ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑԱԿԱՐԳԸ՝ ԵՆԹԱԿԱՅ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ, ԿԱՄ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԵԿԱՄՈՒՏԻ ՓՈՔՐԻԿ ԱԿՈՒՆՔ ՄԸ ԲԱՆԱԼ ՀԱՅ ԳՐՈՂԻՆ ՀԱՄԱՐ
Շատ որոշ է, որ համաշխարհային ներկայ լաբիւրինթոսին ու մանաւանդ արցախեան պատերազմի հոգեբանական ազդեցութեան տակ ոչ ոք տրամադրութիւն ունի մեր գրական «դարաւոր» խնդիրներով զբաղելու: Բոլորիս հոգիները հիմնայատակ փլուզումի մէջ են:
Սակայն, ըստ իս, կարելի չէ երկար մնալ այս հոգեմտաւոր անստոյգ վիճակին մէջ: Պէտք է օր առաջ վերագտնենք մենք մեզ ու վերադառնանք ոչ թէ մեր բնականոն կեանքին,- այսուհետեւ բնականոն ու հանգիստ կեանք չկայ մեզի համար,- այլ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ, իւրաքանչիւր ոք՝ ի՛ր ոլորտին մէջ:
Եւ քանի որ իմ ոլորտս գրականութիւնն է, հետեւաբար կը նախընտրեմ իմ անձնական տեսակէտներս պարզել միմիայն գրական նիւթերու շուրջ ու չմտնել օտար «այգիներ»:
ՔԻՉ ՄԸ ՄԵՐ ԱՐՏԱՍՈՒԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
- Հայ գրողին գիրքերը չեն վաճառուիր:
- Եթէ հայ գրողը ուրիշ պաշտօններ չունենայ, անօթի կը մեռնի:
- Հայ գրողը պէտք է մի՛միայն կոչումի համար գրէ:
- Հայ գրողը...
Այս հեծեծագին արտայայտութիւնները այլեւս ժանգ կապած են իրենց վրայ: Այնքա՜ն գործածուած ու այնքա՜ն կրկնուած են, որ ա՛լ պժգալի ու միաժամանակ ծիծաղելի դարձած են մեզի համար: Վերոյիշեալները ոչ թէ հիմա, այլ 19-րդ դարէն արդէն գոյութիւն ունէին: Ուրեմն մօտ հարիւր յիսուն տարի անցած է, բայց անոնք տակաւին կը շարունակեն զուգել-զարդարել ու քիչ մըն ալ համեմել մեր թերթերն ու հանդէսները, եւ զարմանալին այն է, որ փաստօրէն ոչ ոք կը խորհի իր տաքուկ տեղէն ելլել ու առաջին քայլը առնել՝ զանոնք մեր սգոյ մատեանէն ի սպառ դուրս վտարելու ու մեր հին-նոր վէրքին վրայ աղ ցանելու փոխարէն զայն սպիացնելու համար:
Իրապէս չէ՞ք ուզեր, որ հայ հեղինակին գիրքերը վաճառուին,- լա՞ւ, թէ՞ վատ, ընտի՞ր, թէ՞ խոտան, թափթփո՞ւկ, թէ՞ գլուխ գործոց՝ առայժմ այնքան ալ էական նշանակութիւն չունի կարծեմ,- ու փոքրիկ, թէկուզ աննշան եկամուտ մը բերեն իրեն անոնք, հոգ չէ թէ ան դարձեալ ստիպուած ըլլայ այլ պաշտօններ ալ զբաղեցնելու: Հերիք չէ՞,- ըսէ՛ք,- որ այսքան ատենէ նոյն ապուրը տաքցուցինք-կերանք: Հերիք չէ՞, շատ չգեղգեղեցի՞նք ոչինչ ըսող մեր ծանօթ երգերը: Պէտք չէ՞ արդեօք զանոնք փոխարինենք նորերով՝ աւելի յուսադրիչ ու սիրտ բացող, որպէսզի նոր տաղանդներ ծլարձակեն ոչ թէ խոպանի, այլ մարգադաշտի վրայ:
Ի՞նչ ըսել կ՚ուզեմ:
Մենք, յիրաւի, Թէքէեաններ, Սիամանթօներ, Վարուժաններ, Չարենցներ, Շիրազներ, Կապուտիկեաններ ու Սեւակներ ծնած ժողովուրդ ենք: Ներկայի՛ս ալ ունինք լաւ անուններ թէ՛ սփիւռքի ու թէ՛ Հայաստանի մէջ: Սակայն մեզի բուն պակսողը այն գրական շարժումն է, ուր պիտի կազմաւորուին ու լիանան նորայայտ տաղանդները, կամաց-կամաց, ժամանակի թաւալումին հետ:
Եւ քանի որ մենք 19-րդ կամ 20-րդ դար չենք ապրիր հիմա, երբ գրականութիւնը, այո՛, նոյնինքն գրականութիւնը աւելի «դիւրահասանելի» էր գրողին,- այլ խօսքով՝ աւելի դիւրին էր զբաղիլ անով,- ու ո՛չ այսօրուան պէս «պարիսպներու» ետին թաքնուած, հետեւաբար նախ եւ առաջ անհրաժեշտ է եթէ ո՛չ ամբողջապէս, ապա գէթ որոշ չափով թեթեւցնել գրողին նիւթական մտահոգութիւնները:
Արգիլուած չէ սկսիլ հետեւեալներով.
ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐՈՒ ՄՈՒՏՔԸ՝ ՈՉ-ԱԶԱՏ
Երբեւէ հրաւիրատոմս ստացա՞ծ էք ներկայ գտնուելու սա կամ նա նուագահանդէսին,- ո՛չ: Երբեւէ տեսա՞ծ էք, որ տեղի ունենալիք թատերական ներկայացումի մը ծանուցումին մէջ գրուած ըլլայ՝ «Մուտքը՝ ազատ»,- ո՛չ:
Ի հարկէ, ո՛չ ստացած պիտի ըլլաք ու ո՛չ ալ տեսած: Ու կարիք չկայ հարցնելու՝ ինչո՞ւ. որովհետեւ եթէ բոլոր երաժշտասէրները երթան ու ձրիաբար ունկնդրեն իրենց նախասիրած երգիչը, ապա վերջինս ինչպէ՞ս պիտի ճարէ իր օրուան հացը եւ տուն-ընտանիք պիտի պահէ, հապա սրահին կամ ճաշարանին սեփականատէ՞րը, իսկ նուագախո՞ւմբը, ասոնք ի՞նչ պիտի ընեն: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ թատերական ներկայացումներուն. բեմադրիչ մը, որ ամբողջ տարի մը քրտնաջան աշխատած, իւրաքանչիւր դերակատարի իր դերը սորվեցուցած, կարճ՝ հազարումէկ զոհողութիւններէ ետք գէշ-աղէկ ներկայացում մը բեմ հանած է, դեռ,- օ՜հ, ի սէր Քրիստոսի,- հրաւիրատո՞մս պիտի ղրկէ այսինչին ու այնինչին:
Հոս շատ տեղին հարցում մը. նուագահանդէսներն ու թատերական ներկայացումները աւելի՞ բարձր մակարդակի ձեռնարկներ են, քան մեր շնորհանդէսները, որոնց մուտքը մի՛շտ ազատ կ՚ըլլայ: Կը ներէ՛ք, ուրիշ ձեւով կարելի չէ բացատրել այս երեւոյթը: Ընդհանրապէս մեզի համար ո՛չ այնքան կարեւոր առարկան է, որ,- խօսքը մեր միջեւ,- կ՚ելլենք ու կը նուիրենք մեր ծանօթին կամ բարեկամին՝ առանց որեւէ բան պահանջելու անոր դիմաց, այլ ոչ-առաջնահերթ բան մը:
-Է՜հ, սիրելի՛ս, ուրիշ ձեւով մարդ չի հաւաքուիր, ի՜նչ ընենք:
-Թող ընդամէնը ներկայութիւն ըլլայ, որպէսզի պատերուն հետ չխօսինք:
-Մարդիկ հազիւ կ՚ուտեն-կը խմեն, ինչպէ՞ս դրամ տան ասանկ բաներու:
-Կարեւորը՝ հայ գիր ու գրականութիւնը ապրին, ուրիշ բան չենք ուզեր:
Նախ կարեւոր ճշդում մը. հոն սովորական, այսինքն՝ գիր ու գրականութեան հետ կապ չունեցող մարդիկ չե՛ն, որ պիտի երթան, այլ գ-ր-ա-ս-է-ր-ն-ե՛-ր, թէկուզ թիւով սակաւ, այնպէս չէ՞: Որովհետեւ,- վստահ եմ՝ դուք ալ համամիտ կը գտնուիք,- անհաւանական է, որ, օրինակի համար, շաբաթ իրիկուն, երբ ամբողջ ընտանիքը միասին նստած է պատկերասփիւռին առջեւ ու լաւ-հաճելի ժամանակ կ՚անցընէ, յանկարծ անոր անդամներէն մէկնումէկը ելլէ ու ըսէ.
