«ԱՋԱԿՑԻՆՔ ԱՐՑԱԽԻՆ»

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ հաստատուած, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ ձեռնարկուած «Աջակցինք Արցախին» ծրագրի շրջանակներէն ներս աշխատանքները կը շարունակուին։ Այս նախագծի համակարգող յանձնախումբը, որ կը գործէ ատենապետութեամբ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի, այս շրջանին արդէն ձեռնամուխ եղած է շարք մը մարդասիրական ձեռնարկներու իրականացման։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակին միջոցաւ Արարատեան Հայրապետական թեմի Արարատի հոգեւոր տեսչութենէն ներս, Շիրակի, Գուգարքի եւ Արմաւիրի թեմերէն ներս պարէնային, սնունդի եւ հիժենիք պարագաներու աջակցութիւն ցուցաբերուած է Արցախէն տեղահանուած 205 ընտանիքի համար։ Սոյն աջակցութիւնները կը տրամադրուին ներկայ տարուայ առաջին չորս ամիսներուն եւ կ՚ընդգրկեն նաեւ Հայաստանէ ներս ապաստան գտած տեղահանեալ ընտանիքներու վարձքերու վճարումները։

Տարեմուտի տօներու շրջանին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ թեմերու կողմէ իրականացուեցաւ 250 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ այլ մասնաւոր ծրագիր մը, որու շրջանակներէն ներս Հայաստանի թեմերուն եւ Արցախի թեմին մէջ հոգեւոր հովիւներու կողմէ նուէրներ բաշխուեցան տեղահանեալ ընտանիքներու, ինչպէս նաեւ զոհուած կամ վիրաւոր զինուորականներու, կորսուած կամ գերեվարուած անձերու ընտանիքներու 18 հազար երեխաներուն համար։

Այս ծրագրին օժանդակելու նպատակով Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ զանազան թեմերէն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հասած են շարք մը նուիրատուութիւններ։ Այս նուիրահաւաքման արշաւին մասնակցութիւն բերած են Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Արեւելեան թեմերը, Գանատայի հայոց թեմը, Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմը եւ Գերմանիոյ հայոց թեմը։  

Շաբաթ, Յունուար 16, 2021