ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սպիտակ Ռուսիոյ նորանշանակ դեսպան Ալեքսանտր Քոմիուքը։ Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին յղեց բարեմաղթութիւններ եւ ընդգծեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ դեսպանատան միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ յարաբերութիւններ եւ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն։ Նորին Սրբութիւնը դիտել տուաւ, որ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան կը նպաստեն նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին ու Սպիտակ Ռուսիոյ Ուղղափառ եկեղեցիները։ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Սպիտակ Ռուսիոյ հայ համայնքին ու անոր հոգեւոր կարիքներուն նկատմամբ ցուցաբերուած ուշադրութեան՝ մասնաւորապէս Մինսքի մէջ հայկական եկեղեցիի մը կառուցման նպատակով հողատարածքի յատկացման գործընթացին։

Իր հերթին, Ալեքսանտր Քոմիուք հաստատեց, որ երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունին ամուր եւ եղբայրական կապեր, որոնք ա՛լ աւելի պիտի զօրանան ու պիտի զարգանան։

Զրուցակիցները կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի եւ Սպիտակ Ռուսիոյ առջեւ ծառացած առկայ մարտահրաւէրներուն շուրջ։

Ուրբաթ, Յունուար 22, 2021