-Մէկ ժամ ետք բանաստեղծ Տէր Ղուկասեանի նոր գիրքին շնորհանդէսը տեղի պիտի ունենայ. եկէ՛ք, երթանք, ձրի է:
Նման դէպք չէ պատահած տակաւին մինչեւ այսօր:
Յետոյ, հոս ըմբռնումի սխալ մըն ալ կայ. գիր ու գրականութեան սպասաւորները չեն, որ, այսպէս ըսած, զոհողութի՜ւն պիտի կատարեն գրասէրներուն համար՝ «ամա՜ն, կարեւորը՝ թող գան», այլ ճի՛շդ հակառակը:
Սակայն «ամէն ինչ վարժութեան հարց է»: Եթէ մայր մը իր նորածին երեխան միշտ իր գիրկը առնէ ամէն առիթի, տեղի-անտեղի, արդեօք ան այնուհետեւ կ՚ընդունի՞ «լքուածի պէս» նստիլ այդ մանկաթոռին մէջ, չի՞ սկսիր ճչալ ու լալ: Եթէ ձեր նոր ընկերոջ շարունակ օգնէք ու լաւութիւն ընէք, ան այլեւս միշտ նոյնը չ՚ա՞կնկալեր ձեզմէ: Իսկ եթէ «մարդիկ հազիւ կ՚ուտեն-կը խմեն, ինչպէ՞ս դրամ տան ասանկ բաներու» մտայնութեամբ պիտի շարժինք, ապա ըսեմ, որ ի՜նչ ըլլալու է շնորհանդէսի մը մուտքագինը, եթէ ոչ չնչին բան մը, որ,- վստահ եղէ՛ք,- ո՛չ մէկ ձեւով կրնայ ազդել մարդոց նիւթական վիճակին վրայ:
Հետեւաբար ո՞ւր է սխալը կամ ամօթը, որ շնորհանդէս մըն ալ, ինչպէս նուագահանդէս մը, պարահանդէս մը կամ թատերական ներկայացում մը, ունենայ ՄՈՒՏՔԱԳԻ՛Ն, եւ մարդիկ, իմա՝ գրասէրներ, բարեհաճին նախ զայն վճարել, ապա մտնեն սրահ ու աթոռ մը գրաւեն:
Արդեօք վա՞տ կ՚ըլլայ:
Միմիայն այդ օրը կը հաւաքուի կոկիկ գումար մը,- մէկու մը գրեթէ կէս ամսականը,- որուն մէկ մասը կը տրուի հեղինակին, միւսը՝ բանախօսին, իսկ մնացեալն ալ՝ կազմակերպիչ յանձնախումբին:
ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍՆԵՐԸ ԹՈՂ ԱՌԻԹ ԸԼԼԱՆ ԳԻՐՔ ԳՆԵԼՈՒ ԵՒ ՈՉ ԹԷ ԶԱՅՆ ՈՐՊԷՍ ՆՈՒԷՐ ՍՏԱՆԱԼՈՒ
Հայ գրողը, որ ճակատագրի բերումով է՛ նաեւ ուսուցիչ կամ խմբագիր կամ հանրային գործիչ եւ այլն, պարտի իր նեղ ու խճողուած ժամանակացոյցին մէջ սանկ-նանկ փոքր բացատ մը գտնել, իսկ չյաջողելու պարագային ալ իր հանգիստն ու առողջութիւնը զոհել, մէկ խօսքով՝ հսկայական-գերմարդկային ուժ գործադրել, եթէ յանկարծ որոշէ գիրք գրել օր մը:
Գիրք մը գրելը միջին հաշուով կը տեւէ երկու-երեք տարի, եթէ գրողը լուր օր թէ տօն օր անցնի գրասեղանին առջեւ ու լռիկ-մնջիկ աշխատի անոր վրայ նուազագոյնը հինգ ժամ: Ի դէպ, գաղտնիք չէ, որ օտար գրողին համար ամէնօրեայ ծիսակատարութիւն է այս, որովհետեւ ան,- անշո՛ւշտ բարեբախտութիւն մը,- լոկ ու մինակ գրող է, չունի այլ պարտաւորութիւններ, հացի խնդիր եւ այլն: Սակայն հայ գրողը, որ, ինչպէս ըսինք, բազմապաշտօն է, ճարահատեալ պէտք է երթայ տուն, ճաշէ, ապա անկոտրում երկաթի պէս խոնջ թէ առողջ վերցնէ թուղթն ու գրիչը ու սկսի գրե՜լ, գրե՜լ, գրե՜լ:
