ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի սկիզբին առթիւ պատգամ մը փոխանցեց իր աշխարհացրիւ հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետի Ամանորի պատգամը։

*

Սիրելի զաւակներ Մեր ի Հայաստան, յԱրցախ եւ ի սփիւռս,

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրական սիրոյ Մեր ողջոյնը, աղօթքն ու օրհնութիւնը կը բերենք ձեզի տարեմուտի այս երեկոյեան։

Հնի եւ նորի սահմանագծին, երբ մեր հայեացքը կ՚ուղղուի դէպի ապագայ, ծանր հոգիով նաեւ կը վերյիշենք չարաղէտ 2020 թուականը եւ կը սգանք մեր հազարաւոր զաւակներու եւ Արցախ աշխարհի զգալի մասի կորուստը։ Անցնող տարիին համավարակի եւ պատերազմի արհաւիրքները կորստեան ցաւ ու մահուան վիշտ տարածեցին հայրենական մեր կեանքին մէջ։ Մեր հոգիները ալեկոծեցին նաեւ Սուրիոյ մէջ չընդհատուող պատերազմի ծանր հետեւանքները եւ աղիտալի դէպքերը Լիբանանի մէջ։ Հայաստան եւ Արցախ մեր երկրի առջեւ ծառացած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մարտահրաւէրները, հայրենիքի սահմաններուն անկայուն խաղաղութիւնը, ապագայի անորոշութիւնը, արդարեւ, տկարացուցած են մեր ժողովուրդի զաւակներու լաւատեսութեան ոգին։ Յուսախաբ ենք, այո՛, բայց Աստուծոյ ապաւինած՝ լի ենք հաւատով, թէ պիտի յաղթահարենք դժուարին այս ճգնաժամը։

«Դուն չես լքեր անոնք, որոնք կը փնտռեն Քեզ, Տէր» (Սաղմ. Թ 11)։ Սաղմոսերգուի այս խօսքերը հոգիին մէջ ծրարած՝ մեր ժողովուրդը բոլոր ժամանակներուն իր յուսավառ հայեացքը ուղղած է դէպի գալիքը։ Հայոց անկախ պետականութեան նուիրական տեսիլքն ու անհատնում ձգտումը իր սրտին մէջ ազգս հայոց զօրութիւնը ունեցած է յառնելու ամենածանր փորձութիւններէն, նոյնիսկ հայրենազրկումի եւ ցեղասպանութեան արհաւիրքներէն եւ այսօր ալ, կը հաւատանք, ունի ներուժը վերակազմակերպելու իր կեանքը, զօրացնելու հայրենի պետութիւնը։ Հայրենաշինութեան սրբազան առաքելութիւնը յաջողութեամբ պիտի պսակուի միայն մեր ժողովուրդի կարող ու առողջ բոլոր ուժերու համերաշխ մասնակցութեամբ եւ միաբան ոգիով։ «Միաբանութիւնը,- ինչպէս կը գրէ Մեծն Եղիշէ Վարդապետը,- բարի գործերու մայրն է, անմիաբանութիւնը՝ չար գործերու ծնողը»։

Սիրելիներ, Հայրապետիս յորդորն ու պատգամն է՝ ստեղծուած լրջագոյն իրադրութեան առջեւ զօրանալ հաւատով եւ ամրապնդել վճռականութիւնը, որպէսզի ամենայն յանձնառութեամբ կառուցենք եւ սերունդներուն աւանդենք հզօր, բարօր եւ անվտանգ հայրենիք։ Աստուծոյ Խօսքին ու քրիստոնէական արժէքներուն հաւատարիմ, հոգ տանինք իրարու եւ ջերմագին սիրով առ բազմաչարչար մեր հայրենիք, միշտ ջանքերն ու ուժերը մէկտեղենք ի նպաստ ազգային ու հայրենական մեր կեանքի նորոգութեան ու պայծառութեան։ Մեր հայրենիքը հզօրացնելու, մեր պետականութիւնը վտանգներէ զերծ պահելու, մեր սահմանները խաղաղ ու ապահով դարձնելու եւ համայն մեր ժողովուրդի կեանքը շէնացնելու պատասխանատուութիւնը ամէնքինս է։ Այս գիտակցութեամբ հայրենիքի նոր օրը խարսխենք եղբայրսիրութեան, արդարութեան եւ օրինայարգութեան վրայ։

Նոր տարուայ սեմին միասնաբար հայցենք, որ Տիրոջ Սուրբ Ծննդեան շնորհները «յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» աւետիսով տարածուին մեր հայրենի եզերքներուն։ Աղօթենք մեր նահատակներուն համար ու երախտագէտ սրտով յիշենք զանոնք, շուտափոյթ վերադարձ մաղթենք գերեվարուածներուն, ապաքինութիւն՝ վիրաւոր մեր զաւակներուն եւ խնդրենք Աստուծոյ զօրակցութիւնը եւ օրհնութիւնը անոնց, մեր հերոսներու ընտանիքներուն եւ համայն մեր ժողովուրդին։ Աղօթենք հայրենեաց պաշտպանութեան դիրքերուն գտնուող մեր բանակի քաջարի զօրականներու եւ բոլոր անոնց համար, որոնք տարեմուտը կը դիմաւորեն ծառայութեան մէջ։ Աղօթքով յիշենք նաեւ համավարակէ մահացած մեր ժողովուրդի զաւակները։

Ամենագութն Աստուած, բարերար Քու կամքով եւ ամենառատ ողորմութեամբ թող 2021 թուականը ըլլայ խաղաղութեան, ազգաշէն ու հայրենանպաստ իրագործումներու տարի եւ մխիթարութիւն բերէ մեր սրտերուն, զօրութիւն եւ յաղթութիւն՝ հայոց կեանքին։

Աստուած պահապան մեր հայրենիքին եւ ժողովուրդին։

Բարի, օրհնեալ տարի։

Ուրբաթ, Յունուար 1, 2021