸ...

Կը սիրենք կեանքը, եթէ կրցանք դէպի իրեն ուղի մը գտնել.
Երկու նահատակներու միջեւ կը պարենք,
Ուր մանուշակով կամ արմաւով մինարէներ կը բարձրացնենք:

Կը սիրենք կեանքը, եթէ կրցանք դէպի իրեն ուղի մը գտնել.
Շերամէն թել մը կը գողնանք, որ մեզի երկինք մը կառուցենք
Եւ հիւսենք այս ճամբորդութիւնը:
Կը բանանք պարտէզին դուռը, որպէսզի տարածուի յասմիկը
Ճամբաներուն վրայ գեղեցիկ ցերեկուան տեսքով:
Կը սիրենք կեանքը, եթէ կրցանք դէպի իրեն ուղի մը գտնել:

Մեր կեցավայրերուն մէջ արագ աճող բոյսեր կը ցանենք
Եւ մեր կեցավայրերէն սպաննուածներ կը հնձենք:
Սրինգին մէջ կը փչենք հեռուներո՜ւն գոյնը
Եւ անցքերուն հողին վրայ կը նկարենք վրնջի՜ւնը:
Մեր անունները կը գրենք որպէս քար:
Ո՛վ փայլակ, յստակացո՛ւր գիշերը, յստակացո՛ւր քիչ մը:

Կը սիրենք կեանքը, եթէ կրցանք դէպի իրեն ուղի մը գտնել:

ՄԵՐ ԵՐԿՐԻՆ

Մեր երկրին,
Որ Աստուծոյ խօսքին մօտն է,
Ամպամած առաստաղ մը:
Մեր երկրին,
Որ հեռու է անունին ածականներէն,
Բացակայութեան քարտէս մը:
Մեր երկրին,
Որ փոքր է շուշմայի հատիկին պէս,
Երկնային հորիզոն մը... եւ ծպտեալ բացատ մը:
Մեր երկրին,
Որ թռչունի թեւերուն պէս աղքատ է,
Սուրբ գիրքեր... եւ վէրք մը ինքնութեան վրայ:
Մեր երկրին,
Որ ծալլուած, պատառոտած բլուրներ ունի,
Անցեալի նոր որոգայթներ:
Մեր երկրին գերեվարուած՝
Մահուան ազատութեան կարօտ եւ կիզում:

Եւ մեր երկիրը իր արիւնոտ գիշերուան մէջ
Թանկագին քար մ՚է հեռունե՜րը ճառագայթող,
Արտաքինը լուսաւորող,
Իսկ մենք, անոր ներսը,
Յարատեւ խեղդուողներ:

ՉԵՆ ՀԱՐՑՆԵՐ. «ՄԱՀԷՆ ԱՆԴԻՆ Ի՞ՆՉ ԿԱՅ»

Չեն հարցներ. «Մահէն անդին ի՞նչ կայ».
Անոնք դրախտի քարտէսը կը սորվէին
Երկրի գիրքէն աւելի:
Իրենց կը մտահոգէ այլ հարց մը.
«Այս մահէն առաջ ի՞նչ պիտի ընենք»,
Կեանքին մօտ կ՚ապրինք եւ չենք ապրիր,
Կարծես մեր կեանքը անապատէն բաժին մըն է
Կալուածներու աստուածներուն տարակարծութեան մատնուած,
Իսկ մենք փոշին փոշոտողներուն դրացիներն ենք:

Մեր կեանքը ստեղծագործին գիշերուան բեռն է.
«Որքան որ պահեմ զիրենք, բացակայութենէն կը յայտնուին ինծի»:
Մեր կեանքը նկարիչին բեռն է.
«Կը գծեմ զիրենք, կ՚ըլլամ անոնցմէ մին եւ մշուշը կը մթագնէ զիս»:
Մեր կեանքը հրամանատարին բեռն է.
«Ինչպէ՞ս արիւն կը յորդի ուրուականէ մը»:

Մեր կեանքն է՝ ըլլալ ինչ որ կ՚ուզենք:
Կ՚ուզենք քիչ մը ապրիլ,
Բանի մը համար չէ...
Այլ որպէսզի յարգենք յարութիւնը այս մահէն ետք:
Ընդօրինակեցէք ակամաօրէն փիլիսոփային խօսքը.
«Մահը մեզի համար բան մը չի նշանակեր:
Կ՚լլանք եւ ան չ՚ըլլար:
Մահը մեզի համար բան մը չի նշանակեր:
Ան կ՚ըլլայ եւ մենք չենք ըլլար»:

Եւ իրենց երազները այլ ձեւով կազմակերպեցին՝
Կեցած քնացան:

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2020