Պէտք կա՞յ յիշեցնելու, որ հայ գրողն ալ մարդ է. անտարակոյս պիտի գան օրեր, երբ ան տրամադրութիւն իսկ պիտի չունենայ խօսելու-մտածելու-արտայայտուելու, ինչ որ արտառոց երեւոյթ մը չէ: Արդէն կարելի չէ ամէն օր անընդմէջ ստեղծագործել ու արտադրել մեքենական կարգապահութեամբ: Ահա թէ ինչու գիրք մը առօք-փառօք աւարտելը պիտի տեւէ ո՛չ աւելի ու ո՛չ պակաս, քան չորս-հինգ տարի:
Սա չարեաց փոքրագոյնն է, ինչպէս կ՚ըսեն: «Ֆիլմը» ասկից կը սկսի:
Ու խե՜ղճ հայ գրողը, ինչպէս սովոր ենք միշտ տնքտնքալու, ճամբայ պիտի իյնայ մեկենաս գտնելու: Եւ այնպէս մը չէ, որ իւրաքանչիւր քայլափոխի կարելի է հատ մը ճարել: Ու այսպէս կը սահի-կ՚երթայ եւս մի քանի տարի, մինչեւ որ մէկը հաճի դուրս գալ իր թաքստոցէն ու պահանջուած գումարը յատկացնել, որպէսզի գիրքն ալ, իր կարգին, լոյս աշխարհ գայ գոնէ՛ 500 օրինակով. զգայացո՜ւնց թիւ մը:
Ու կը հասնի շնորհանդէսի, չըսելու համար՝ նուիրաբաշխումի օրը:
Խնդրոյ առարկան անոր վերջին բաժինն է, ուր հեղինակը՝ օրուան հերոսը, մէկ-մէկ կը մակագրէ գիրքերը ու կը նուիրէ ընթերցողներուն, որոնք մեծ երախտիք մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ զանոնք կ՚ընդունին, ապա թեթեւակի կը ժպտին անոր. ի՜նչ ցաւագին պահ մը: Մէյ մը պատկերացուցէ՛ք, որ օտար գրողը նման կացութեան մէջ յայտնուէր: Հաւանաբար սրտի կաթուած կ՚ունենար:
Իրողութիւնը այն է, որ մենք՝ հայերս, թունդ պահպանողականներ ենք: Չենք ընդունիր ձերբազատիլ մեր անպիտոյ ու յոռի սովորութիւններէն, այլ սոսինձի պէս ամուր կպա՛ծ ալ կը մնանք անոնց, նոյնիսկ եթէ անոնք վնաս հասցնեն մեզի:
Ա՛րդ, երբ նոյնինքն հայ ընթերցողը կը նախընտրէ ՉԳՆԵԼ, այլ ՆՈՒԷՐ ՍՏԱՆԱԼ գիրք մը, մեր ո՞ր «իրաւասութեան» յենելով կը մեղադրենք, կը քարկոծենք ու կը պարսաւենք պարզ ու հասարակ հայը, գիր ու գրականութեան հետ ոչ մէկ կապ ունեցող հայը, կեանքին մէջ օր մը օրանց գիրք չբռնած ու չկարդացած հայը՝ «ինչո՞ւ գիրք չես կարդար», «ինչո՞ւ գիրք չես գներ» եւ այլն, եւ այլն: Արդէն ակնկալելի չէ, որ ամէն մարդ գիրք սիրող ու կարդացող ըլլայ: Սա միայն մեզի յատուկ պարագայ մը չէ, այլ ամբողջ աշխարհին մէջ այսպէս է:
Եզրակացութիւն՝ այսուհետեւ ամէն անգամ որ մեր ընթերցողները որոշեն ներկայ գտնուիլ շնորհանդէսի մը, թող ի մտի ունենան, որ իրենք կոչուած են հայ դպրութիւնը ապրեցնելու, անոր շունչ ու հոգի տալու եւ ոչ թէ զայն դէպի անդունդ քշելու: Ուստի գէշ չ՚ըլլար, որ անոնք օգտուին առիթէն ու փոքրիկ ներդրում մը կատարեն՝ յանուն հայ գրականութեան փայլուն ապագային՝ վճարելով իրենց ստանալիք գիրքին արժէքը, որպէսզի հայ հեղինակը ա՛լ միայն կոչումի համար չգրէ:
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